Սիրելի Համազգայինի Ճեմարանի եւ courant d’art- ի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի յարգելի բարեկամներ

28 Մայիս 1928 պատմական թուական է Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան համար։ Անցեալ տարի Համազգայինը աշխարհի զանազան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան այդ հանդիսութեան, կրնան վկայել, թէ որքա՜ն տպաւորիչ եւ յուզիչ էր այդ երեկոն։ Ես անձնապէս դժուար  կրցայ արցուքներս զսպել, երբ Հայաստանի մէջ 90 տարիներ ետք, բեմին վրայ, թատրոնի կամ աւելի շիտակը կենդանի պատկերի ձեւով չափազանց հարազատօրէն ներկայացուեցաւ միութեան հիմնադրութիւնը։

Տեսարանը այսպէս էր. բեմը բացուեցաւ ներկայացնելով Եգիպտոսի մէջ գիշեր մը, թուական 1928։ Մութ սենեակի մը մէջ, աքսորուած կառավարութեան անդամներ, հայրենիքէն հեռու, ոմանք մտահոգ նստած, ուրիշներ ոտքի՝ սեղանի մը շուրջ հաւաքուած կը մտածէին։ Բեմին վրայ լռութիւն կը տիրէր… իսկ սրահը սահմռկած էր ի տես այս խորհրդաւոր տեսարանին։ Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան եւ այլ ազգայիններ վերակենդանացած էին ու կանգնած մեր աչքին առաջ։ Յանկարծ բեմը կենդանացաւ, խօսակցութիւն թէ վիճաբանութիւն կը հնչէր մեր ականջներուն։ Նիւթը հետեւեալն էր. ինչպէ՞ս փրկել անտէր-անտիրական զաւակները ցեղասպանութիւնէն բախտով փրկուած ազգի մը, որուն մեծամասնութիւնը կորսուած ու տարտղնուած էր Միջին Արեւելքի մէջ։ Գաղափարները զիրար խաչաձեւեցին, թեր ու դէմ կարծիքներէ ետք պայծառ կարծիք մը ճառագայթեց յանկարծ: Մէկ-մէկ մեզի ծանօթ մտաւորականները եւ քաղաքագէտները ոտքի կանգնեցան եւ միահամուռ որոշեցին հիմնել միութիւն մը, որ ամէն գնով հայերէն գիրը, գրականութիւնը, լեզուն պէտք է փոխանցէր եկող սերունդներուն։ Եւ այսպէս բեմին վրայ բոլորին համաձայնութեամբ ծնունդ առաւ Համազգային կրթական միութիւնը։ Սրահը թնդաց ծափահարութիւններով ի տես այս յուզիչ տեսարանին, ժողովուրդը վերադարձած էր 1928 թուական, թէեւ 2018 էինք։ Տարօրինակ մթնոլորտ մը կը տիրէր թատրոնէն ներս, մենք կ’ապրէինք 1928 թուականը, իսկ իրենք՝ հիմնադիրները, ականատես սրահին՝ 2018 թուականը: Պատմութիւնը միախառնուած էր իրականութեան հետ։ Կարծես Համազգայինի հիմնադիրները իջած էին աշխարհ, ներկայ էին մեր մէջ, բեմին վրայ՝ տխուր ու մտահոգ, սրահի մէջ երջանիկ… Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ ականատես էին Հայաստանի հողին վրայ Համազգայինի 90-ամեակի տօնակատարութեան, ժողովուրդին մէջ կը տեսնէին իրենց հիմնած դպրոցէն սերունդներ, Համազգայինի 90 տարուան գործունէութիւն, միութիւնը՝ բարգաւաճած, արդիականացած, երիտասարդացած… ծառը ծաղկած եւ հունտը նետած, ուր որ Հայ կայ։ Տեսան նաեւ՝ Հայաստանի մէջ իրենց հիմնած եւ ետին թողած մշակութային հաստատութիւնները, որոնք տակաւին կը գործեն, պետական համալսարան, պետական ցուցասրահ, պետական թանգարան, պետական երաժշտանոց, պետական թատերասրահ եւ շատ մը այլ մշակութային հաստատութիւններ։ Ժողովուրդը գիտակից էր, որ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ՝ 1918-1922, Հայաստանի մէջ այս բոլորը հիմնած էին այդ նոյն աքսորեալ կարավարութեան անդամները։

Այսօր Համազգայինը 91 տարեկան է, ունի չորս դպրոց, Մարսէյի Համազցայինը մէկ մասնիկն է այդ շղթային, 35 տարիներէ ի վեր դպրոցը հիմնուած, է եւ 15 տարիներէ ի վեր այս նոր եւ գեղեցիկ շէնքի մէջ փոխադրուած էք դուք։ Այս շէնքի կառուցման որոշումը կարծես երէկ ըլլար, երբ Համազգայինի օրուան ԿՎ-ը գիտակցելով որ դպրոցը չի կրնար շարունակել այդ նախնական «préfabriqués» տնակներուն մէջ՝ ընդառաջեց Մարսէյի Համազգայինի առաջարկին եւ միասնաբար ձեռնարկեցինք արդիական շէնքի կառուցման աշխատանքներուն։ Համազգայինի ԿՎ-ը Սուրէն Սարգիսեանի եւ Ամուսնոյս՝ Ատոմին նամակով յայտնեց, որ Մարսէյի դպրոցի հիմնաքարի զետեղումը ստանձնեն եւ հանդիսութիւնը հովանաւորեն։ Երկուքը սիրայօժար ընդունեցին ձեր դպրոցի շէնքի հիմնաքարի կնքահայրութիւնը։ Համազգայինի երկու բարեկամներ, որոնք ոչ միայն ընդունեցին, այլեւ իմանալով, որ Գարեգին Ա. վեհափառը Հայաստանէն ժամանած է Ֆրանսա, կը գտնուի Ֆրանսայի Հարաւը՝ Էջմիածնական իր ծուխերը այցելելու, անմիջապէս կապուեցան երջանկայիշատակ հօր հետ, որ ինք եւս ներկայ ըլլայ այդ հիմնաքարի արարողութեան եւ տայ իր օրհնութիւնը։

Տարիներու ընթացքին շատ շատեր գործեցին այս դպրոցէն ներս, յանձնախումբեր, օժանդակ մարմիններ եւ արհեստավարժ ուսուցիչներ։ Անսահման ճիգերով պահեցիք այս հաստատութիւնը՝ հասցնելով զայն այսօրուան բարձր մակարդակին։ Յակոբ Պալեան եղաւ առաջին տնօրէն-ուսուցիչը։ Դժուար է չյիշել մեր սիրելի տնօրէնուհի, ընտանիքի բարեկամ Լուսին Մալիքեանի երկար տարիներու գերմարդկային ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ Սեդա Պիպերեանի  նուիրեալ  տնօրէնութեան շարունակութիւնը այս դպրոցէն ներս։ Վարձքը կատար բոլորին։

Համազգայինը իր կրթական եւ մշակութային ծրագրերով այսօր կը գործէ Միջին Արեւելքէն-Եւրոպա, Ամերիկաներէն-Աւստրալիա։ Ինչպէս գիտէք, ունինք մեր դասական ծրագիրները, մեծամասնութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Համազգայինը սկիզբ առաւ։ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ Համազգայինը քիչ մը աւելի փոքր, սակայն մշակութային նոյն աշխատանքով կը ներկայանայ հանրութեան, ինչպէս այստեղ՝ Մարսէյ, ձեր պարախումբը եւ courant d’art-ի գործունէութիւնը. նաեւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ՝ Շուէտ, Փարիզ, Վալանս, Իսի լէ Մուլինօ նոյնպիսի մշակութային աշխատանքներ կը տարուին։ Հիւսիսային Ամերիկայի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ շրջանային վարչութիւններ եւ տեղական վարչութիւններ ունին պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերական խումբեր եւ զանազան այլ մշակութային գործունէութիւններ։ Այս բոլորին կողքին ԿՎ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են երիտասարդներու հաւաքներ՝ Forum, Youth link, Art link.
Քայլ պահելու համար օրուան ելեկտրոնային աշխարհի ընձեռած նորութիւններուն հետ՝ կեանքի դրուած են զանազան ծրագրեր։
-Համազգայինը ներկայ է, face book, Instagram եւ այլ ընկերային ցանցերու մէջ։
-Ունի մանուկներու հայերէն սովեցնելու տառատեսակ, արդիական ելեկտրոնային խաղեր, շուկայ իջած են հայերէն լեզուով խաղալիքներ եւ հայերէն երգող պուպրիկներ։ 
–  Ելեկտրոնային գրադարան։ 
Համազգայինի կայքէջը տեւական թարմացումի մէջ է. տեղեկանալու համար այս բոլորէն խնդրեմ այցելեցէք՝  www.hamazkayin.com

