Սիրելի եւ յարգելի ներկաներ,

Հայկական ինքնութեան շուրջ ընդհանուր թեմայով ներկայ գիտաժողովը առաջինն է, որ կը կազմակերպուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի եւ Համազգայինի գործակցութեամբ: Համազգայինի համար առաջինն է նաեւ իր տեսակին մէջ: Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ միասին Համազգայինի կազմակերպած գիտաժողովները ցարդ կեդրոնացած են առաւելաբար սփիւռքահայ գրագէտներու գործին ուսումնասիրութեան շուրջ:

Այս գիտաժողովը եռալեզու է: Նիւթերը կարելի է ներկայացնել անգլերէնով, թրքերէնով եւ հայերէնով: Ինծի համար հարց եղաւ, թէ ո՞ր լեզուով պէտք է ներկայացնեմ ձեզի ոչ մասնագիտական ամփոփ կարծիքներս եւ ձեր աշխատանքներուն համար յաջողութեան մաղթանքս: Մտքիս մէջ առաջին եկողը եղաւ, անմիջական ու անմիջնորդ ունկնդիրներու կարելի ամենէն լայն շրջանակը ընդգրկելու մտադրութեամբ, մեր օրերու ”լինկուա ֆրանքա”ն՝ անգլերէնը: Բայց արագօրէն յանգեցայ հայերէնին. աւելի ճիշդ՝ արեւմտահայերէնին: Ինչպէ՞ս կարելի է հայ ըլլալ, հայերէն գիտնալ, կարելիութիւնը ունենալ հայերէն խօսելու եւ Պոլսոյ պէս վայրի մը մէջ մարդոց խօսիլ այլ լեզուով: Պոլիսը ներկայ արեւմտահայերէնի ծննդավայրն է. այստեղ ատենին հաւաքուած են գրաբարէն մնացած ու գաւառի բարբառային հայերէններու տարրերը, մաքրուելով ու զտուելով իրարու զօդուած, աշխարհաբարի վերածուած, օտար լեզուներու ազդեցութեամբ հարստացած, արդիականացած ու կենդանի, գործածական, գրականութիւն արտադրող լեզուի մը՝ արեւմտահայերէնի՛ վերածուած են:   

Այսօր, կ’ըսեն, արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը պատկանի: Իսկ լեզուն ոչ միայն հաւաքականութեան մը ինքնութեան հիմնական ստորոգելիներէն մէկն է, այլ՝  ինքնին ինքնութիւն կերտող ազդակ: Հայութեան կացութիւնը ըլլալով այն ինչ որ է, վտանգուա՞ծ է ուրեմն աշխարհով տարածուած արեւմտահայ զանգուածներու պարագային  հայկական  ինքնութիւնը. ինչպէ՞ս. որքանո՞վ. անխուսափելի ուծացումը կը սպառնայ ամբողջակա՞ն ըլլալ. կարելի՞ է հայկական մէկ ինքնութեան մասին խօսիլ. ի՞նչ է հայկական համայնքներու դիմադրողականութեան աստիճանը. ո՞վ է հայը. ինչո՞վ կը զանազանուի ուրիշներէ. եւ համանման բազմաթիւ հարցեր: Հարցեր, որոնց գիտական պատասխանը, վստահ եմ, գէթ մասամբ ստացած պիտի ըլլանք այս գիտաժողովի աւարտին:

Ինքնութեան հարցը սեղանի վրայ կը դրուի յաճախ սխալ հարցադրումով, ինչպէս է՝ ”ո՞վ է հայը” կամ աւելի անհեթեթ տարազով՝ ”ո՞վ հայ է” ձեւին դիմելով: Այսպիսի հարցումներ կ’ենթադրեն, թէ գոյութիւն ունի հեղինակութիւն մը կամ տարազ մը, որոնց դիմելով կարելի կ’ըլլայ որոշել անհատի մը ինքնութիւնը. տուեալ պարագային՝ մէկու մը հայ ըլլալը կամ չըլլալը: Ինչպէս մէկու մը կրօնքը, ընդհանրապէս անոր ինքնութիւնն ալ անհատական խղճի, գիտակցութեան եւ անհատական որոշումի հարց է: Ոեւէ մէկը, անհատ կամ հաստատութիւն, չի կրնար ուրիշի մը ինքնութիւնը որոշել. առաւելագոյնը ան կրնայ խոչընդոտել  այդ ինքնութեան առարկայական ու պաշտօնական ճանաչումը մերժելով, օրինակի համար՝ քաղաքացիութեան իրաւունք մը. այսինքն՝ մերժելով ինքնութիւն  սահմանող օրինական մանրամասնութիւն մը միայն: Յստակ է, թէ հայ է ան, որ  կը զգայ կամ կը գիտակցի՝ թէ ինք հայ է: Կարելի է սակայն սահմանել հայկական ինքնութիւնը՝ որոնելով հայութիւնը դաւանողներու հասարակաց յատկանիշները:   

