Այս զեկոյցը գիտական աշխատանքի մը եզրակացութիւնները ներկայացնող գրութիւն մը չէ: Մասնագէտի մը հետազօտութիւններու արդիւնք հարցեր դնող եւ անոնց լուծումները առաջարկող մանրամասն տեղեկագիր չէ: Այլ պարզապէս՝ ազգային մտահոգութիւն մը յայտնելու, մեր պատմութեան սարքած լաբիւրինթոսային ուղիներէն ազատագրուելով՝ հարթ եւ ուղիղ ճամբայ ելլելու նպատակով գրի առնուած մտածում մը:

Հայութիւնը մինչեւ օրս կը կրէ վերջին քանի մը դարերու իր անփառունակ պատմութենէն ժառանգած հետեւանքները: Հայաստան աշխարհը բաժնուած ըլլալով նախ երկու՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ, յետոյ երեք՝ նախորդներուն վրայ աւելցնելով Ռուսիան 19-րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ: Վերոյիշեալ ուժերը իրարու մրցակից ըլլալով եւ իրարու դէմ յաճախ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուելով ՝ իրենց հողերուն վրայ ապրող հայութեան մասնիկներու միջեւ հաղորդակցութիւնը դարերով բնականոն չէ եղած: Ապրելով քաղաքակրթական առաւել կամ նուազ չափով տարբեր միջավայրերու մէջ անոնք հետեւած են զարգացման տարբեր ուղիներու: Կազմուած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ հասարակութիւնները, աշխարհաբարի հիմնական երկու տարբերակներով՝ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Լեզուի երկու տարբերակներու հետագայ գրականացումը գրաբարը վերջնականօրէն դասեց մեռեալ լեզուներու դասակարգին մէջ: Ցեղասպանութիւնը արեւմտահայութեան մնացորդացը դարձուց աշխարհասփիւռ՝ աւելի խայտաբղէտ վիճակի մատնելով թէ՛ արդէն կոտորակուած եւ սկսելու համար գրեթէ անգլուխ արեւմտահայութիւնը, թէ՛ արեւմտահայերէնը: Այսպէս՝ երկուութիւնը կա՛ր արդէն, իսկ կացութիւնը անշուշտ ա՛լ աւելի բարդացաւ, երբ  Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները միակողմանի կերպով փոփոխութեան ենթարկեցին ուղղագրութիւնը:

Այսօր՝ անկախ պետականութեամբ օժտուած հայութիւնը, անկախութեան հռչակումէն մօտ քառորդ դար վերջ, լեզուական հարցով կը գտնուի տակաւին անմխիթար վիճակի մէջ: Ուժեղ ու յանդուգն որոշումներու եւ հեղինակաւոր խօսքի բացակայութեան, քիչ մը ամէն տեղ անցած ենք մասնակի ու ոչ անպայման առողջ լուծումներու իրականացման: Մեր ենթագիտակցութեան մէջ հետզհետէ տեղ կը գտնէ երկու լեզուներու յաւիտենական գոյակցութեան վիճակ մը, որ բարեբախտաբար լեզուաբանական փորձառութեան տարրական տուեալներէն մեկնած անիրապաշտ է ըստ ամենայնի: Ճիգ կը թափուի արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը ուսուցանելու իրարմէ բոլորովին անջատաբար, կարծես երկու տարբեր լեզուներ ըլլային անոնք: Խօսող կայ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն թարգմանութեան մասին եւ փոխադարձաբար: Կը խօսուի արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգներուն մասին, երբ նոյն այդ վտանգները կը սպառնան ընդհանրապէս հայերէնին ու բոլոր տկար հասարակութիւններու լեզուներուն՝ անշուշտ ազդեցութեան տարբեր արագութեամբ եւ տարբեր ուժգնութեամբ:

Թէ միութիւնը ժողովուրդները կը զօրացնէ, միայն լոզունգային յայտարարութիւն չէ: Իսկ միաւորող ազդակներուն մէջ ամենէն ազդեցիկներէն հաղորդակցութեան հասարակաց լեզուն է: Լեզուն ինչքան հասարակաց ըլլայ, այնքան կը նպաստէ հասարակութեան միաւորման, հետեւաբար՝ հզօրացման: Անշուշտ ներկայ պայմաններու մէջ այս մարզէն ներս բարելաւման ձգտող որեւէ բիրտ կամ բռնազբօսիկ միջոց չի կրնար հեշտութեամբ իր նպատակին ծառայել. այդ ձեւը յատուկ է բռնատիրութիւններուն: Միաժամանակ սակայն՝ վիճելին ու տեւական վէճը իրարմէ ա՛լ աւելի կը հեռացնեն հաւաքականութեան մասնիկները: Բայց բարեբախտաբար՝ բանաւոր լեզուն ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար դանդաղօրէն կը միաւորուի այդ մասնիկներու միջեւ յարաբերութեամբ ու հաղորդակցութեամբ: Լեզուի բնական ընթացքով միաւորումը ազգային յաւելեալ միացման առաջնորդող էական անհրաժեշտութիւն է: Հասարակութիւն եւ պետութիւն բնական այդ գործընթացը պէտք է դիւրացնեն:   

