Սուրիոյ շրջանը 1987ի Յունիս 21ին օժտուած է Շրջանային Վարչութեամբ: Ան կը համադրէ ու կը ծրագրէ Սուրիոյ շրջանի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը, կը ղեկավարէ շրջանի վեց մասնաճիւղերուն (ներկայիս հինգ), չորս միաւորներուն եւ Շրջանային յանձնախումբերուն աշխատանքը:

  1. «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Հալէպի մէջ 1930ին եւ կը հաշուէ 560 անդամ: Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գործէ յանձնախումբերով ( գրական, երաժշտական, թատերական, ընկերային եւ տիկնանց: Ունի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբեր, ինչպէս նաեւ «Լ. Շանթ» թատերախումբ, «Արշիլ Կորքի» գծագրական արուեստանոց եւ «Էսդրատային»  նուագախումբ ):
  2. «Հ.Ե.Մ.» մասնաճիւղը ունեցած  է  Համազգայինի հովանաւորութիւնը 1989ին. կը հաշուէ 340 անդամ: Զբաղած է մասնաւորաբար Հայ Դատի նուիրուած արաբերէն հրատարակութիւններով, ինչպէս նաեւ հայ-արաբ մշակութային փոխ յարաբերութիւններով:
  3. «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը  հիմնուած է Լաթաքիոյ մէջ 1965ին եւ կը հաշուէ շուրջ 75 անդամ:  Ունի  «Գեղարդ» պարախումբ  եւ «Նարեկ» երգչախումբ:
  4. «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղը  հիմնուած է  Քեսապի մէջ 1988ին եւ կը հաշուէ 53 անդամ: Ունի  թատերախումբ ինչպէս նաեւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան եւ «Կիլիկիա» երիտասարդական երգչախումբեր:
  5. «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը  հիմնուած է  Դամասկոսի մէջ 1952ին եւ կը հաշուէ 230 անդամ: Ունի «Աղթամար» երգչախումբ: Կը կազմակերպէ Սօլֆէժի, գծագրութեան եւ հայկական պարի դասընթացքներ:
  6. «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը  հիմնուած է Գամիշլիի մէջ 1987ին եւ կը հաշուէ  90 անդամ: Ունի թատերախումբ,  «Վանա» պարախումբ,  «Կոմիտաս» երաժշտական դպրոց,  երգչախումբ, ինչպէս նաեւ  ամառնային դպրոց:

«Զաւարեան» թատերախումբը հիմնուած էր Հալէպի մէջ 1936-ին. 1988-ի Սուրիոյ  Շրջանային Բ.  ներկայացուցչական ժողովի  որոշումով  «Զաւարեան» թատերախումբը միացաւ Համազգայինին եւ դարձաւ Համազգայինի   Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զաւարեան» թատերական միաւոր, որ ստանձնեց թատերախումբի գործունէութիւնը:

Թատերախումբը մասնագէտ բեմադրիչներու  գլխաւորութեամբ յաջորդաբար ներկայացուցած է հայ թէ օտար հեղինակներու գործեր:

«Զուարթնոց» երգչախումբը հիմնուած է 1969ին եւ գործած Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ:

1988-ի Սուրիոյ Շրջանային  Բ. ներկայացուցչական ժողովի  որոշումով  «Զուարթնոց» երգչախումբը ունեցաւ Համազգայինի հովանաւորութիւնը եւ դարձաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի միաւոր, ունենալով հայ եւ օտար երաժիշտներու զանազան ժանրերու բարձր որակի  երգչախմբային կատարումներ:

«Հայագիտական Հիմնարկի»ի միաւորը հիմնուած է 1996ին: Հիմնարկը  կը գործէ  քառամեայ դրութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս,   շաբաթական 5 օր տեւողութեամբ  ուսուցանելով՝  հայ լեզուի, գրականութեան եւ մանկավարժութեան առնչուած նիւթեր, տեղական եւ հայրենիքէն հրաւիրուած վկայեալ դասախօսներու կողմէ: Հայագիտական Հիմնարկը ունի շուրջ 35 ուսանող: Շրջանաւարտները կը պաշտօնավարեն հայկական վարժարաններէ ներս իբրեւ ուսուցիչ, կամ ազգային կառոյցներէ ներս՝ իբրեւ գործավար:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը  հիմնուած է 1986ին: Դպրոցը կը գործէր Հ.Ե.Մ.ի անմիջական հովանաւորութեան տակ մինչեւ 1997:  

1997-ի Սուրիոյ   Շրջանային Թ. ներկայացուցչական  ժողովի որոշումով  «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. դպրոցը դարձաւ Համազգայինի միաւոր, որ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Ազգ. Սահակեան Վրժ.էն ներս, դրսեւորելով նորահաս սերունդին երաժշտական շնորհներու ծաղկումը:

Դպրոցը ունի շուրջ 350 աշակերտ: Կ°ուսուցանուին երաժշտական զանազան գործիքներ, ինչպէս նաեւ ձայնամարզութիւն եւ Սօլֆէժ: Միաւորը ունի նաեւ «Սենեկային» նուագախումբ եւ քանոնահարներու խմբակ, որոնք  հանդէս կու գան Հալէպի եւ շրջաններուն մէջ:

Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, շնորհիւ երկրին ընձեռած համախումբ ապրելու կարելիութեան եւ անդամներու հետաքրքրութեան, ունի շօշափելի թիւ եւ բեղուն գործունէութիւն: