Երբ դպրոցէն ինծի տեղեկացուցին, որ ես ալ Համազգայինի ուսանողական Ֆորումին պիտի մասնակցիմ, շատ ուրախացայ, որովհետեւ կեանքիս անմատչելի երազը վերջապէս պիտի իրականանար եւ պիտի կարենայի Հայաստանը տեսնել:

Մոռցայ Համալսարանի մուտքի քննութիւնը, քրոջս աւարտական հանդէսը եւ գերազանցեցի համալսարան ընդունուելու մտահոգութիւննները, լքեցի բոլոր սրտմաշուքներս, որպէսզի հետեւիմ երազիս եւ ի վերջոյ հայրենիքս տեսնեմ:

Յուլիս 11-ի գիշերն է արդէն… հայկական օդանաւը իր թռիչքը կատարեց, եւ ժամը երեքին Զուարթնոց օդակայանը «ոտք կոխեցինք». Հայաստան հասանք: Տարբեր զգացում մը ծնունդ առաւ իմ փոթորկած հոգիիս մէջ… կարծես դրախտ հասեր ենք: Երբ օդակայանէն դուրս ելանք, ուղղուեցանք դէպի Երեւանի Պետական Հասալսարանի հիւրանոցը. ճամբան մութ ըլլալով հանդերձ, կրցայ Հայաստանը տեսնել հայրենասիրական զգացումներուս ընդմէջէն: Հայրենիքս ըլլալով եւ ինծի համար երազային երկիր մը ըլլալով հանդերձ, բնաւ չէի պատկերացներ, որ Հայաստանը այսքան գեղեցիկ եւ հիանալի երկիր մըն է իր բնութեամբ, ժողովուրդով, ինչպէս նաեւ իր հնութիւններով, խաչքարերով եւ եկեղեցիներով: Կը կարծէի, թէ անկարելի երեւոյթ մըն է Հայաստանը մեր զգացումներու աշխարհէն դուրս գեղեցիկ ձեւով պատկերացնելը:

Իր կազմակերպած ուսանողական հաւաքին շնորհիւ, Համազգայինը կրցաւ համախմբել աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ ուսանողներ եւ իրենց ծանօթացնել հայ մշակոյթին: Հաւաքին մասնակիցները եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Պրազիլէն, Արժանթինէնլ եւ Հայաստանէն:

Շաբաթ 12 Յուլիս.Հազիւ երեք ժամ քնացած՝ ուղղուեցանք դէպի հանրապետութեան հրապարակ: Անվերջ պտոյտներէ ետք, հիւրանոց վերադարձանք: Կիրակի 13 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Ֆորումին պաշտօնական բացումը. հոն բոլոր մասնակիցները իրենք զիրենք ներկայացուցին: Նոյն օրը այցելեցինք Մայր Հայաստան, Սասունցի Դաւիթի արձանը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անցանք Աբովեան պողոտայէն, հանրապետութեան հրապարակէն եւ գիշերը մեկնեցանք դէպի Աշտարակի Ձոր: Յաջորդ օրերուն ներկայ եղանք բազմաթիւ դասախօսութիւններու, պաշտօնական այցելութիւններու եւ պտոյտներու. այցելեցինք Օշական գիւղը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդավայրը, Ապարան՝ ուր տեսանք Ամբերդը, Գառնին՝ Հայաստանի մէջ գտնուող միակ հեթանոսական տաճարը, Գեղարդը՝ ժայռերու մէջ քանդակուած, Ծիծեռնակաբերդը՝ հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը, Եռաբլուրը՝ ուր քնացած են Արցախի հերոսները, Խոր Վիրապը՝ ուր մնաց Գրիգոր Լուսաւորիչը քրիստոնէութիւնը պահպանելու համար, Նորավանք՝ ուր առաջին անգամ ըլլալով Աստուծոյ պատկերը ներկայացուած է, Արամուս գիւղը՝ ուր աշակերտները խղճալի պայմաններու մէջ իրենց ուսումը կը ստանան, ազգային բանակի զօրամասը՝ ուր հայ երիտասարդները կը պատրաստուին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար, Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, Էջմիածինը՝ աշխարհի առաջին եկեղեցին, Սեւանը՝ ներկայ Հայաստանի մեծագոյն լիճը, Գօշավանքը, Սարդարապատը՝ ուր հայ «խենթեր»ը կրցան մեր երկրին անկախութիւն պարգեւել, Ծաղկաձոր՝ ուր հայ որբեր կը հաւաքուին 15 օրուան համար. այցելեցինք հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, Սարեանի եւ Փարաջանովի թանգարանները, Սարդարապատի իւրայատուկ թանգարանը, Հայաստանի Պետական Համալսարանը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցանք թատերական ներկայացումի մը:

Այսպէս, Համազգայինը 15 օրերու ընթացքին մեզի ծանօթացուց ամբողջ մշակոյթի մը, զոր մենք կը ճանչնայինք միայն հայոց պատմութեան ընդմէջէն: Այո, Համազգայինը հայ երիտասարդը ծանօթացուց իր հայրենիքի հողին, քարին ու մշակոյթին, ինչպէս նաեւ ընկերային ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեց սփիւռքի տարբեր երկիրներէ եկած ուսանողներու միջեւ: Վերջապէս, ինքզինքս բախտաւոր կը զգամ, որովհետեւ կրցայ Հայաստանը տեսնել, առ այդ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Համազգայինին, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անհատական ձեւով կարենայի ճամբորդել, պիտի չկարենայի այս բոլորին ծանօթանալ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Համազգայինին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ որովհետեւ նոր ընկերներու ծանօթացայ: Հայրենիքի գաղափարին հաւատալը բաւարար չէ հայու մը համար. ամէն հայ պարտադրուած է Հայաստան երթալ, որպէսզի տեսնէ, ճանչնայ իր երկիրը, մշակոյթը եւ վերջապէս ճանչնայ իր հայկական ինքնութիւնը: Շնորհակալութիւն Համազգային, շնորհակալութիւն Հայաստան:

Ժանօ Քէքէճեան