«Բագին»-ը Այսօր

2003 թուականին Պօղոս Սնապեան իր առողջական վիճակին պատճառով դադրեցաւ իր պաշտօնէն: 2003-2015 թուականին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեանը: 2015-ի աւարտին, խմբագիր Յակոբ Պալեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, 1 յունուար 2016-ին Կեդրոնական վարչութիւնը «Բագին»-ի խմբագիր նշանակեց Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը, իսկ փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեանը (2016-2018): Խմբագրին եւ փոխխմբագրին կողքին կազմուեցաւ նաեւ խմբագրական խորհուրդ մը, որ կը գործէ հետեւեալ կազմով. Քրիստիան Բատիկեան (Ֆրանսա), Մարուշ Երամեան (Եգիպտոս), Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատա), Յակոբ Կիւլլիւճեան (Արեւմտեան ԱՄՆ), Աւետիս Հաճեան (Արժանթին), Շաղիկ Մկրտիչեան (Լիբանան), Վարդան Մատթէոսեան (Արեւելեան ԱՄՆ), Արքմենիկ Նիկողոսեան (Հայաստան), Արամ Պաչեան (Հայաստան), Սեւան Տէյիրմենճեան (Թուրքիա), Միրնա Տուզճեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) եւ Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան):

Նորանշանակ խմբագրին, փոխխմբագրին եւ խմբագրական խորհուրդին հիմնական նպատակը եղաւ շարունակել նախորդ խմբագիրներուն սկսած աշխատանքը, բայց նաեւ` «Բագին»-ին բերել նոր շունչ եւ զայն վերածել ապրող գրական միջավայրի մը, որ`

ա.- Կը հաստատէ արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքահայ գրականութեան «կենդանութիւն»-ը եւ հետամուտ կ՛ըլլայ մանաւանդ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող նոր անուններու փնտռտուքին, որոնք կը վկայեն իրենց ժամանակն ու սփիւռքեան այսօրուան հարուստ ինքնութիւնը:

բ.- Կ՛արժեւորէ երէց սերունդի գրական գործունէութիւնը, կը մեծարէ արդէն իսկ հայ գրականութեան մէջ իրենց տեղը հաստատած գրողները եւ կամուրջ մը կը հանդիսանայ անոնց եւ սկսնակ գրողներու միջեւ:

գ.- Կը գնահատէ եւ տեղ կու տայ թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ արեւելահայերէնով քննադատական մտքին:

դ.- Լոյսին կը բերէ գրականութեան թանգարաններու կամ անձնական հաւաքածոներու մէջ պահուած հայ գրականութեան գոհարներ կամ արխիւային նիւթեր:

ե.- Կը ծանօթացնէ սփիւռքահայ եւ հայրենի արուեստագէտներու գործերը եւ արուեստի ժամանակակից ուղղութիւնները:

զ.- Կ՛անդրադառնայ նոր գիրքերու հրատարակութեան:

Ներկայ խմբագիրն ու խմբագրական կազմը «Բագին»-ի այս նպատակները իրագործելու համար, լաւատեսութիւնը իբրեւ կեցուածք որդեգրելով, նետուեցան աշխատանքի, որով ուզեցին վարակել նաեւ «Բագին»-ի շուրջ համախմբուած գրողները: Ինչո՞ւ լաւատեսութեան վրայ այս շեշտը:

Եթէ աչքէ անցընէք հայ մամուլը, պիտի անդրադառնաք, որ համատարած յոռետեսութիւն մը կայ մեր թերթերուն մէջ, յուսահատեցնող մելոտրամա մը` մեր լեզուին եւ գրականութեան վախճանը շեփորահարող: Ոչ միայն այսօր, նաեւ` անցեալին: Առանց ժամանակին մէջ շատ ետեւ երթալու` կ՛արժէ քանի մը դիպուկ օրինակ բերել 1960-1970-1980 թուականներու մամուլին մէջ տեղ գտած արձանագրութիւններէն. Գէորգ Աճեմեան Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին մէջ (1969) հետեւեալը կը գրէ. «Գրականութիւն մը կարելի չէ մշակել, երբ չունինք ժողովուրդը կամ ազգը, որուն պիտի պատկանի այդ գրականութիւնը»: «Մենք վճռականապէս կը մերժենք կարելիութիւնը հայ գեղարուեստական գրականութեան մը գոյութեան եւ անոր ապագային, արտասահմանի մէջ թէ այլուր», գրողը Խոսրով Թիւթիւնճեանն է, «Սփիւռքահայ գրականութեան ճակատագրի մասին», 1973-ին: Աւելի ուշ, Զարեհ Մելքոնեան, 1983-1984 թուականներուն կ՛ըսէ. «Այսօր` իր այլեւս տոկոս չբերող դրամագլուխը ուտելով ապրող գրականութիւն մըն է մերը»: Անշուշտ կարելի է բազմաթիւ օրինակներ բերել: Հակառակ այս եւ նման ըսուածներուն եւ յօդուածներուն` այսօր կը կենանք անժխտելի իրականութեան մը առջեւ: Մի՞թէ այս թուականներուն եւ ատկէ ետք չէ՞, որ մեր գրականութեան մէջ ինքզինք կը հաստատէ Վահէ Օշականը, բանաստեղծներ գիրքեր կը տպեն, ինչպէս` Վեհանուշ Թեքեան, Խոսրով Ասոյեան, Մարուշ Երամեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Կորիւն Շահինեան, Փանոս Ճերանեան, Յակոբ Մանուկեան, Գէորգ Թեմիզճեան, Արա Գազանճեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ ուրիշներ: Վերջին 20 տարուան ընթացքին չէ՞, որ Գրիգոր Պըլտեանը հայ ընթերցողին առջեւ կը բանայ հայ գրականութեան նոր ժամանակաշրջան մը: Մարկ Նշանեան մը կը յայտնուի, որ կ՛ամրացնէ հիմքերը իսկական գրաքննադատութեան, թարգմանութեան եւ գրականութեան վերլուծական արուեստին: Ինչպէ՞ս յուսահատիլ ի տես այս իրագործումներուն: Հետեւաբար պէտք է լաւատես ըլլալ եւ հաւատալ, որ վաղը պիտի գան ուրիշները:

