Սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ  հայրենակիցներ,

            Ռուբէն Յովսէփեան մեզի հետ ընդմիշտ պիտի մնայ այլեւս իր ցած ձայնով արտայայտուող ուժգին խօսքով եւ շատ բան հասկցնող լռութիւններով:

            Սրամտութիւնը բարձրորակ մտաւորական մարդոց հասարակաց գիծն է, ինչ ալ ըլլայ անոնց ասպարէզը: Ռուբէնի գրաւոր ու բանաւոր խօսքերը հարուստ են սրամտութիւններով եւ հաճելի կացութիւններու ներկայացումով:

            Անոր խօսքը ունէր խորք, ամենէն պարզ ու հարազատ իմաստութեամբ ներկայացուող բանականութիւն եւ կը ցոլացնէր իր բնածին արտակարգ բարութիւնը: Հաստատ համոզումներու տէր ըլլալով հանդերձ ան ունէր դիմացինը մտիկ ընելու ունակութիւն: Հանդուրժողականութիւնը եւ պարագայական վէճերը անպայման առանց կռիւի լուծել փորձելու յատկութիւնը իր նկարագրի ցայտուն մանրամասնութիւններէն էին:

            Մտաւորական պարկեշտութիւնն ու արիութիւնը, զուգորդուելով Ռուբէնի ամբողջ կեանքի ընթացքին իրեն առաջնորդ մարդկային ու ազգային սկզբունքներուն կը բնորոշեն Ռուբէն Յովսէփեան մարդն ու հայը: Ռուբէնը ի՛նքը ամենէն ներկայացուցչական տիպարն էր իր դաւանած ընդհանրապէս մարդուն եւ մասնաւորաբար՝ հայ մարդուն: Անտեղիտալի հայրենասէր մը՝ որ իր կեանքի ամենէն դժուար մէկ վայրկեանին կ’արձանագրէր, թէ ինք հիւանդ է եւ թէ իր երկիրն ալ հիւանդ է. թէ յաջորդ օրը ինք Գերմանիա կը մեկնի բուժուելու: Իր երկիրը սակայն ի՞նչ պիտի ընէ. ո՞ւր պիտի երթայ:

            Այս եւ այս ձեւի այլ մտածումներու կարգով Ռուբէն Յովսէփեան մտաւորականը աներեւոյթ օղակով մը իր երիտասարդ տարիքէն արդէն կը կապուէր Համազգայինի գաղափարական ընտանիքին: Նիկոլ Աղբալեանին համար մտաւորականի հիմնական յատկանիշներէն մէկը անոր հասարակական գործունէութիւնն է: Աղբալեանի կարծիքով մտաւորականը պարտաւոր է սատարել իր պատկանած հաւաքականութեան մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթական վերելքին. մտաւորականը իր ոսկեայ վանդակին մէջ պարապող փայլուն էակը չէ, իր ամբողջ կեանքը վանքի մը մէջ մագաղաթներ լեցնող գիտնական վանականը չէ, այլ մանաւանդ իր հօտի հարցերով զբաղող եւ անոնց լուծման համար պայքարող, անոր հետ ամէն օր տառապող ու ճիգ թափող քահանան է: Մտաւորականը հասարակութեան լուսաբանման, լուսաւորման, անոր մշակութային արժեչափերու բարձրացման սատարող մարդն է: Այս իմաստով Ռուբէնը մտած էր Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ անոնց նման բազում նուիրեալներու շարքին մէջ՝ իր ծառայութիւնները մատուցելով իր շրջապատի որակի բարձրացման ի խնդիր:

            ”Աւանգարդ”, ”Սովետական գրականութիւն”, ”Սովետական գրող” ըլլայ, թէ՝ ”Նորք” կամ ”Դրօշակ”, Ռուբէն Յովսէփեանի գրիչն ու անոր ուղղութիւնը ծառայած են գաղափարական նոյն գիծին: Իր գրականութիւնը հայրենիքի սէր կը բուրէ, թշուառութենէն ուրախութիւն կը ստեղծէ, ցուրտը ջերմութեան կը վերածէ, մարդոց սուր անկիւնները յղկելով՝ զանոնք համակրելի եւ յարգարժան էակներու կը վերափոխէ:

            Ռուբէն տէր էր նաեւ մտաւորականի ամենէն ազդեցիկ զէնքերէն մէկուն. ան յաճախ իր լռութեամբ իսկ յարգանք կը պարտադրէր:

            Ռուբէն Յովսէփեանի տեսակը համահայկական իրականութեան մէջ վտանգ ներկայացնելու չափ պակսած է: Յանձնառու մտաւորականի տեսակը առհասարակ տեղ չունի տնտեսապաշտ հասարակութիւններուն մէջ. ո՛չ միայն հայկականին մէջ: Յանձնառութեան շրջանակը բաւական նեղ դարձած է: Մեր օրերուն ամենէն գաղափարական մարդը կը զբաղի բացառաբար բնապահպանական կամ նոյնանման առանձին օրակարգերով: Ուղեղային այդպիսի չափազանցեալ մասնագիտացում ենթակային հորիզոնը կը սահմանափակէ: Գործելու այս ձեւին որդեգրումէն ի վեր, համապարփակ մտածողութեան ատակ ուղեղը օրական յաճախականութեամբ արդի հասարակութիւններուն մէջ պարտութեան կը մատնուի, քանի վերջին տասնամեակներու ընթացքին ասիճանաբար փոխուած են չափանիշները: Անհատի իրաւունքներու, հաւաքականութիւններու իրաւունքներու, ազգային իրաւունքներու, արդարութեան օրակարգերը յաճախ կը դառնան շահագործման առարկայ շահագրգիռ շրջանակներու կողմէ: Իսկ այդպիսի ախտերու դէմ ամենէն արդիւնաւէտ դեղատոոմսը միայն յանձնառու մտաւորականի տրամադրութեան տակ կը գտնուի: Աշխարհի ներկայ սուր տագնապի պատճառներէն մէկն ալ յանձնառուներու կողմէ ազդու հակադարձութեան բացակայութիւնն է: Մասնագէտները բազմաթիւ, բազմատեսակ ու տաղանդաւոր են: Սակայն ընկերային-հասարակական պայքարի դաշտ իջնողները՝ սակաւաթիւ:

            Հետեւաբար, սիրելի Ռուբէն, միայն դուն հիւանդ չէիր. ոչ ալ երկիրդ՝ իր հիւանդութեամբ առանձին: Ամբողջ աշխարհը հիւանդ է եւ ինքզինք կ’առաջնորդէ դէպի նոր աղէտներ: Ազատագրուելու միակ միջոցը նոր այդ երեւոյթներուն դէմ ծառանալն է, դիմադրողներու թիւն ու որակը բարձրացնելն է: Անմիջակա՛նօրէն: Այլապէս ճամբան բաց է նախամարդու տիպարին վերակերտման համար: Այսօր քեզի նման մարդիկ աւելի քան անհրաժեշտ են:

            Ռուբէնը, ի շարս այլ ազգային ժողովներու եւ մարմիններու, ծառայեց նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան իբրեւ անդամ երկու շրջան շարունակաբար, այսինքն՝ ութը տարիներ: Դժուար էր ըլլալ իրեն պէս սրամիտ եւ միաժամանակ՝ լուրջ. զգայուն եւ միաժամանակ՝ պաղարիւն. հանդարտաբարոյ եւ միաժամանակ՝ պահանջատէր: Կասկած չկայ, որ զինք շատ պիտի կարօտնանք:

            Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իր հարազատներուն, իր գաղափարի ընկերներուն. բոլորի՛դ:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան,  30  հոկտեմբեր  2016