28 մայիս 1928-ին հիմնուած Հայ Կրթական եւ հրատարակչական միութեան հիմնական նպատակին առաջին կէտը «հասնող սերունդին կրթութիւնը» կը սահմանէր: Ծրագիր-կանոնագիրը կը մանրամասնէր հետեւեալը. Միութիւնը`

ա. Պիտի հիմնէ մէկ-երկու ճիւղանի միջնակարգ վարժարաններ` եւրոպական քոլեճներու եւ լիսէներու համաստիճան:

բ. Պէտք է բանայ մանկական հաստատութիւններ, քառամեայ եւ ութնամեայ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ երեկոյեան, շրջուն եւ այլ պարբերական դասընթացքներ` յարմարելով տեղին եւ պահանջին:

գ. Պէտք է կազմակերպէ հայերէն լեզուով դասագիրքերու պատրաստութեան եւ հրատարակութեան գործը:

դ. Պէտք է կազմակերպէ մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքերու, գիտական ու պատմական ընթերցարաններու եւ պարբերականներու հրատարակութիւնը:

Այս ընդարձակ ծրագիրը երեք բաժիններէ բաղկացած ընդհանուր ծրագիրին մէկ մասն էր միայն: Զայն իրագործելու համար անհրաժեշտ էր, որ նորակազմ միութիւնը իրողապէս համազգային դառնար, այսինքն` որդեգրուէր գաղթաշխարհի հայութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ: Հիմնադիրները կը հաստատէին, որ «ազգային ոգին, դաստիարակութիւնը եւ մշակոյթը համահայկական են»:

Դիմումները, գործակցութեան թէ օժանդակութեան ակնկալութեամբ, հանդիպեցան քաղաքավար մերժումներու: Միութեան հիմնադրութենէն հազիւ երկու տարի ետք, 3 մարտ 1930-ին բացուած Հայ ճեմարանը ամբողջ յիսնամեակ մը մնաց Համազգայինի միակ դպրոցը: Ճեմարանի 90-ամեակին վերապահելով այս պատկառելի կրթական հաստատութեան պատմութեան մանրամասն ներկայացումը, բաւականանանք ըսելով, որ առանց նիւթական կայուն յենարաններու բացուած դպրոցը պահուեցաւ, պահպանուեցաւ, այլեւ ուռճացաւ ու զարգացաւ ի գին բազում զոհողութիւններու: Ճեմարանի երրորդ տարին, 1932-1933 տարեշրջանը զուգադիպեցաւ համաշխարհային տնտեսական սուր տագնապին: Հայ ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու մնայուն ուսուցիչները հաւաքաբար իրենց վրայ վերցուցին տնտեսական մատակարարման պատասխանատուութիւնը` կրճատելով եւ սահմանափակ եկամուտներուն յարմարցնելով իրենց աշխատավարձերը: Նոյն վարուելակերպը կրկնուեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն` 1939-ի աշունէն մինչեւ 1946:

Ճեմարանի տնտեսական հաւասարակշռութեան ապահովման համար մեծագոյն մասնակցութիւնը կը պատկանի Ամերիկայի Հայ կարմիր խաչին (Հայ օգնութեան միութիւն): Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութիւնը եւս, որուն ստեղծման համար ջանքեր թափած էր Լեւոն Շանթ իր Միացեալ Նահանգներ այցելութեան օրերուն լայն օժանդակութիւն ցուցաբերած է: Զանազան կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ եւ անհատ բարերարներ, սաներ պահելով Ճեմարանի մէջ, գոյացուցած են անոր ընթացիկ պիւտճէին մեծ մասը: Բարերարութիւններու շնորհիւ է դարձեալ, որ կարելի դարձած է Նշան Փալանճեան կալուածին գնումը եւ նոր շինութիւններով ամբողջացումը, ինչպէս նաեւ ներկայիս գործող Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:

Պէյրութի մէջ բացուող Ճեմարանը սահմանուած էր ծառայելու ամբողջ սփիւռքին: Աշակերտութեան մեծամասնութիւնը պէտք է գիշերօթիկ ըլլար: Յարմար միջավայրի մը մէջ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ պէտք է ապրէին միասին, ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան կ՛երազէր, «աշխարհական վանքի մը մէջ»: Լեւոն Շանթ ու իր գործակիցները, առանց օժանդակութեան վստահ երաշխիքներու, գործի լծուեցան «նոր հաւատք ընդունած մարդոց ջերմեռանդութեամբ»:

Գիշերօթիկ աշակերտներ եղած են առաջին կանոնաւոր տարեշրջանէն, 1930-31-էն սկսեալ: Սակայն անոր իսկական ծաւալման համար պէտք եղաւ սպասել Նշան Փալանճեան ճեմարանի կալուածին տիրացման եւ կեդրոնական շէնքին կողքին դպրոցական նոր շէնքին կառուցման, 1950-ական թուականներու սկիզբը:

Համազգայինի կրթական երկրորդ հաստատութիւնը հանդիսացաւ Մարսէյի ճեմարանը, որ բացուեցաւ 1980-ին: Անոր յաջորդեց, 1986-ին, Սիտնիի (Աւստրալիա) Արշակ եւ Սոֆի Գոլստոն ճեմարանը: Քանի մը տարիէ ի վեր, Համազգայինը կը հովանաւորէ նաեւ Փարիզի մօտակայ արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը:

Նկատելով, որ Ճեմարանի մէջ ջամբուած հայերէնագիտական կրթութիւնը անբաւարար կը մնայ պատրաստելու մտաւորական գործիչներ եւ ուսուցիչներ, Ճեմարանի վարիչները կազմակերպած են դասախօսական շարքեր կէսօրէ վերջերը: Յատկապէս, 1951-52 եւ 1952-53 տարեշրջաններուն, օգտուելով Կոստան Զարեանի Լիբանանի մէջ կեցութենէն, կազմակերպուած է արուեստի պատմութեան ազատ դասախօսութիւններու շարք մը:

Հայագիտական մասնաւոր դասընթացքի առաջին փորձը, ամէնօրեայ դրութեամբ կէսօրէ վերջերը ժամը 5:00-էն 7:00, կատարուած է 1953-54 տարեշրջանին եւ տեւած երկու տարի: Քսան տարի ետք, 1974-ին, ստեղծուած Հայագիտական հիմնարկը խափանուած է Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով: Բարեբախտաբար, պատերազմի իսկ տեւողութեան, 1979-ին Հայագիտական հիմնարկը վերաբացուեցաւ եւ գոյատեւեց 26 տարի, մինչեւ 2005: Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը 27 յունիս 1991-ին համաձայնագիր մը կնքեց Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Հիմնարկի եռամեայ ընթացքը աւարտողները իրաւունք ստացան Երեւանի մէջ շարունակելու իրենց ուսումը` մագիստրոսի տիտղոսին տիրանալու համար:

Ճեմարանի տնօրէններու եւ ուսուցիչներու հեղինակութեամբ բազմաթիւ դասագիրքեր հրատարակուած են` հայերէնի, հայ գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, գիտութեան եւ թուաբանութեան ծրագիրներով:

Հարկ է յիշատակել նաեւ Ճեմարանի տիպար մանկապարտէզին կողմէ կազմակերպուած մանկապարտիզպանուհիներու երկամեայ դասընթացքը, որ տասնամեակ մը գործեց եւ մասնագիտօրէն պատրաստեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիներու կարեւոր թիւ մը:

***

Հայ Ճեմարանի, հետագային` Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ ապա` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, գլխաւոր ներդրումը դպրոցավարական ըմբռնումներու եւ հայկական մանկավարժութեան զարգացման մէջ կը կայանայ: Ստեղծուած հայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու հասարակական գործիչներ պատրաստելու նպատակով, սկզբնական շրջանին Ճեմարանը շեշտը դրած է հայագիտական նիւթերու դասաւանդման վրայ, թէեւ առանց զանցառելու գիտական նիւթերը: Լեւոն Շանթ իր ինքնակենսագրութեան մէջ կ՛ըսէ, որ մանկավարժութիւն ուսանելու համար հարկ եղած է հոգեբանութիւն իմանալ, իսկ հոգեբանութեան համար` բնագիտութիւն: Ճեմարանի մէջ գործադրուած մանկավարժութիւնը դրուած էր գիտական հիմքերու վրայ: Առաջին շրջանաւարտ սերունդէն սկսեալ, աշակերտները կրցած են ներկայանալ պաքալորէայի քննութիւններուն ու յաջողիլ:

Ժամանակի ընթացքին, Լիբանանի ուսումնական օրէնքներու որդեգրումով եւ անոնց կրած փոփոխութիւններով կարելի չէր պահպանել հայագիտական նիւթերուն տրուած նախապատուութիւնը, սակայն, այդ նիւթերուն պահպանումը եւ անոնց տրուած կարեւորութիւնը մնացին միշտ ուշադրութեան առարկայ: Կարելի է անվարան վկայել, որ հայերէնագիտական նիւթերուն տրուած կարեւորութիւնը չէ ստուերած պետական պաշտօնական նիւթերուն մատուցումը: Փաստ` ճեմարաններու աշակերտներուն փայլուն յաջողութիւնները պետական քննութիւններուն:

Լեւոն Շանթ իր մանկավարժական ըմբռնումները ամփոփեց երկու ստուար հատորներու մէջ, որոնց երկրորդը կրցաւ ամբողջացնել մահուան մահիճին մէջ:

Թէեւ ուսանելի պէտք է ըլլար երկու հատորներուն մանրամասն ներկայացումը, սակայն բաւականանանք արտագրելով Լ. Շանթի տեղեկագիրներէն բխած վկայութիւն մը:

«Հայ Ճեմարանը գիտականօրէն դրուած է ընտանեկան հիմերու վրայ. ամէն կերպ կը ջանանք, որ դպրոցական կեանքը պաշտօնականի չվերածուի, որ աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան փոխադարձ շփումն ու յարաբերութիւնը` թէ՛ արտաքուստ, թէ՛ ներքուստ հոգեբանօրէն ըլլայ ընկերական պարզ ու բնական»:

Մ. Իշխան իր կարգին կը վկայէ. «Տնօրէնի եւ իր գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու իրար մէջ ունեցած փոխյարաբերութիւնները եղած են միշտ անկեղծ, սրտբաց եւ ընկերական: Ահա թէ ինչո՛ւ Ճեմարանի մէջ տիրած է վստահութեան մթնոլորտ մը եւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ հոն ինքզինք զգացած է հարազատ շրջապատի մէջ: Ասով պէտք է բացատրել այն բարեխիղճ աշխատանքը, զոր ամէն ուսուցիչ կատարած է առանց մշտատեւ եւ խիստ հսկողութեան: Հոն ծառայող կրթական մշակները հետզհետէ ձեռք բերած են նուիրական առաքելութիւն մը կատարողի գիտակցութիւնը եւ այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուած, միշտ աշակերտութեան առաւելագոյն օգուտը հետապնդելով ի խնդիր Ճեմարանի սերունդի մտաւոր եւ հոգեկան բարձրացման:

«Գիտակցութեան այդ նոյն զգացումն է, զոր տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները ձգտած են փոխանցել նաեւ աշակերտութեան»:

Համազգայինի ճեմարաններու ու կրթական հիմնարկներու առաքելութիւնը կը կայանայ լաւ մարդու ու լաւ հայու պատրաստութեան մէջ: Բազմահարիւր են ճեմարաններէ ու Հայագիտական հիմնարկէն շրջանաւարտներն ու թերաւարտները մեր հին ու նոր հանրային ու մշակութային կեանքին մէջ: Հազարաւորներ ալ, ծառայելով հանդերձ տարբեր ասպարէզներու, միութիւններու կամ ազգային մարմիններու անդամակցութեամբ, սփիւռքի այլազան շրջաններուն մէջ ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել ի խնդիր հայութեան գոյատեւման, հայ մշակոյթի զարգացման, Հայ դատին ու Հայաստանին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