«Բարեւ ձեզ,

Այն յստակ տպաւորութիւնը կայ, որ մեր հասարակութեան մէջ Ռուբէն Յովսէփեանի նման արժէքաւոր մարդիկ իրենց արժանի տեղը չեն գրաւեր մարդոց միտքին մէջ, ո՛չ, ընդհանրապէս, իրենց կենդանութեան, ոչ ալ, յաճախ՝ յետ մահու: Ռուբէն Յովսէփեանի պարագան մանաւանդ եզակի է, որովհետեւ իր մահէն երեք տարի անց, այսօրուանին նմանող նախաձեռնութիւններու կը սպասենք, որպէսզի վեր առնուին անոր յատկութիւնները անդրադառնալ կարենալու համար իր ատենին մեր ունեցած կորուստի ծանրութեան:

Հեղինակութիւններ կան, որոնք, իրենց ողջութեան կատարած դրական գործին առընթեր, ճիգ կը թափեն նաեւ յաւիտենականութեան մէջ իրենց անունը յիշողութիւններու մէջ ամրագրելու ուղղութեամբ՝ ուղղակի կամ անուղղակի ինքնաքարոզչութեամբ: Տարբեր է Ռուբէն Յովսէփեանի նման արժէքներու տեսակը: Այս տեսակը ոչ միայն իր քարոզչութիւնը չ’ըներ, այլ, ընդհակառակը, յատուկ ճիգ կը թափէ շուքի մէջ մնալու համար: Հասարակութեա՛ն պարտականութիւնն է այսպիսի անհատներու քարոզչութիւնը ի՛նքը ստանձնելու, որովհետեւ այդպիսի տիպարներու յիշատակէն ամենէն շատ օգտուողը ամէն պարագայի ինքը՝ հասարակութիւնը կ’ըլլայ: Կարելի չէ թերգնահատել Ռուբէն Յովսէփեանի նման առաքելատիպ մարդոց կարեւորութիւնը սերունդներու գաղափարական՝ թէ՛ մարդկային, թէ ալ ազգային դաստիարակութեան ոլորտներէն ներս:

Իսկ մարդկայնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը Ռուբէն Յովսէփեանի հիմնական յատկանիշները կազմած են արդէն իր աւելի քան եօթանասունամեայ գիտակից կեանքի ընթացքին. անոնք փառաւոր կերպով կը ճառագայթեն յաւերժութեան համար իր կողմէ մեզի ժառանգ թողուած գործերուն մէջ: Պատանիներն ու երիտասարդները պէ՛տք ունին Ռուբէն Յովսէփեանի նման օրինակելի բնորդներու:

Հայրենասիրութիւն կը բուրէ իր ամբողջ գործը, իսկ մարդկայնութիւնը՝ իւրաքանչիւր տողի մէջ է: Մարդկային ազնիւ վերաբերումը իր գեղարուեստական գործին մէջ չ’երեւիր միայն, այլ նաեւ՝ իր բարձրորակ անհատականութեան մէկ հիմնական բաղադրիչն է, որ ներկայ էր առօրեայի մէջ իսկ՝ ամէն տեսակի յարաբերութիւններու ընթացքին:

«Այս աշխարհում ոչ ոք, ոչ ոք չի ուզում հեքիաթը իրականութիւն դարձնել» ըսելով հանդերձ, ան միաժամանակ անդրադարձած է, թէ «այս աշխարհում ամենից, ամենից դժուար բանը հեքիաթն իրականութիւն դարձնելն է»: Այս երեւութական հակադրութեան մէջ կը թաքնուի Ռուբէն Յովսէփեանի անհուն լաւատեսութիւնը: Հեքիաթը իրականութիւն դարձնելը դժուար՝ բայց անյոյս գործ մը չէ իրեն համար: Դժուարութիւնը, սակայն, շատերու մօտ կը յառաջացնէ կամքի ընկրկում. բացառիկ են դժուարութիւնները պայքարով յաղթահարողները:

Այդպէս է իր հեքիաթին մէջ ապրող տղուն հայրը: Հեքիաթին եզրակացութիւնը երազի իրականացումն է, երբ երազող տղուն հայրը ամէն արդար միջոց ի գործ կը դնէ, կը տառապի, կը մսի եւ իր առողջութեան վնաս հասցնելու գինով տղուն բարձին տակ ճիշդ ժամանակին կը հասցնէ իր զաւկին երազած չորս նուռերը:

Ռուբէն Յովսէփեանին համար կարելի՛ է ուրեմն հեքիաթին իրականացումը: Իր պարագային ատիկա զարմանալի չէ. անոր կեանքի բնորդները երազը իրականութիւն դարձնողներ էին՝ Արամ Մանուկեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ ուրիշ բազմաթիւ այդպիսիներ:

Ռուբէն Յովսէփեան անտեղիտալի հայրենասէր մըն էր: Առիթը ունեցած եմ ասկէ առաջ մէջբերելու իր մահուան տարին Գերմանիա բուժումի համար մեկնելէ առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը.

«Ես էլ եմ հիւանդ, երկիրն էլ… առաւօտեան Գերմանիա եմ մեկնում ՝բուժուելու յոյսով։ Երկի՛րն ի՞նչ է անելու, ու՛ր է գնալու…»: Տուեալ պայմաններու մէջ այսպիսի յայտարարութիւն ընելու համար մէկը սովորական խմորէ կառուցուած մարդ չի կրնար ըլլալ: Սովորական մարդը զինք անմիջականօրէն տառապեցնող ցաւի մը առկայութեան, ուրիշի կամ ուրիշներու ցաւին մասին չի մտածեր առհասարակ: Ատկէ առաջ ալ սակայն, իր գրականութեան մէջ ցուրտ ու չքաւորութեան մէջ թաղուած, իր ժողովուրդը մարդավարի ապրեցնելու անատակ իր հայրենիքը, իր սքանչելի տիպարներով վերածած էր «ամենատաք ու ամենահարուստ» երկրի:

Հայրենասէր արուեստագէտ Ռուբէն Յովսէփեանի հիմնական թեմաները ըլլա՛յ գրականութեան, ըլլա՛յ ֆիլմարուեստի մէջ երեխան է ու տարիքոտը՝ բիձան: Այստեղ գեղեցիկ խօսքով եւ զգացումով արտայայտուող պատգամ կայ, որ կարծես կ’ըսէ՝ «ամբողջ մեր սէրն ու խնամքը երեխային, ամբողջ մեր սէրը, երախտագիտութիւնն ու յարգանքը երէցին», մէկ խօսքով՝ ճանչնալ ու յարգել անցեալը՝ պատրաստելու համար ճիշդ ապագան:

Ռ.Յովսէփեան կրաւորական հայրենասէր չէր, այլ՝ գործօն մասնակցութիւն բերած է հայկական հասարակութիւնը, հայկական պետութիւնը բարձրացնելու համազգային ճիգին: ՀՀ Ազգային ժողովի, ՀՅԴեան Բիւրոյի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տարիներու վրայ երկարող անդամակցութիւնը ժամանակ խլած են հայկական գեղարուեստին ծառայելու իր հիմնական առաքելութենէն: Այս ձեւով ինք միայն հայ գրականութեան, հայկական ֆիլմարուեստին ծառան չէ, այլ՝ մտաւորական՝ Հայաստանի համալսարանի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի՛ բնորոշումով, ըստ որուն զարգացած մարդը պէտք է լծուի իր նմաններու եւ իր հասարակութեան բառին լայն իմաստով մշակութային բարձրացման աշխատանքին:

Այդ պաշտօնը Ռ.Յովսէփեան կատարած է նուիրումով՝ զայն ընդունելով որպէս իր գործունէութեան գլխաւոր առանցքներէն մէկը:

Յարգանք իր յիշատակին»:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 16 Հոկտեմբեր 2019