Սգակիր ներկաներ,

          Համազգայինը իր բոլոր շրջաններով ու կառոյցներով սուգի մէջ է: Յակոբ Եափուճեանը բոլորի կողմէ սիրուած ու գնահատուած անձնաւորութիւն էր. մեր միութեան շրջանակներուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս:

          Լեւոն Շանթ, իր նշանաւոր թատերգութիւններէն մէկուն վերջաւորութեան, գլխաւոր հերոսի բերանին մէջ դրած է «մահը ի՛ր ճամբով. կեանքը ի՛ր ճամբով» իւրայատուկ աշխարհահայեացք եւ կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը ներկայացնող արտայայտութիւնը: Իր հակառակորդներուն դէմ արշաւի ձեռնարկող, սակայն դաւադրութեան մը իբրեւ արդիւնք իր իսկ զաւակը սպաննած Գող Վասիլ իշխանը կը նախընտրէ անմիջապէս անցնիլ գործի իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար, քան՝ աւանդութիւնները յարգելով քիչ մը ժամանակ յատկացնել ննջեցեալին եւ անոր յիշատակին: Այս կացութեան մէջ երկու վիճակները բիւրեղի նման յստակ են եւ իրարմէ բոլորովին անջատ. առաջինը մահն է, կեանքի բացակայութիւնը՝ անոր անէացումը. երկրորդ վիճակը կեանքն է, նպատակի մը հասնելու մտադրութեամբ անմիջական գործողութիւններու ձեռնարկելու ուժական մարդու մը աներեր կամքը: Բնական է, որ հեղինակը՝ անաստուած, հանդերձեալ կեանքի մը ո՛չ իրական, ոչ ալ ոգեկան գոյութեան հաւատացող Լեւոն Շանթի համակրանքը պիտի հակէր դէպի կենդանի գործը, շատ աւելի քան՝ այլեւս անհոգի մարդկային մարմնի մը ճակատագրով ծիսային զբաղումը: Համազգայինի փայլուն հիմնադիրին համար աստուածային մակարդակի հասած իսկական մարդուն վայել չեն աւելորդ ձեւերը:  

            Կեանքի իրականութիւնը, սակայն, միշտ այսքան յստակ չէ: Իրական կեանքը, նոյնիսկ Շանթին համար, թուայնացած չէ, որպէսզի խնդիրի մը այո կամ ոչի, աջի ու ձախի կամ աւելի պարզ՝ սեւի ու ճերմակի միջեւ ընտրութեամբ՝ անոր դիւրութեամբ ու երկու նախադասութեամբ յստակ ու աներկբայ լուծում տրուի: Երկու ծայրայեղօրէն հակադրուած կարելի լուծումներուն միջեւ ընդհանրապէս գոյութիւն կ’ունենայ լուծման երանգներու անհամար բազմութիւն մը. այսպիսի պարագաներու ընտրութիւնը կ’ըլլայ աւելի դժուար, յաճախ՝ տառապալի. լուծման փնտռտուքն ալ՝  անխուսափելիօրէն հիմնուած մարդկային բանականութեան վրայ: Նոյնը ի զօրու է վիճակներու ու խօսքերու մեկնաբանութեան պարագային: Օրինակ՝ ինչպէ՞ս մեկնաբանել կեանքի ու մահուան միջեւ տարուբերուող վիճակներու անցուդարձերը. կեանքի որոշ հատուածներու ընթացքին մասամբ գիտակցական, մնացեալով ալ մշուշապատ ուղեղային բջիջներով յատկանշուող ժամանակներու մէջ արտաբերուած խօսքերը, որոնց ամբողջութեան ընդհանրապէս «զառանցանք» ոչ անպայման դրական անունը կու տանք: Յակոբ Եափուճեան այսպիսի վիճակի մը մէջ անցուց իր կեանքի վերջին քանի մը ժամերը: Իր սնարին մօտ գտնուող հարազատներու վկայութեամբ մէկէ աւելի անգամներ յստակօրէն հնչած է «Ճեմարան» բառը:

