Գասպար Իփէկեան ամբողջ քառորդ դար անուրանալի հեղինակութիւն էր իբրեւ տաղանդաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Թիֆլիսի, Պոլսոյ, Թեհրանի, Պաղտատի եւ Եգիպտոսի մէջ:

Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:

1930ին Գ. Իփէկեան կը հաստատուի Պէյրութ եւ հազիւ տարի մը ետք մեծ յաջողութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով, կը բեմադրէ Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլը», իսկ 1934ին, նոյն յաջողութեամբ կը ներկայացնէ իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»ը:

1941ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, կը նախաձեռնէ կազմութեանը «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան», որուն նպատակը պիտի ըլլար թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներու մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստին հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» էր 1942ին, ապա՝ Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ «Պէպէքս»ը՝ 1943ին, իսկ 1944ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945ին՝ Լ. Շանթի «Կայսր»ը…

1952ին կը մահանայ Գ. Իփէկեան: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը յաւերժացնելու համար իր ղեկավարին յիշատակը՝ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւնը» կ°անուանէ «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ, որ ցարդ կը շարունակէ կոչուիլ նոյն անունով:

Գասպար Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգիսեանը, որ շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ, դերասան-դերուսոյց՝ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին: Գասպար Իփէկեան թատերախումբը մնայուն ճիգի մէջ եղաւ հայ լեզուն անաղարտ պահպանելու, հայ բարքերը ամրապնդելու եւ հայ մշակոյթը տարածելու:

Թատերական ներկայացումները անպայման ունէին դաստիարակիչ դերակատարութիւն: Շնորհիւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի թատերական ներկայացումներուն, ծաւալեցաւ մշակոյթի սէրը, նրբացաւ ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը: Մշակութային վերելք արձանագրուեցաւ ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ՝ Միջին Արեւելքի եւ հեռաւոր հայ գաղթօճախներու մէջ իրագործուած հիւրախաղերու միջոցով:

ԺորԺ Սարգիսեան համակ նուիրումով ամբողջ 30 տարի մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրով եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով մը՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը, համանուն բարերարին նուիրատուութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերուսոյց եւ հայ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեան արժանացաւ լիբանանեան Մայրիի Ազգային Կարգի Ասպետի շքանշանին՝ «սատարած ըլլալով Լիբանանի մէջ թատրոնի տարածման եւ նպաստած ըլլալուն արուեստի մակարդակի բարձրացման, մեծ եռանդով ու նուիրումով, անձնական ամէն ճիգ թափելով այս ճամբուն մէջ», ինչպէս կ°ըսէ այս առթիւ 24 Յունիս 1965ին հրապարակուած հրամանագիրը:

Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը քանի մը տարի դադրեցաւ գործելէ: Այնուհետեւ, որոշ փորձեր եղան մեծ կորուստը դարմանելու եւ թատերախումբը վերաշխուժացնելու համար:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի ղեկավարութեամբ թատերախումբի գործունէութիւնը վերսկսաւ որոշ շրջանի մը համար: Ներկայացուեցան «Օշին Պայլը» եւ «Պարոյր Հայկազն ու Մովսէս Խորենացին», որմէ ետք խումբը շրջան մը եւս դադրեցաւ գործելէ: Ապա, խումբի անդամները ճիգ ու աշխատանք չխնայեցին վերաբեմադրելու Ժորժ Սարգիսեանի վերջին գործը՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը: Այս աշխատանքը, սակայն, հիմնական լուծում մը չբերաւ թատերախումբի փառաւոր անցեալը վերականգնելու:

Անկիւնադարձային եղաւ 1988 թուականը, երբ Համազգայինի 60ամեակին առիթով, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը դիմեցին բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեանին, որպէսզի 60ամեակի առիթով բեմադրէ թատերական վաւերական մեծ ու բազմամարդ գործ մը, որ պիտի հովանաւորուէր Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ: Արդարեւ, «Հին Աստուածներ»ու բեմադրութիւնը, որ մեծ արձագանգ ունեցաւ օրին, ազդանշան եղաւ Վարուժան Խտըշեանի հետ գործակցութեան նոր ժամանակաշրջանի մը: Վարուժան Խտըշեան, որ իր նախնական թատերական փորձերը սկսած էր «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ եւ ամբողջ 30 տարի անդամ էր խումբին, ամէնէն յարմար անձն էր գործի գլուխ անցնելու այն թատերախումբին, որմէ ծնունդ առած էր: Վարուժան Խտըշեան թատերական մասնագիտական կրթութիւն ստացած էր Լոնտոնի մէջ եւ որոշ ժամանակ ղեկավարած էր Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, ապա ստեղծած էր իր թատերախումբը՝ «Թատրոն 67», որ բաւական գործելէ ետք դադրեցաւ աշխատանքէ: Հետեւաբար, Խտըշեան ստանձնեց թատերական մեծ վաստակ ունեցող «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ղեկավարութիւնը՝ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ: Այս ժամանակաշրջանին, նկատի ունենալով Համազգայինի կառոյցին մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները եւ զանազան երկիրներու մէջ նոր Շրջանային Վարչութիւններու ստեղծումը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը դադրէր Կեդրոնական Վարչութեան կապուած ինքնուրոյն միաւոր մը ըլլալէ եւ իր երթին կը վերսկսէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ:

Վարուժան Խտըշեան շուրջ 15 տարի վարեց այդ պատասխանատու գործը՝ բեմադրելով հայ եւ օտար բազմաթիւ հեղինակներու գործեր, ինչպէս՝ «Հին Աստուածներ», «Կայսրը», «Երկինքի Ճամբով», «Մինչեւ ո՞ւր»…: Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ օտար հեղինակներէ ներկայացուած գործերէն յատկանշական էր «Գինը» թատերախաղը, ուր բացառիկ խաղարկութեամբ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայ բեմ կը բարձրանային հայրենի արուեստագէտներ Սօս Սարգսեան, Վիգէն Ստեփանեան եւ ուրիշներ:

Վարուժան Խտըշեան մասնագիտական իր պատրաստութեամբ յաջողեցաւ աւանդականը նորին ընդելուզել: Ան թարմութիւն մը բերաւ Համազգայինի թատերական կեանքին եւ արժանացաւ բազմաթիւ շքանշաններու, վերջինը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Մեսրոպ Մաշտոցի» շքանշանն էր: Ան նաեւ արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին:

Վարուժան Խտըշեանէն ետք թատերախումբին բեմադրութիւնը շրջան մը ստանձնեց հայրենի բեմադրիչ եւ դերասան Դաւիթ Յակոբեան, որ կարգ մը ներկայացումներ տուաւ լիբանանահայ գաղութին:

Համազգայինի թատերական միաւորին աշխատանքը իր լրումին չէր հասներ, եթէ հիմնական եւ այլ բեմադրիչներու կողքին զոհողութեան բեռը չվերցնէին բազմահարիւր դերասաններ, քուլիսներու ետին լուռ աշխատողներ, որոնք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ յաջողեցան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին անունը միշտ վաւերական պահել եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել:

Թատերախաղեր