Երկրորդ, պէտք է հաւատալ այսօրուան, այսօրուան ժամանակի ներուժին: Արփիարեան ասկէ 100 տարի առաջ կը գրէ. «Ամէն ժողովուրդի համար անցեալ, ներկայ եւ ապագայ մը կայ: Հայուն համար ներկայ չկայ, ան ատկէ կը խորշի»: Արփիարեանի այս մատնանշումը շատ դիպուկ ախտորոշում մըն է` մեր հաւաքական կեանքի հարցերն եւ թերահաւատութիւնը բացատրող: Նոյնիսկ` ճշմարիտ հաստատում մը, որովհետեւ, դժբախտաբար միշտ անցեալի նժարով կը չափենք այսօրուան իրականութիւնները: Յաճախ կ՛անտեսենք այն փաստը, որ գրականութիւնը կեանքին եւ ա՛յդ կեանքին հետ քալող մտածումին եւ լեզուին արտայայտութիւնն է: Գուցէ այս է պատճառը, որ յաճախ կ՛իյնանք տարօրինակ փորձութեան մը մէջ` ժամանակին մէջ բացուող գրականութիւնը վիրաւոր տեսնելու, եւ «լեզուի թափթփածութեամբ, օտարամոլութեամբ կամ նորարարութեան ախտով» վարակուած կը համարենք նոր սերունդի գրողները, կամ կը բաղդատենք անոնց գործերն ու ըմբռնումները նախորդ դարաշրջանի գրողներուն եւ անոնց գրական մտահոգութիւններուն հետ:
Ուստի, այսօրուան ընթերցողը ի՞նչ կը գտնէ «Բագին»-ի էջերուն մէջ: Նախ եւ առաջ, գրեթէ բոլոր թիւերուն մէջ, ան կը հանդիպի սփիւռքի գրականութեան դիմագիծը գծող գրողներու ժառանգութեան մաս կազմող անտիպ էջերու: Վահէ Օշական, Զաւէն Պիպեռեան, Մ. Իշխան, Զարեհ Որբունի, Սարաֆեան, Զապէլ Եսայեան, նշելու համար մի քանին: Այս բաժնով մենք յաւակնութիւնը չունինք մեր մտաւորական ըլլալը կամ վաւերականութիւնը հաստատելու: Այս բաժնով կ՛ուզենք լոյսին բերել ինչ-ինչ պատճառներով անտիպ մնացած էջեր, որոնք ոչ միայն կը նպաստեն այսօրուան գրական ճաշակի զարգացման, այլ նաեւ ձեւով մը կը խանդավառեն նոր անունները: Նորեկներու ներկայութիւնը, հաստատուած գրողներու կողքին, ոչ միայն քաջալերանք է սկսնակներուն, այլեւ` հաստատագիր այն իրողութեան, որ այս լեզուն եւ գրականութիւնը ունին իրենց անցեալը եւ անոր կողքին` այսօրը, որ անխուսափելիօրէն ապահովութիւնն է վաղուան:

Երկրորդ, «Բագին»-ի այսօրուան խմբագրութիւնը նախանձախնդիր է, որ «Բագին»-ի էջերը բացուին այն գրողներուն առջեւ, որոնք իրենց ստեղծագործական յախուռն կրակով ոչ միայն կենսունակութիւն կը բերեն մեր լեզուին եւ գրականութեան, այլ նաեւ կը վկայեն իրենց ժամանակն ու սփիւռքեան այսօրուան հարուստ ինքնութիւնը, ու ինչպէս Վահէ Օշական կ՛ըսէ` մեր մտքի պաթըրիները չեն լեցներ միամիտ իտէալիզմով: «Բագին»-ը բաց է նաեւ բոլոր գրողներուն առջեւ, որոնք գրականութեան կատարեալ անկախութիւնը կը վկայեն եւ նախահաշիւներու պէտք չունին, որպէսզի ստեղծագործեն եւ շարժումի մէջ դնեն լեզուն:

Երրորդ, գեղարուեստական գրականութենէն անկախ, «Բագին»-ը վայրն է արեւմտահայերէնով մտածող մտքին, չըսելու համար` քննադատական մտքին: Կարդալով մեր գրական մամուլը` երբեմն կ՛անդրադառնամ, որ այնքան շուարած, զարմացած եւ հիացած ենք մեր գոյութեամբ, որ մոռցած ենք մտածելն անգամ: Մինչդեռ բոլորս ալ գիտենք, որ միտքն ու իմացականութիւնն են, որոնք վառ կը պահեն մշակութային կեանք ըսուածը, որովհետեւ քննադատութիւնը` որպէս մտքի եւ իմացականութեան արտայայտութիւն լսելի կը դարձնէ մեզ` մեզի: Մարկ Նշանեանը կ՛ըսէ, որ ուղղակի ռուսոյական երազ մը պիտի ըլլար հաւատալը, թէ առանց քննադատութեան, առանց բանասիրութեան` մշակոյթ մը կրնայ մշակոյթ ըլլալ: Հետեւաբար «Բագին»-ը վայրն է այն գրողներուն, որոնց հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը իրենց ստեղծագործող միտքը անկախ պահելն է, ձեւով մը` ձերբազատած լեզու եւ մշակոյթ պահպանելու մաշեցնող վախէն, ազատագրուած նախորդներուն ժամանակն ու լեզուն եւ այդ ժամանակին ու լեզուին հետ եկող մտահոգութիւնները ու երազները կրկնելու մոլուցքէն: Վերջ ի վերջոյ, Սնապեանն ու Սարաֆեանը չկրկնեցին Յ. Օշականին, ոչ ալ Գ. Պըլտեանը` Մ. Իշխանին:

Չորրորդ, «Բագին» նաեւ հետեւողականօրէն տեղ կու տայ բանասիրական նիւթերու, որոնք արժէք կը ներկայացնեն մեր գրականութեան պատմութիւնը հիւսելու: Ինչպէս, օրինակ, Արամ Անտոնեանի եւ Զապէլ Եսայեանի ցարդ անտիպ մնացած նամակներու շարքը, եւ այլն… իսկ գիրքի ներկայացումները պարզ գրախօսականներ չեն, ոչ ալ ներբողականներ, այլ` ընդարձակ վերլուծական յօդուածներ:

Յաճախ կը պատահի, որ գրականութեամբ հետաքրքրուողներ կը հարցնեն, թէ այսպիսի բովանդակութեամբ թերթ մը ո՞վ ունի իր մտքին մէջ` որպէս հաւանական ընթերցողի: «Բագին»-ի խմբագրութիւնը կը հաւատայ, որ գրողը պէտք է մէկ մտահոգութիւն ունենայ: Ոչ թէ պէտք է գրէ այս կամ այն ընթերցողին համար, այլ պարզապէս պէտք է գրէ, սակայն այնպէս մը գրէ, որ իր գրականութիւնը ընթերցողներու նոր խումբ մը համախմբէ իր շուրջ: Սնապեան ունեցաւ իր ընթերցողները, Օշական` իրը,…

Անշուշտ այս ընթերցողները օդէն չեն ծնիր: Այս առումով, մեծ դեր ունին ուսուցիչները` իրենց վարակիչ դերով մղելու պատանիները դէպի գիր գրականութիւն, ու ապա` դէպի ստեղծագործական դաշտ, ազատագրած զանոնք` լեզուն անբասիր պահելու վախէն: Քանի որ ժողովուրդ մը եթէ կ՛ուզէ ապրիլ, պէտք է ստեղծագործէ: Նորութիւն մը չէ ըսուածը, այս մասին նոյնիսկ գրած են «Մեհեան»-ի տղաքը, դար մը առաջ: Հրաշալի օրինակ մըն է նաեւ Թլկատինցին, որ փաղանգ մը գրողներ ընծայեց միաժամանակ արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութեան` Զարդարեան, Համաստեղ, Թոթովենց ու Նուրիկեան, որովհետեւ չխարազանեց անոնց հայերէնը, մտահոգութիւններով չծանրացուց անոնց հոգին, այլ միայն ու միայն վարակեց զանոնք ստեղծագործական ոգիով:

Իսկ եթէ կը փափաքինք, որ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմի դաժան օրերը շրջանցած սփիւռքեան գրական այս հանդէսը գոյատեւէ եւ շարունակէ մեր լեզուին եւ գոյութեան ստեղծագործ վկան հանդիսանալ, պէտք է բաժանորդագրուիլ կարդալ ու տարածել այս պարբերականը, որպէսզի ան կարենայ նոր անուններ եւ նոր ճամբաներ բանալ մեր գրականութեան անդաստանին մէջ:

(Շար. 2 եւ վերջ)