Յառաջիկայ  չորս  տարիներու ընթացքին Համազգայինի Եւրոպայի պատասխանատուութիւնը դրուած է իմ ուսերուս: Եւրոպան նոր շրջան է եւ նոր պէտքեր կը ներկայանան արտագաղթողներու պատճառաւ, կը յուսամ արդարացնել եւ ուսումնասիրել այլ կարելիւթիւններ։ Մենք մեր առաջին խորհրդակցական փորձը կատարեցինք անցեալ շաբաթ Անթիպի մէջ, Եւրոպայի արեւմտեան մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ, որ, կը կարծեմ, գործակցելու լաւ տրամադրութիւն ցուցաբերեց։

Համազգային վերջապէս մուտք գործած է նաեւ Հայաստան, ուրկէ ծնունդ առած է իր ոգին։ 91 տարիներէ ի վեր իր անդամները Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ կ’աշխատին ձեռք-ձեռքի հայրենի հողէն հեռու եւ ո՛չ մէկ ատեն միութիւնը ընկրկած է կամ դադրեցուցած իր աշխատանքը քաղաքական, պատերազմական, արտագաղթերու պատճառաւ։ Համազգայինը մեծ եկամուտներու կարելիութիւններ չունի, ծրագրերը կը ծնին Սփիւռքի կարիքներէն, եւ դրամը կը հետեւի գաղափարին։ 
Այսպէս եղած է Համազգայինի աշխատելաձեւը, նուիրատութիւնները կը կազմակերպուին միշտ յստակ նպատակի մը ծառայելու համար։ Ժողովուրդը կը հասնի Համազգայինին, Համազգայինը՝ ժողովուրդին։

Համազգայինի առաքելութիւնն է նոր սերունդներու մօտ ամրապնդել հայեցի դաստիարակութիւնը եւ պատրաստել ապագայի հայ ջահակիրները։ Ահաւասիկ ձեր դպրոցը օրինակ մըն է այդ հրաշքին։

Շնորհակալութի՛ւն։

Սելլա Թնճուկեան

 

Chers responsables de l’école Hamazkayin, membres du comité du courant d’art, parents d’élèves et amis présents.
Je vais essayer d’alterner une partie de ma parole en Français car il y a sûrement des personnes ici présentes qui préfèrent le Français, je voudrai juste vous prévenir que vous deviez vous contenter d’un Français un peu rouillé datant de mes années scolaires.
Ceci dit passons aux choses sérieuses.

L’année passée Hamazkayin a fêté ses 90 ans dans le monde entier.
Du 28 mai 1928 au 28 mai 2018. 90 ans d’existence;
Je viens de décrire une mise en scène d’une représentation impressionnante à laquelle l’année passée nous avons assisté en Arménie.
La scène s’est ouverte dans une atmosphère lourde et pesante où les quelques génies comme Nicole Aghpalian,Lévon Chante et d’autres intellectuels étaient assis en réunion dans une pièce sombre.
Le désespoir englobait ces exilés du premier gouvernement de la première république d’Arménie indépendante en vue de la Diaspora déracinée. Ils étaient réunis pour trouver une solution pour sauvegarder l’avenir de la Diaspora éparpillée un peu partout au Moyen Orient.. Après maintes discussions et différentes opinions, les idées succédèrent, soudain une brillante solution les a illuminés et ils se sont mis d’accord de
créer une association éducative qui serait seule salut de la Diaspora et sauvegarderait la langue et l’écriture arménienne. Ils ont décidé de nommer cette association Hamazkayin.
La salle a bondi d’émotion et de joie…
Je vous laisse imaginer le reste.

En effet, M. Sarkissian et Adom ont contacté Karékin Véhapar qui rendait une visite officielle de ses paroisses dans le sud de la France, et l’ont invité d’être présent à cette cérémonie de “Himnakar” et de donner sa bénédiction.
Karékin Véhapar a accepté avec enchantement car le lien qu’il avait avec Hamazkayin lui était très cher et l’amitié qu’il avait avec ces deux hamazkaynagan datait de très longtemps.
Plusieurs d’entre vous se rappellent sûrement de cette date historique de la cérémonie du “himnakar” qui a été une mobilisation et par la suite une accomplissement collectif de la famille Hamazkayin.

Votre fidélité envers cette institution est exemplaire et c’est grâce à votre dévouement et le résultat des élèves que vous avez gagné la confiance
des arméniens de Marseille et même des Arméniens d’Europe.