Սխալ է մտածել, թէ ատեն մը ետք արեւմտահայերէնը գործածող պիտի չըլլայ եւ հետեւաբար արեւելահայերէնը կը մնայ առանձին. այդպէս եթէ պատահի, հայերէնը շատ բան կը կորսնցնէ իր արեւմտեան բանականութենէն: Նոյնքան սխալ է մտածելը, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած ըլլալով մեր ամբողջ  ճիգը պէտք է կեդրոնանայ անոր փրկութեան հարցին վրայ: Սխալ չհասկցուելու համար ըսենք անմիջապէս, որ հայերէն լեզուի վրայ կատարուած որեւէ աշխատանք անպայման իր բարերար արդիւնքը կու տայ: Սակայն մասամբ ալ յումպէտս վատնուած ժամանակ է, քանի այսպէս կամ այնպէս երկուքին միաւորումը անխուսափելի է, այնքան ատեն, որ անոնց միջեւ անմիջական հաղորդակցութեան ճամբաները բաց են: Հետեւաբար ճիշդը այդ միաւորման ճամբան հարթելուն,  այդ միաւորումը ուղղորդելուն մէջ կը կայանայ:

Ներկայ հանգրուանին  ոմանց միտքին մէջ հարցը կը դրուի ”կա՛մ արեւմտահայերէն, կա՛մ արեւելահայերէն” տարազով, մինչդեռ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար՝ ”թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ արեւելահայերէն” կարգախօսը. այսինքն՝ միայն հայերէն, այնպէս ինչպէս ամրագրուած է հայկական պետութեան իրերայաջորդ սահմանադրութիւններուն մէջ: Մէկ խօսքով՝ արեւմտահայը պիտի գիտնայ արեւմտահայերէն, իսկ ան առնուազն պիտի հասկնայ արեւելահայերէն, արեւելահայն ալ՝ հակառակը. մինչեւ այն ատեն՝ որ երկու տարբերակները բնականօրէն լուծուին իրարու մէջ: Կը կարծենք, որ ասիկա՛ է իր ընդհանրութեան մէջ ժամանակակից հայերէնի հիմնական խնդիրը: Ի հարկէ, այս ծիրէն ներս ամենէն կնճռոտ հարցը կը մնայ ուղղագրութեան միաւորման խնդիրը, որուն լուծման պէտք է նպաստեն հայերէնի խնդիրներուն նուիրուող գիտաժողովներն ու խորհրդաժողովները այդտեղ ստեղծելով համապատասխան մթնոլորտ. այս խնդիրի լուծման համար ժամանակ պէտք է տրամադրեն մանաւանդ մեր մասնագէտներն ու գիտահետազօտողները:

          Գրեթէ օրը օրին տասը տարիներ առաջ Համազգայինը հրապարակային կերպով ներկայացուցած էր հայոց լեզուի միաւորման նպաստող որոշ թիւով առաջարկներ, որոնք կը վերարտադրուին ստորեւ.

ա.- Վերջնականօրէն լուծել համացանցի վրայ հայերէն տառերու գործածութեան միօրինականացման հարցը, քանի դեռ ուշ չէ։

բ.- Իբրեւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի դանդաղ միախառնման քուրայ Հայաստանի մէջ ստեղծել արեւմտահայ լեզուի ու գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման յատուկ կառոյց՝ նախընտրաբար պետական համալսարանի ծիրէն ներս։ Այսպիսի ձեռնարկ մը պէտք է համարել անմիջական անհրաժեշտութիւն։

գ.- Արեւմտահայերէնի մասնագէտներ՝ որոնց կարգին նաեւ սփիւռքահայեր, ներառնել «լեզուի պետական տեսչութեան», եւ «հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ»ին մէջ, որպէսզի դիւրանայ երկու լեզուներու փոխ-հարստացումը։

դ.- Սփիւռքի մէջ եւս հրապարակել բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած նոր բառերն ու կատարուած փոփոխութիւնները։ Զանոնք փոխանցել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն ու մամուլին։

ե.- Արեւմտահայերէնի մասնագէտներով համալրուած տեսչութիւնն ու բարձրագոյն խորհուրդը լուսարձակներէ հեռու պէտք է քննէ ուղղագրութեան հարցը՝ առանց նախօրօք  ճշդելու եզրակացութեան մը հասնելու պայմանաժամը։

Ի՞նչ եղաւ այս առաջարկներուն ճակատագիրը: Անոնց իրականացումը հետապնդուեցաւ Համազգայինին կողմէ:

Այսօր հայերէնը միւս բոլոր լեզուներուն նման համացանցային լեզու է: Միօրինականացումը բաւական ատենէ ի վեր արդէն տուեալ է: Համացանցային բոլոր գործիքներով կարելի է հայատառ գրել ու կարդալ: Կը բաւէ ունենալ կամքը. այլեւս գոյութիւն չունին արհեստագիտական դժուարութիւններ:

”Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման բաժանմունք” ստեղծելու Համազգայինի առաջարկին վրայ ԵՊՀը 2008/09 ուսումնական տարուան վերամուտին յայտարարեց, թէ կ’ընդունի ուսանողներ ”արեւմտահայերէն լեզու” մասնագիտութեան համար: Հետագային այս բաժանմունքը ամբողջացած ծրագրով կցուեցաւ  Սփիւռքի նախարարութեան ճիգերով ստեղծուած Սփիւռքագիտութեան ամբիոնին:

Նոյնպէս՝  վերոնշեալ մտահոգութիւններէն մեկնած Համազգայինի առաջարկով 2007ի հոկտեմբերին ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարական հրամանագրով Հայերէնի եզրաբանական խորհուրդի կազմին վրայ հրաւիրեալի կարգավիճակով աւելցան արեւմտահայերէնի մասնագէտ երեք սփիւռքաբնակ մտաւորականներ. սակայն դժբախտաբար տուեալ յանձնախումբը երբեք չգործեց այդպիսի կազմով:

Իսկ ուղղագրութիւնը միաւորելու լուրջ նախաձեռնութիւն մինչեւ այսօր դեռ չէ առնուած: Ուրախալի է տեսնել սակայն, որ այս հարցով երբեմնի կիրքը ճամբայ բացած է բարեկիրթ երկխօսութեան մթնոլորտի մը յառաջացման առջեւ:

Աւելորդ չենք նկատեր այստեղ անգամ մը եւս մէջբերել  Կոստան Զարեանի հետեւեալ մտածումը.

«Հայութիւնը մի է։ Չի կարելի բաժան-բաժան անել ո՛չ նրա ոգին, ո՛չ նրա թափը եւ ո՛չ այն հաւաքական ենթագիտակցականը, որ աղբիւրն է աղբիւրների եւ պատճառը պատճառների։ Հայաստանը, մեր աստուածների ձեռքով կերտուած, աշխարհագրական բնորոշ միաւոր է, ինչպէս միաւոր է մեր ցեղը եւ մեր լեզուն։ Հայ գրականութեան գերագոյն նպատակն է այս միութիւնը պահել եւ հասցնել իր բիւրեղացման վիճակին։

Ես հայութիւնը երեւակայում եմ իբրեւ մի։

Միասնական լեզուն պիտանի է ամբողջ հայութեան համար, որովհետեւ լեզուն պահպանում է ազգութիւնը։

Ես էլ եմ սկսել արեւմտահայերէնով, ապա անցել եմ արեւելահայերէնի։ Իմ նպատակը չէ եղած այդ լեզուները միացնել, այլ՝ հարստացնել մէկը միւսով»։

Չենք կարծեր, որ Կոստան Զարեան առանձին էր իր այս ձեւի մտածումներուն մէջ: Գիտակցաբար նոյնը չէ՞ փորձած արդեօք Լեւոն Շանթ իր հիմնած հաստատութենէն՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս շատերու զարմանքին առարկայ դարձած հայերէն մը դասաւանդելով: Խնդիրը ուրեմն ո՛չ արեւմտահայերէնը մահուան դատապարտելու հարցին մէջ կը կայանայ, ոչ ալ բնականաբար՝ արեւելահայերէնը. այլ՝ ժամանակի ընթացքին ինքնահոս զարգացումով, առանց խուճապի ու աճապարանքի՝ աշխարհաբարի ներկայիս երկու տարբերակներու փոխադարձ հարստացումով ու վերահսկելի կերպով հայոց նոր՝ մէկ ու միակ աշխարհաբարի կազմաւորումին մէջ:

Լեզուական միութիւնը վերահսկողի դերը բնականաբար պետական համապատասխան կառոյցներուն կը պատկանի. անշուշտ՝ հայկական լեզուաբանական ասպարէզի շահագրգիռ բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչներու գործօն մասնակցութեամբ։ Հաւաքականութեան քաղաքական կամքը պէտք է այս մարզէն ներս այլեւս արտայայտուի քաղաքական նպատակասլաց որոշումներով։

Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ խօսքը կ’ենթադրէ նաեւ մէկ հասարակաց լեզու: Այդ ուղղութեամբ նուազագոյն՝ սակայն միաժամանակ հետեւողական ճիգ մը անհրաժե՛շտ է այլեւս:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան,  18  Դեկտեմբեր  2015