            Արդարեւ, իր շուրջինները՝ հարազատներ, բարեկամներ ու գործընկերներ,  լաւ գիտէին, որ Յակոբի գիտակցութեան ու ենթագիտակցութեան մէջ ընդգծուած կերպով արձանագրուած էին ընդհանրապէս հայութեան խնդիրները. իսկ մասաւորաբար՝ Դաշնակցութեան, Համազգայինի եւ իր Ճեմարանի խնդիրները: Ան քանի մը անգամ եղած է Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ: Նաեւ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Երկու յաջորդական շրջան  վարեց վերջինիս ատենապետի պաշտօնը: Ասկէ երկու ամիսներ առաջ յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:  Կարելի չէ թուարկել անոր անդամակցութիւնը Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի զանազան յանձնախումբերուն մէջ: Բոլոր իր աշխատանքները կատարեց իր համոզումներուն վրայ հիմնուելով եւ զինք յատկանշող բծախնդրութեամբ:

            Յակոբ Եափուճեանի հանրային, բայց մանաւանդ՝ համազգայնական  գործունէութիւնը ծանօթ է լայն շրջնակներու՝ Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Ան ներկայ եղած է Համազգայինի բոլոր Պատգամաւորական ժողովներուն: Համազգայինէն ներս անոր պաշտօնավարութիւնը զուգադիպած է միութեան տնտեսական ամենէն տկար հանգրուաններէն մէկուն՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք: Արդարեւ, պատերազմի ընթացքին յատկապէս Համազգայինի մայր հաստատութիւնը՝ Ճեմարանը տեւապէս տնտեսական արիւնահոսութեան պատճառ էր. գանձումներու անբաւարարութիւնը, յաճախ դպրոցական մէկէ աւելի կեդրոններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, պատերազմի ելեւէջներու պարտադրած անոնց յաճախակի տեղափոխութիւնը ցամքեցուցած էին միութեան սնտուկները: Իրագործուած էին սակայն նոր դպրոցի շինարարական ծրագրի առաջին հանգրուանները: Երկու ամբողջ քառամեակ Յակոբ Եափուճեան ջիղերու պատերազմի մէջ էր ինքզինքին եւ իր շրջապատին հետ. մէկ կողմէն կը փորձէր նոր գումարներ ապահովել, միւս կողմէն խնայողական ծրագիրներ կը կազմուէին: Տաղտկալի եւ ջիղեր քայքայող գործ էր. ո՛չ կատարողին բաւարարութիւն տուող, ոչ ալ շահագրգռուողներու կողմէ գնահատուող: Յաճախ երկուքով կը խօսէինք իրարու հետ Համազգայինի դժուարութիւններուն մասին: Կը զգայի, որ ամէն մարդ կը նեղուէր իրմէ. սակայն հաստատ գիտեմ, որ ամենէն շատ տառապողը ի՛նքն էր՝ Յակոբ Եափուճեանը:   

            Զարմանալի կերպով Յակոբի հարազատ ու իսկական բնութիւնն ու բնաւորութիւնը երեւան կու գային, երբ ազատ էր հանրային պատասխանատուութիւններէ: Այդ պարագային իր մտասեւեռումներու ծիրը աւելի  տարածուն կը դառնար: Յաճախ կը հեռաձայնէր իր մտերիմ ընկերներուն հարցի մը շուրջ իրենց կարծիքը հարցնելու, այս կամ այն խնդիրին մասին իր կարծիքը տալու կամ մտահոգութիւնը յայտնելու, խորհուրդ մը տալու, քաջալերելու, իր մէկ հաւնած յօդուածի մը մասին խօսելու: Կարճ՝ իր միտքը միշտ զբաղած էր ազգային-հասարակական հարցերով: Պատասխանատուութենէ զերծ եղած ժամանակները նոյնիսկ, ան ինքզինք պատասխանատու կը զգար:

            Մենք, տակաւին որոշ ատեն, կ’երեւի, կեանքի ճամբով քալողներս, անտարակոյս պիտի զգանք իր բացակայութիւնը. պիտի պակսի յատկապէս՝ անոր բարեմիտ ու անկեղծ խրախուսանքը, որ անհրաժեշտ է տխուր վիճակներու մէջ միտքի եւ այլ բնոյթի արտադրութեան մակարդակը պահելու համար՝ քանակով ու որակով:

            Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի բոլոր կառոյցներու անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իր հարազատներուն եւ բոլորիդ:

            Իր վարձքը կատար:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Պէյրութ, 06 փետրուար 2018