Ինքնութեան մը սահմանումը բազմախաւ ու  բարդ խնդիր է: Բազմաթիւ՝ առաւել կամ նուազ կարեւոր յարաչափեր (paramètre) կան, որոնք նոյնարժէք չըլլալով դիմադրողականութեան տարբեր որակներ ու աստիճաններ կը յառաջացնեն. իւրաքանչիւր յատկանիշ ունի իրեն յատուկ ինքնութիւնը սահմանող տեսակարար կշիռը. լեզու, կրօնք, իրական կամ երազային հայրենիքի գոյութիւն, կենցաղային մանրամասնութիւններ, մշակութային արժէքներ նոյն չափով չեն բնորոշեր ինքնութիւն մը: Հաւաքական յիշողութեան գիտակցութիւնը, կրթութեան որակն ու աստիճանը, սերունդէ սերունդ փոխանցումը դիւրացնող ընտանեկան ամրութիւնը, աւանդութիւնները տուեալներ են, որոնք կ’ազդեն ինքնութեան մը տոկունութեան վրայ՝ յատկապէս հազարամեակներ շարունակ գոյատեւած հաւաքականութիւններու պարագային:

Ինքնութեան սահմանումը ա՛լ աւելի կը բարդանայ հայութեան նման աշխարհացրիւ ժողովուրդներու պարագային: Հայկական իրականութիւնը կը բաղկանայ Հայաստանի հայրենաբնակ առաւել կամ նուազ չափով միաձոյլ հայութենէն, Սփիւռքի ցիրուցան, հետեւաբար՝ խայտաբղէտ հայկական գաղութներէն եւ Թուրքիոյ այլապէս խայտաբղէտ բեկորներէն: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ ապրող հայ ունի իր առանձնայատկութիւնները. ամերիկահայը տարբեր է եւրոպահայէն, եւրասիական երկիրներու մէջ ապրողները իրարմէ տարբեր են, ասոնք իրենց կարգին տարբեր են Միջին Արեւելեան միջավայրի հայերէն, իսկ բոլորն ալ տարբեր են հայրենաբնակ հայերէն: Հայկական իրականութեան մէջ տեսակներու զանազանութիւնը ակնբախ երեւոյթ է: Իսկ այստեղ կամ այնտեղ քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումները աւելի՛ եւս կը բարդացնեն կացութիւնը եւ հայութիւնը կը դնեն ինքնութենական նոր մարտահրաւէրներու առջեւ: Կէս դար առաջ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները հայկական սփիւռքեան ինքնութիւնը սահմանող կենսունակ միջավայր մը կը կազմէին: Այսօր բոլորն ալ կը դիմագրաւեն գոյութենական հարցեր:

Այս պայմաններու մէջ կարելի՞ է խօսիլ հայկական մէկ ինքնութեան մասին: Պատասխանը առ երեւոյթ ժխտական է: Բայց կը կարծեմ, որ վերջին հաշիւով այդ պատասխանը դրական է, որովհետեւ պայման չէ ինքնութիւն մը սահմանող բոլոր յարաչափերու միաժամանակեայ առկայութիւնը հաւաքականութեան բաղադրիչ բոլոր անհատներու կամ խմբաւորումներու մօտ: Կը բաւէ, որ կարգ մը հիմնական յատկանիշներ ըլլան նոյնը, որպէսզի պատկանելիութիւնը պայմանաւորուի միայն անոնցմով: Հայութեան բոլոր հատուածները ունին հասարակ յայտարարներ, որոնցմով անոնք իրարու կը կապուին, թէկուզ՝ յաճախ թոյլ թելերով:

Բոլոր ժողովուրդներու ինքնութեան խնդիրը կառավարող օրէնքներու կողքին հայկականը կը կրէ նաեւ իւրայատուկ կնիք մը, որ արդիւնք է ցեղասպանութեան: Այստեղ, կ’երեւի, հաւաքականութիւններու համար եւս կը գործէ ինքնապահպանման սկզբունքը, որ բնազդական կերպով կեանքին կառչած կը պահէ տուեալ հաւաքականութիւնը: Տեսանելի չէ՞, որ նոյն հաւաքականութեան՝ հայութեան պարագային Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տարագրուած ու ճողոպրած զանգուածը շատ աւելի տոկուն դուրս եկաւ, քան հետագային տնտեսական պատճառներով իրենց հայրենիքէն հեռացած հայերը: Սփիւռքահայութեան տոկունութեան երեւոյթը մէկէ աւելի անգամներ նկատուեցաւ հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու միջազգային հարթակներու վրայ արծարծման ընթացքին, երբ իրենց հայութենէն հեռացած թուացող հայ անհատներ յանկարծ գործի դաշտ նետուեցան գոնէ՝ ժամանակաւոր կերպով մօտենալով իրենց արմատներուն:

Ճիշդ է անշուշտ, որ հայութեան ներկայի աշխարհագրական տուեալները չեն նպաստեր անոր բաղադրիչներու իրարու հեզասահ համարկումին: Բայց եւ այնպէս արդիական հաղորդակցական միջոցներու գոյութիւնը անհամեմատ դիւրացուցած են այդ բաղադրիչներու միջեւ յարաբերութիւնը. օդանաւ, հեռախօս, համացանց  աներեւակայելի արագութեամբ կը ստեղծեն այդ յարաբերութիւնը հայութեան անհամար մասնիկներուն միջեւ՝ նպաստելով մշակութային եւ ինքնութիւնը յատկանշող հասարակ յայտարարներու պահպանման ու նորերու ստեղծման: Մանաւնդ հիմա, երբ գոյութիւն ունի աշխարհագրական հայկական կիզակէտ մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւաքական յատկանիշներու բիւրեղացման  բնորդը պատրաստ ըլլալով՝ անոր կորիզին շուրջ ժամանակի ընթացքին բնականօրէն կը կառուցուի ու կը զարգանայ մարմինը: Այս գործընթացը մեր շուրջը տեղի կ’ունենայ տարերային կերպով ցարդ ընդգրկելով, ի հարկ է, հայութեան մէկ չնչին համեմատութիւնը: Անկախութենէն միայն 25 տարիներ ետք արդէն լեզուի մարզէն ներս զգալի է արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի փոխադարձ ազդեցութիւնը:

Այս եւ այսպիսի խորհրդաժողովներն ալ նոյն ուղղութեան մէջ ընթացող նախաձեռնութիւններու շարքին կը պատկանին. յատկապէս՝ երբ անոնք տեղի կ’ունենան Պոլսոյ մէջ: Իրերու բերումով Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութիւնը  ինքնին հայութեան առանձին բեւեռ մը կը ներկայացնէ. լուսահոգի  Հրանդ Տինքին համար ան ո՛չ հայրենիքին, բայց ոչ ալ սփիւռքին պատկանող հաւաքականութիւն մըն է, որ ծանօթ պատճառներով աւելի քան երեք քառորդ դար տեւող ժամանակաշրջանի մը համար առարկայական նուազագոյն կապերը ունէր մնացեալ հայութեան հետ՝  նոյնիսկ սփիւռքեան միջավայրին հետ: Այսօր այդ յարաբերութիւնը դարձած է բնականոն՝  նպաստելով հայկական ենթաինքնութիւններու աստիճանական մերձեցման:

Համազգայինի կապերը պոլսահայութեան հետ արդէն քանի մը տարիներու պատմութիւն ունին. փոխադարձ ծանօթացման այցելութիւններ, կրթական ու մշակութային յարաբերութիւն, որոնց շնորհիւ ստեղծուեցան հաստատուն բարեկամութիւններ եւ արտայայտուեցաւ սերտ գործակցութեան կամք:

Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ մեր կազմակերպած միացեալ ներկայ ձեռնարկը միակը պիտի չմնայ: Այս գիտաժողովը տեղի կ’ունենայ քաղաքական ոչ այնքան ալ խրախուսիչ պայմաններու մէջ: Տարածաշրջանը կրկին բռնկած է: Վերջին 40 տարիներու ընթացքին շրջանէն ներս քաղաքացիական պատերազմ մը տեւեց 15 տարի, երկու պետութիւններու միջեւ պատերազմ մը տեւեց 8 տարի, Սուրիոյ ներքին, եւ ոչ միայն ներքին, պատերազմը շատոնց լրացուցած է առաջին հնգամեակը եւ շրջանէն ներս մէկէ աւելի երկիրներ կը գտնուին անկայուն վիճակի մէջ:

Այսպիսի պայմաններու մէջ համահայկական գիտաժողովի համար հաւաքուիլն ալ, կ’երեւի, հայկական ինքնութեան յատկանիշներէն մէկուն պարտական ենք:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն:

 

 Մկրտիչ Մկրտիչեան

Պոլիս, 07  Հոկտեմբեր  2016