Երբ ինձմէ խնդրուեցաւ մասնակցիլ Համազգայինի 90-ամեակի առթիւ հրատարակուող յօդուածաշարքին, մասնաւորաբար հրատարակչական աշխատանքներուն մասին, մտածեցի կեդրոնանալ «Հայրենի մտաւորականութեան ֆոնտ»-ի (ՀՄՖ) մեր նախաձեռնութեան վրայ եւ տեղեկագրականէ աւելի` յուշագրական բնոյթ մը տալ այս գրութեանս` հաղորդելու համար աւելի շատ ոգին, որ կը տիրէր այդ ժամանակ ու մթնոլորտը, որուն մէջ գործեցինք:

8 սեպտեմբեր 1994. Երեւան. Աբովեանի վրայ բացուող, կոթողային մուտքով, բայց այդ օրերուն ելեկտրականութենէ զրկուած շէնքի մը հանդիսասրահին մէջ ենք. Ֆիլհարմոնիկի փոքր դահլիճը, ինչպէս գրեր եմ յուշերուս մէջ: Այնտեղ` «Ոստայն 3 է հաղորդութիւն» հատորիս «Ես հիւր չեմ այստեղ» գլուխին տակ  արձանագրեր եմ նաեւ հետեւեալ խօսքը.

«Սա պահուս միտքս կու գայ Օսքար Ուայլտի մէկ պատմուածքը. քանդակագործ մը երկ մը կը յղանայ` «Մի ակնթարթ երջանկութիւն»: Շատ կը փնտռէ ու չի գտներ իրեն անհրաժեշտ պրոնզը` արձանը ձուլելու համար ու ի վերջոյ կ՛որոշէ հալեցնել իր հին գործերէն մէկը, որպէսզի անոր մետաղով նորը կերտէ. իսկ ի՞նչ կը կոչուէր այդ նախկին գործը` «Յաւիտենական դժբախտութիւն»: Հիմա դուք ինծի պարգեւեցիք այդ մի ակնթարթ երջանկութիւնը…»:

Հաւանաբար ճիշդ այս բառերով չէր եւ արեւելահայերէն կ՛արտասանուէր այդ խօսքը, սակայն միտք բանին այդ էր:

Գէորգ Ջահուկեանն էր խօսողը: Ան խօսք կ՛առնէր մրցանակակիր մտաւորականներուն կողմէ:

Յուզումնալից ձեռնարկ մըն էր. մտաւորականութեան հետ հանդիպման երեկոյ, ուր ՀՄՖ-ի անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնն ալ պիտի կատարուէր: Իսկ անուանի լեզուաբանին այդ խօսքը լաւագոյնս կը բանաձեւէր օրուան խորհուրդը` յաւիտենական դժբախտութեան դիմաց` այդ մի ակնթարթ երջանկութիւնը, որ կրնայինք մենք պարգեւել իրեն եւ միւս մտաւորականներուն:

Վստահ եմ` այդ խօսքը յուզեց, ինչպէս մեզ բոլորս, այնպէս ալ առաջին հերթին Համազգայինի շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը` մեր շատ սիրելի բժ. Եղիկ Գոնիալեանը, որուն հետապնդումներով հաստատուեր էր այդ հիմնադրամը, եւ որուն հեռաձայնային հրաւէրին պատասխանելով է, որ 21 ապրիլ 1993-ին կը գրէի ԿՎ-ին, թէ «Գործին կարեւորութեան առջեւ ինծի կը մնար միայն ընդառաջել ձեր առաջարկին»` ստանձնելու այդ աշխատանքը վարելու պաշտօնը: Իրեն նման երազատես մը գտեր էր…

Իսկ ի՞նչ էր առաջադրանքը` այդ «գործ»-ը: Նոյն այդ նամակիս մէջ հետեւեալ ձեւով բնութագրեր էի զայն. «Սոյն գործին նպատակը պիտի ըլլայ նիւթական օգնութիւն հասցնել հայրենի մտաւորականութեան` նպաստելու, որ դիմանան կեանքի դաժան պայմաններուն եւ չհեռանան հայրենիքէն, որովհետեւ մտաւոր ուժի արտահոսքը վաղուան հաշուոյն ներկայ մեծագոյն չարիքը կրնայ հանդիսանալ մեր երկրին համար»:

Այդ երեկոյեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսավարի ու պատգամաբերի պաշտօններն ալ ինծի յանձնուեր էին, եւ երբ բժիշկ երէց ընկերոջս հետ բեմ կը բարձրանանք, երկու խօսքով բացատրելէ ետք մեր նպատակը, աւելի կարեւոր հանգամանք մը տալու համար, իրմէ կը խնդրեմ, որ բեմ հրաւիրէ մրցանակակիրները` երեք տարեց մտաւորականներ` Գէորգ Ջահուկեան, Սարգիս Յարութիւնեան եւ Էդուարդ Շարուրեան, եւ չորրորդին` Արմէն Զարեանի այրին, «որ հայ չէ, բայց յուզումով ու հայերէնով իր շնորհակալութեան խօսքը կ՛ընէ»: Այդ առաջին չորսին ընտրութիւնը կատարուած էր ՀՄՖ-ի յանձնախումբի Հայաստանի մեր անդամներուն կողմէ:

Ապա կը կարդացուի Վիկտոր Համբարձումեանի ողջոյնի նամակը, յետոյ խօսք կ՛առնեն մտաւորականներ եւ «իրենց տագնապանքին մասնակից կ՛ընեն ներկաները», ինչպէս գրեր եմ ատենին: Հուսկ, կարգը կու գայ ինծի:

Նախ կը շեշտեմ փոխադարձ ճանաչման կարեւորութիւնը, «քանզի հակառակ արդէն եռամեայ  [շուտով արդէն երեսունամեայ] անկախութեան, կը կարծեմ, որ սփիւռքն ու իր կարողականութիւնը ընդհանրապէս  անծանօթ կը մնան հայրենահայութեան, իսկ հայրենիքն ու իր կարիքները` սփիւռքահայութեան»: Կը բացատրեմ մեր ստացած դաստիարակութիւնը ու տածած ապրումները հայրենիքին նկատմամբ. ան «մեզի համար ամէնէն առաջ յղացք եղաւ, երա՛զ` թէկուզ անհասանելի երազ, ապա` պատկանելութեան հիմք, ի հեճուկս մեր բնակած վայրերուն, կամ անոնցմէ վեր ու անդին` անդրերկրային գաղափար մը, հոգեկան արժէք մը, որուն կարօտով հասակ առինք մենք, որուն համա՛ր ապրեցանք, որուն ազատագրութեան համար մեր կեանքերը նուիրաբերելու ուխտը ըրինք»: Կը խօսիմ շատ երկար, մէջբերումներով, բացատրելով մեր` սփիւռքի հայութեան իրավիճակը, փորձելով հասկնալ հայրենահայութեա՛ն իրավիճակը, ապա կ՛աւելցնեմ` «Մեր հայրենիքին նկատմամբ անկատար տենչեր ունինք մենք դեռ շատ… Եւ առաջին հերթին` որ հայրենիքը ի վերջոյ ըլլայ մեզ իրարու բերող, մեզ միացնող ազդակը, մեզ` որպէս երկրի ու արտերկրի հայութիւն, այլեւ մեզ` […] բոլոր բազում եւ խայտաբղէտ հատուածներով ու բաժանումներով, մեզ` մրրկաւ բաժանեալներս…», ու խօսքս կ՛աւարտեմ` դիմելով մտաւորականներուն, որ` «Դուք ոչ միայն վկաներն էք այսօրուան իրականութեան, այլեւ երաշխիքն էք մեր վաղուան երազին: Յակոբ Օշականի բառերով` «Հատուածեալ մեր գոյութիւնը ամբողջութեան տանելու համար կը սպասենք մեր Տանթէին»: Ուրիշ ակնկալութիւն չունինք ձեզմէ: Եղէ՛ք»:

Այսօր այս խօսքերը գուցէ շա՜տ վերամբարձ թուին ոմանց, նաեւ` ինծի, կամ ուրիշներու քմծիծաղը շարժեն: Սակայն ինծի` երազողիս համար տակաւին չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, թէեւ ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս դժուար է այդ ամէնը իրականացնելը:

Այդպէս դժուար էր, ի հարկէ, նաեւ ՀՄՖ-ի առաջադրանքը: ԿՎ-ի ուղղած վերոյիշեալ նամակիս մէջ կ՛առաջարկէի, որ ծրագիրը նկատի ունենար առաջին հերթին «Հայաստանի մտաւորական ընտրանին, […] թերեւս թիւով 200 հոգի` գրականութեան, պատմագիտութեան, բանասիրութեան, հրապարակագրութեան եւ նման մարզերու մէջ», ապա` «խոստմնալից երիտասարդ մտաւորականութիւնը», տարեկան 200 տոլարի յատկացումով մը իւրաքանչիւրին, փոխարէնը ակնկալելով, որ երկ մը արտադրեն, երկ մը, որ կրնայ տպագրութեան արժանանալ ու յաւելեալ մուտք ապահովել իրենց, այլապէս դրուիլ հրատարակելի գործերու պահեստի մը մէջ:

Առաջին անգամ չէր, որ մեր ուժերէն վեր ծրագրեր կ՛որոճայինք, կ՛որոճայի… Ինչ որ իրագործուեցաւ, այդ առաջին մրցանակաբաշխութենէն մինչեւ 2000 թուականի աւարտը, երբ վերջ տրուեցաւ նաեւ ՀՄՖ-ի այդ ծրագրին, հայրենի մտաւորականութեան գործերու հրատարակութեան աշխատանքը ներմուծելով Համազգայինի հրատարակչական ընդհանուր յայտագրին մէջ, հինգ գեղարուեստական գործերու հրատարակութեան ստանձնումն էր, որոնցմէ մէկն ալ հեղինակին խնդրանքով ետ քաշուեցաւ` իր աւելի մեծածաւալ ժողովածուին մէջ ընդգրկուելու համար, անոնց հեղինակներուն ալ նիւթական պարգեւներու յատկացումով: Այդ գեղարուեստական գործերը եւ ճարտարապետ Զարեանի երկը տպուեցան Երեւան, ուր տակաւին տպագրական յարմարութիւնները այնքան ալ չէին զարգացած, իսկ առաջին երեքին բանասիրական երկերը աւելի ընդունելի տպագրութեամբ լոյս ընծայուեցան Պէյրութ, մեր` «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ` Համազգայինի երեք տարբեր շրջաններու մեկենասութեամբ: Ընդհանուր ելեւմուտքը` 33 հազար ամ. տոլար: Այդ գումարը կ՛ընդգրկէր նաեւ խմբագրման ու տպագրութեան ծախսերը: Հետագային, յատկապէս մեր` Հայաստանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, ուրիշ հատորներ ալ լոյս տեսան նիւթական տարբեր յատկացումներով, բայց` ոչ այլեւս արդէն ամբողջութեամբ սպառած ՀՄՖ-էն:

Սոյն յօդուածին կից տեսնել ՀՄՖ-ի մրցանակի արժանացած ու հրատարակուած երկերու ընդհանուր պատկերը:

Այդ մրցանակակիր գրողներէն մէկն ալ Զօրայր Խալափեանն էր, որուն շրջապտոյտը կազմակերպուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջանային վարչութիւններու նախաձեռնութեամբ, 1996-ի ամրան, իրեն պարգեւելով երջանկութեան յաւելեալ ակնթարթ մը եւս…

——————————

Համազգայինի Հայրենի Մտաւորականութեան Ֆոնտ
Պարգեւատրուած Ու Հրատարակուած Գործեր
  1. Զօրայր Խալափեան, Վասիլ Մեծ, հայ կայսր Բիւզանդեայի կամ Կճուճների թագաւորը(վէպ), «Հայպետստանդարտ»-ի տպ., 1995 Երեւան, 384 էջ, տպքնկ. 2000, խմբագիր` Ֆելիքս Մելոյեան:
  2. Արմէն Զարեան, Հայ ճարտարապետութիւն, «Վան Արեան» հրատարակչատուն, 1996 Երեւան, 238 էջ, խմբագիր` Ե. Խաչատրեան:
  3. Վահան Թամարեան, Շրջանագիծ (պատմուածքներ), «Առերեսում-Անի» հրատարակչատուն, ԵՊՀ տպարան, 1997 Երեւան, 201 էջ, տպաքանակ` 1500, խմբագիր` Մ. Դաւոյեան – (Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ):
  4. Արմէն Մարտիրոսեան, Շարակնոց (բանաստեղծութիւններ), «Առերեսում-Անի» հրատարակչատուն, ԵՊՀ տպարան, 1997 Երեւան, 76 էջ, տպաքանակ` 1500, խմբագիր` Ջ. Ալոյեան:
  5. Վահան Տէր Ղազարեան, Արքայադրամ (վիպակ), «Առերեսում-Անի» հրատարակչատուն, ԵՊՀ տպարան, 1997 Երեւան, 95 էջ, տպաքանակ` 1500, խմբագիր` Ջ. Ալոյեան – (Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ):
  6. Գէորգ Ջահուկեան, Հայոց լեզուի տեսութեան եւ պատմութեան հիմնահարցերը, «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 406 էջ, տպքնկ. 600, խմբագիր` Ֆելիքս Մելոյեան:
    Այս գիրքը անուանի լեզուաբանին կեանքի ամբողջ արգասիքին ամփոփումն է. լոյս  տեսած է մեկենասութեամբ Համազգայինի Քանատայի շրջանին:
  7. Սարգիս Յարութիւնեան, Հայ առասպելաբանութիւն, «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 527 էջ, տպքնկ. 1100, խմբագիր` Ֆելիքս Մելոյեան:
    Այս գիրքը նոյնպէս արդիւնք է երկարամեայ աշխատանքի, մեծ բաց մը կը գոցէ հայ գրականութեան ու բանասիրութեան մէջ. լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Համազգայինի ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանին:
  8. Ալբերտ Շարուրեան, Գրիգոր Զօհրապի կեանքի եւ գրական ժառանգութեան էջերից,«Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 243 էջ, տպքնկ. 1100, խմբագիր` Ֆելիքս Մելոյեան – (Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ):
    Այս գիրքը կը ներկայացնէ Զօհրապի կեանքի վերջին օրերը, լոյս տեսած է նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանին ու մեկենասութեամբ Սրբուհի Պօղոսեանի, Ծերուն Աղամալեանի, Լիդա ու Նորայր Պահլաւունիներու եւ Յարութիւն ու Հիլդա Աղամալեաններուն:
  9. Մրցանակակիր Վահագն Մուղնեցեանի Յաւերժախաչ գմբեթներ-ը հեղինակին կողմէ ետ քաշուած էր աւելի ծաւալուն գործի մը մէջ ընդգրկուելու համար:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