Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ հեռացաւ անձ մը, որ իր էութեամբ եւ գործով ինքնուրոյն դրոշմ մը ձգեց մեր իրականութեան մէջ:

Դժուար տարիներ անցուց: Կեանքի ու մահուան դէմ պայքարը դիւրին չէր անոր համար: Սակայն ապահով եւ զօրաւոր կը զգար իր շրջապատով: Առաջին հերթին՝ կնոջմով, ծնողքով եւ քոյրերով, երկրորդ հերթին՝ ծանօթ եւ անծանօթ այն հսկայ փաղանգին, որ կը հաւատար, թէ Արթունը ի գին ամէն բանի պէտք էր ապրելու իր իրաւունքը ունենար:

Այսօր ես պիտի չխօսիմ Արթուն Գալեմքերեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: Ոչ ալ իբրեւ մասնագիտութիւն պիտի անդրադառնամ անոր առողջական եւ հիւանդանոցային հանգրուաններուն: Ընդհակառակը, պիտի խօսիմ Արթունին այն կէտին մասին, որ այսօր ո°չ միայն իբրեւ հայ կարիքը ունինք, այլ համաշխարհային տագնապ դարձած երեւոյթ է:

Արթուն Գալեմքերեան մարդուն՝ գլխագիր Մարդու մասին պիտի խօսիմ: Հաւանաբար նուազագոյն չափով ծանօթ եմ Արթունին: Սակայն 2005-էն ի վեր իրեն հետ ունեցած կապս օրէ օր, ժամէ ժամ աւելի խորացուց այն զգացումը, որ ես գլխագիր Մարդու մը հետ գործ ունիմ:

Բացատրեմ ինչո°ւ:

2005-ի սկիզբները գրասենեակս կը ներկայանայ հայր մը՝ իր երիտասարդ տղուն հետ: Երկուքն ալ ժպտադէմ, համեստ, ազնիւ եւ մանաւանդ՝ ուրախ:

Պիտի զարմանաք ուրախ բառէն: Անոնք անհաւատալիօրէն ինքնավստահ էին, որ կրնան իրենց հանդիպած դժուարութիւնը յաղթահարել:

Երեք երկար տարիներ միասնաբար շարունակեցինք հիւանդութեան այդ անողոք ճամբան:

Ոչ մէկ ատեն Արթուն յուսահատ էր: Մինչեւ իսկ մահաքունի վերջին օրերուն, որպէսզի իր վրայ ուժ եւ կորով գար, մայրը կը կրկնէր ու կþըսէր՝ «պիտի լաւանա°ս եւ Հալէպ պիտի վերադառնանք»:

Հալէպ բառը իրեն համար ցաւազրկումի դեղի պէս էր, անիկա իր ցաւերը կը մեղմացնէր:

Տեսակ մը սէր եւ կապուածութիւն ունէր իր ծննդավայրին: Երախտապարտ եւ պարտական կը զգար: Հալէպի հետ կապուածութեան գծով ուրիշ օրինակ մը պատմեմ:

2005 սեպտեմբերին, երբ ինք եւ իր կինը գրասենեակս ներկայացան շնորհակալութիւն յայտնելու բուժման ընթացքին ԱՖՀԻԼ-ի ցուցաբերած խնամքին եւ գուրգուրանքին համար, նկատի ունենալով, որ Համազգայինի մէջ ալ պաշտօն ստանձնած էի, առաջարկեցի, որ Լիբանան մնայ եւ դասաւորումներ կþընենք, որպէսզի մեր եւ պետական երաժշտանոցին մէջ աշխատելով՝ լաւ եկամուտ ունենայ: Պատասխանը դարձեալ ժպիտով էր. ան ըսաւ, որ ես իմ գաղութիս օգտակար պիտի ըլլամ, կþուզեմ նախ հոն ծառայել, յետոյ կը մտածեմ:

Առաջին հերթին իր ծննդավայրին հանդէպ գլխագիր Մարդու մը երախտագիտական զգացումը ի յայտ կու գար եւ այդ սէրը այնքան մեծ էր, որ չէինք կրնար յարգանք եւ սէր չունենալ նման մէկու մը հանդէպ: Բնականաբար կը յիշէք նաեւ այն բոլոր հալէպահայ տղաքը, որոնք օտար երկինքներու տակ որքան լաւ պայմաններով կþաշխատին: Արթունին օրինակը մեզի համար յարգելի է եւ ճիշդ նոյն պատճառով լիբանանահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին անոր կեանքը ազատելու կամ գէթ երկարաձգելու համար:

Սակայն աւա¯ղ:

Նիւթապաշտ եւ մակերեսային մեր դարուն կը նկատէք, որ պատեհապաշտ ու այլասերող հոսանք մը սկսած է զարգանալ բոլոր մակարդակներու վրայ: Արթուն իր դարուն մարդը ըլլալով՝ հեռու էր այդ բոլորէն: Մարդ էր ամէն բանէ առաջ: Կը հաւատար աշխատանքին: Կը հաւատար եւ կը սիրէր շրջապատը: Յարգանք ունէր բոլորին հանդէպ՝ մեծին ու փոքրին: Ոչ ոք կրնայ հակառակը փաստող դրուագ մը յիշել: Այսօր անոր կեանքի հանգրուաններէն անդին ամէնէն յատկանշականը եւ բացայայտը այն է, որ ան իր էութեամբ զգայուն էր, բայց՝ զուսպ, ազնիւ, բայց՝ լաւ դատող, երախտապարտ՝ արժէքներու հանդէպ եւ քաղաքավար՝ բոլորին հետ:

Գլխագիր Մարդ ըլլալու հրամայականը բոլոր ժամանակներէ աւելի այսօր կը զգացուի: Կþապրինք դարու մը մէջ, երբ մարդ արարածը առաւելագոյն չափով սկսած է պարպուիլ իր մարդկային եւ հոգեկան արժէքներէն: Նիւթը, մակերեսայնութիւնը, պատեհապաշտութիւնը, բամբասանքը, հաճոյակատար ըլլալը նոր բառեր են մարդկային մերօրեայ չափանիշներու: Այս փոթորկոտ եւ կլանող հոսանքին դիմաց Արթունին մաքրամաքրութիւնը կու գար զարմացնելու բոլորս:

Այո°, Արթունը մարդ մնալու եւ անոր արժէքը բարձր պահելու սկզբունքով ապրեցաւ եւ իր կեանքի ու բնաւորութեան օրինակով ինքզինքը փաստեց եւ բոլորիս սրտերուն մէջ մտաւ:

Արթունը ո°չ լաւ ճառախօս էր, ո°չ լաւ բանախօս: Արթունը իր համեստ եւ ազնիւ բնաւորութեամբ եւ երաժշտութեան հանդէպ իր սիրով ու գործով նոր էջ մը բացաւ հալէպահայ կեանքին մէջ:

Վերջին 28 օրերուն ընթացքին, երբ հիւանդանոցն էր դարմանող հիւանդապահուհիներուն հետ ոգեղէն կապ մը ստեղծուեցաւ: Առաւօտեան ժամը 6:00-ին, երբ մահուան լուրը առին, ծնողքին ողբին միացաւ նաեւ անոնց լացը:

Տեսակ մը անբացատրելի մարդկային հմայք մը ունէր Արթուն, որ կարծես այս աշխարհը եկած էր օրինակ մը ըլլալու ազնուութեան, համեստութեան եւ քաղաքավարութեան:

Մենք շատ կարիքը ունինք նոր Արթուններու: Լիբանանը եւ Սուրիան պէտք է ունենան ուրիշ Արթուններ, որոնք Արթունի օրինակով պէտք է ծառայեն եւ իրենց ներդրումը բերեն գաղութին եւ նոր սերունդին օրինակելի խթան մը ըլլան:

Քառասուն օրերը, գիտեմ, դժուար անցան: Ձայն մը, անկիւն մը, թաղ մը, նուագ մը, երգ մը, ուտելիք մը, գոյն մը ամէն մէկ տեղ Արթունին յիշատակը կայ: Ամէն տեղ է ան, վստահ եմ: Ամէն տեղ պիտի մնայ, անո°ր ալ վստահ եմ: Բայց մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ առ յաւէտ պիտի պահպանուի:

Վստահաբար մեր կեանքին մէջ Արթունի ժպիտը յաճախ պիտի յիշենք: Այն ժպիտը, որ մահը դիմաւորեց, այն ժպիտը, որ բոլորին աչքերուն եւ հոգիներուն բաժնեց, այն ժպիտը, որ իր ցաւերուն մէջ գծուեցաւ իր դէմքին վրայ: Ու այդ ժպիտը մեր մէջ պահելով՝ ամէն օր քիչ մը աւելի կþազնուացնէ մեր հոգիները:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