Համաշխարհային մակարդակի վրայ դիտելով ժամանակակից կրթական ոլորտը առաջին ակնարկով իսկ անվարան կարելի է եզրակացնել, որ ան կը գտնուի աննախընթաց տագնապի մէջ: Հիմնական պատճառը ակնբախօրէն կը հանդիսանայ քանի մը տասնամեակներ առաջ սկսած ու տակաւին չաւարտած արհեստագիտական նոր յեղափոխութիւնը, որ իր ուժեղ ազդեցութիւնը կը բանեցնէ մարդկային կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն վրայ: Եթէ եօթանասունամեակ մը առաջ ռազմահունչ կորիզային-հիւլէական դարաշրջանի բացումը առաջնորդեց վերջիվերջոյ կայուն խաղաղութեան մը բաւական երկարատեւ հաստատման, ապա խաղաղ դիմագիծով ներկայացող տեղեկակառավարչական համակարգչային արհեստագիտութիւնը աշխարհը փաստօրէն առաջնորդեց պատերազմի եւ զանազան տեսակի բրտութիւններու գիրկը: Արհեստագիտութեան բերելիք յառաջդիմութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, բարօրութիւնն ու ընկերային հաւասարութիւնը, որոնք այնքա՜ն մօտ կը թուէին նախապէս՝ փոխարինուած են ատեն մը մոռցուած մարդկային ստորնագոյն բնազդներու արտայայտութեան բոլոր տեսակներով: Հաստատուն ու արագ քայլերով կրկին կը մտնենք ծայրայեղականութեան եւ կրօնամոլութեան հանգրուանի մը մէջ, որ մեզի հեռաւոր՝ սակայն ոչ անծանօթ անցեալ մը կը յիշեցնէ, երբ մարդիկ այնքան ալ գոհ ու երջանիկ չէին:

Տարօրինակ պէտք չէ թուի ուրեմն կրթական մարզի ոչ այնքան խրախուսիչ վիճակը: Կրթական մարզը պատկերն է համապատասխան հասարակութեան: Հասարակութեան վիճակը խառնաշփոթ է՝ խառնաշփոթ է նաեւ այդ հասարակութեան կրթական ոլորտը: Յստակ է սակայն, որ մեր օրերու պայմաններուն մէջ կրթական մարզով զբաղողներուն գործը չափազանց դժուարացած է: Տնօրէն, խնամակալ, վարչական պատասխանատու, բայց մանաւանդ՝ կրթական պատասխանատու եւ ուսուցիչ յաճախ անելի առջեւ կը գտնուին նոյնքան յաճախ ստեղծուող անախորժ ու ժխտական կացութիւններու պատճառով: Դեռ կարճ ժամանակ առաջ ուսուցիչն ու ծնողքը հիմնական պատսխանատուներն էին կրթական գործին: Երբ երկուքէն մէկը, ուսուցիչ կամ ծնողք, գիտակից տէրն էր իր առաքելութեան, ապա կարեւոր համեմատութեամբ մը երեխային կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը ապահովուած կարելի էր նկատել: Երբ երկուքն ալ լաւ էին, ապա յաջողութիւնը ապահովուած էր վստահութեան եզրող հաւանականութեամբ: Մեր օրերուն երկուքին դերակատարութիւնն ալ նսեմացած է, քանի երեւան եկած են իրենցմէ աւելի՛ ուժեղ, իրենցմէ ա՛լ աւելի հրապուրիչ եւ իրենց տրամադրութեան տակ  անսահման միջոցներ ունեցող գործօններ, որոնք հարկաւ կրնան շատ դրական դեր ստանձնել օգտակար հանդիսանալով կրթական գործիչներու առաքելութեան յաջողութեան, եթէ համապատասխան ձեւով ի գործ դրուին անոնք. կամ ալ չափազանց ժխտական դեր՝ չէզոքացնելով ուսուցիչին եւ ծնողքին բերած դրական նպաստը՝ պատճառ դառնալ անոնց ձախողութեան: Հեռատեսիլն ու համակարգիչը, յատկապէս՝ համացանցը հզօր ու ամենակալ մրցակիցներն են խեղճացած կրթական մշակներուն եւ ծնողներուն:

Ահա այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ է, որ Փարիզի Թարգմանչաց վարժարանի վարչական խորհուրդն ու Համազգայինը գործակցելու կը սկսին ի շահ ֆրանսահայ երեխային կրթութեան ու դաստիարակութեան: Այս նպատակը բոլորիս համար մարտահրաւէր է, որուն կ’արձագանգենք գիտակցութեամբ եւ հաճոյքով:

Հայկական որեւէ վարժարանի առաքելութիւնը կը խտանայ մէկ նախադասութեան մէջ. պատրաստել լաւ մարդը, լաւ քաղաքացին եւ լաւ հայը, հեռու՝ ազգային բացառիկութեան որեւէ մօտեցումէ: Ասիկա ինքնաբերաբար կը նշանակէ, թէ սփիւռքեան հայկական վարժարանը անխուսափելիօրէն պիտի ունենայ իր շրջապատի դպրոցներուն համեմատելով աւելի ծանր կրթական ծրագիր:  Բնականոն վիճակներո՛ւ մէջ նոյնիսկ սփիւռքեան անբարենպաստ պայմանները հայկական դպրոցի գործը կը դժուարացնեն. այդպիսի պայմաններու մէջ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումը ինքզինք լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնէ: Խաբկանքը պէտք չէ ունենալ, որ լեզու եւ մշակոյթ իրենց բնական միջավայրէն՝ այսինքն հայրենիքէն դուրս կարելի է նոյն ձեւով, չափով ու ազդեցիկութեամբ ուղեղներու եւ հոգիներու մէջ զետեղել: Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ որեւէ այդպիսի փորձ անցեալի մէջ ձախողած է եւ ապագայի մէջ ալ յաջողութեան հեռանկար չունի: Հետեւաբար դասականէն տարբեր՝ այլ ձեւեր պէտք է գտնել նկատի ունենալով մանաւանդ, որ տուեալ միջավայրերուն մէջ հայերէնը շատոնց դադրած է երեխային մայրենի լեզուն ըլլալէն: Իսկ մեր հայեցողութեամբ՝ հայերէնը իբրեւ երկրորդ լեզու ուսուցանելու խնդիրը սպառիչ ձեւով չէ ուսումնասիրուած տակաւին, թէեւ այդ աշխատանքը շատոնց սկսած է այստեղ՝ Ֆրանսայի մէջ. ի դէպ՝ ասիկա իրականութիւն է ոչ միայն Ցեղասպանութենէն ի վեր տարագիր դարձած արեւմտահայերէնին, այլ նաեւ՝ պետական հովանաւորութիւն վայելող արեւելահայերէնին համար:

Այստեղ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ Համազգայինի Մարսէյի դպրոցը, շնորհիւ այդտեղ տարուած հետեւողական աշխատանքին, այս իմաստով յաջողութիւն արձանագրած է: Շրջանաւարտ աշակերտը ամբարած է լեզուի, մշակոյթի եւ ոգիի տուեալները, որոնք անմիջապէս կը սկսին ծաղկիլ ու երեւիլ երբ ան կը գտնուի յարմար միջավայրի մը մէջ: Հակառակ այս իրողութեան տակաւին շատ բան կը մնայ ընելիք:

Փարիզը ժամանակակից աշխարհի քաղաքակրթական կարեւոր կեդրոններէն մէկն է: Այստեղ հայերէնն ու հայկական մշակոյթը միշտ ներկայ պէտք է ըլլան: Զգալի է մեր օրերուն, որ հայկական վարժարանը ներկայիս վերածաղկման շրջան մը կ՛ապրի այստեղ. ոգեկան վերանորոգման կամք, նոյնիսկ՝ նոր դպրոցի հիմնում: Ասիկա քաջալերական երեւոյթ է:

Հայկական կրթութիւնն ու հայկական մշակոյթը իրարու կը միացնեն հայութեան բոլոր մասնիկները՝ Հայաստանէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր անկիւնը:

Մեր ձգտումն է, որ այս տարածաշրջանին մէջ Համազգայինի հովանաւորած դպրոցները ժամանակի ընթացքին վերածուին Եւրոպայի համար մէկական հայագիտական կեդրոնի: Մենք տակաւին կը գտնուինք այդպիսի գործընթացի մը միայն սկիզբը: Ձեր քաջալերանքով, ձեր գործակցութեամբ, ձեր մասնակցութեամբ եւ խրախուսանքով, վստահ եմ, որ նորէն յաջողութիւն մը պիտի արձանագրենք:

Յաջողութեան այս հաւատքով ահա այսօր կը ձեռնարկենք աշխատանքի Թարգմանչաց վարժարանի վարչութեան, ուսուցչական կազմին եւ անոնց շուրջ գործող հայկական դպրութեամբ մտատանջ հասարակութեան հետ: Պիտի ընենք ինչ որ կարելի է, որպէսզի Իսի-Լէ-Մուլինոյի հայկական վարժարանը ուրիշներու համար օրինակելի հաստատութիւն մը մնայ եւ առաւե՛լ եւս զարգանայ:

Տոքթ.Մկրտիչ Մկրտիչեան

Փարիզ, 05  Դեկտեմբեր  2015