Ուրախ ենք, որ ԵՊՀի եւ Համազգայինի գործակցութեամբ անգամ մը եւս կը կայանայ այլեւս աւանդութեան կարգին անցած հերթական գիտաժողովը: Նոյնպէս ուրախ ենք, որ այս անգամ կը միանայ նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ինչ որ պետական հովանաւորութիւն ալ կ’ընծայէ այս նախաձեռնութեան:

            ԵՊՀի եւ Համազգայինի միջեւ գործակցութիւնը պատահականութեան արդիւնք  չէ: Անկախ այն բազմիցս արտայայտուած իրականութենէն, թէ երկուքն ալ իբրեւ հասարակաց հիմնադիր ունին Նիկոլ Աղբալեանը, այս գործակցութիւնը բնական ձեւով սկսած է, երբ երկար տեւած արգելքէն ետք, հայրենիքի դուռերը բացուեցան նաեւ Համազգայինի առջեւ. յատկապէս՝ Հայաստանի նորագոյն անկախ պետականութեան հռչակումէն ետք:  

            Կրկնելու գնով ըսենք, որ Համազգայինը յաճախ կը քննադատուի Հայաստանի մէջ բացառաբար սփիւռքի մէջ գործած մտաւորականներու աշխատանքին շուրջ քննարկումներ կազմակերպելուն համար: Ատիկա ճիշդ է եւ ատոր պատճառն ալ՝ պարզ: Գիտաժողովներու նիւթ եղած են ցարդ Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Համաստեղը եւ Յակոբ Օշականը: Այս եւ ասոնց նման հեղինակները քաղաքական պատճառներով երկար ատեն մուտքի արտօնագիր չունէին հայրենիքէն ներս: Բայց եւ այնպէս արդէն խորհրդային օրերուն՝ շնորհիւ ազգային մտահոգութիւններ ունեցող որոշ թիւով մարդոց յանդուգն՝ բայց միաժամանակ խելօք քայլերուն, Պաղ պատերազմի ձիւնհալով աստիճանաբար սկսաւ անոնց ներկայացումը նաեւ հայրենիքէն ներս: Դժբախտաբար սակայն անոնք երբեք ժողովրդական ընդունելութիւն չունեցան. անոնց գործերը մնացին մասնագէտներու սեղաններուն վրայ. մասնաւոր ճիգ չէ թափուած զանոնք ժողովրդականացնելու:

            Յամենայնդէպս՝ այսօր քննարկման առարկայ Աւետիս Ահարոնեանը կը ներկայացնէ յատուկ պարագայ մը. ժողովրդականութիւն վայելած գրագէտ եղած ըլլալու կողքին, ան նաեւ եղած է հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ խորհրդարանի նախագահութեան առընթեր հայութիւնը ներկայացնելով միջազգային քաղաքական բեմերուն վրայ. Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող գրիչը կը պատկանի իրեն: Աւետիս Ահարոնեան առանձին չէր. 1918ի հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ ղեկավարութիւնը կազմուած էր հասարակական ասպարէզ նետուած մտաւորականներէ՝ սկսած վերեւ նշուած Նիկոլ Աղբալեանէն եւ Լեւոն Շանթէն: Կրնաք զաւեշտաբար մտածել, որ ատիկա՛ եղած է թերեւս պատճառը հանրապետութեան փլուզման. բայց մեր օրերուն, երբ մտաւորականութիւնը ամէն ինչով զբաղած է, բացի՝ քաղաքականութենէն, մեր վիճակը նախկինէն շատ ալ տարբեր չէ, հակառակ անհամեմատ աւելի նպաստաւոր արտաքին պայմաններուն, ներքին գիտակից անդորրութեան ու ժամանակի ընթացքին ձեռք բերուած պետական փորձառութեան:

            Յանձնառու՝ ազգային գործիչ մտաւորականը իր կեանքի ընթացքին իբրեւ առաջնորդող միտք անհրաժեշտ է իր հասարակութեան, իր իսկ մահէն ետք՝ իբրեւ օրինակելի տիպար երիտասարդութեան համար: Նորագոյն անկախութենէն քառորդ դար ետք այս մարզին մէջ թերացած ենք: Ո՞ւր են առաջին հանրապետութեան հերոս մտաւորականները, ո՞ր դասագիրքերու, դասախօսական ո՞ր սրահներու մէջ պահուած են անոնք: Մեր օրերուն մանաւանդ, երբ աշխարհի եւ, անշուշտ, Հայաստանի վրայ ամպերը կրկին կը կուտակուին, ինչի՞ կը սպասենք այդ լուսաւոր փարոսները իրենց արժանի հրուանդաններու վրայ զետեղելու համար՝ որպէս նոր սերունդները  ոգեշնչող օրինակներու եւ վտանգներէ զերծ պահող ուղեցոյցերու: Հայ հասարակութիւնը իր գանձերու մէկ կարեւոր բաժինը պահած է տակաւին գանձատուն, երբ  ներկայ պայմանները կը թելադրեն անմիջականօրէն հրապարակ դուրս բերել զանոնք: Բոլորիս յայտնի պատճառներով այդ գանձարանէն զօրավար Անդրանիկը բաւական կանուխ արդէն առ ի ցուցադրութիւն դուրս բերուած էր, իսկ ատկէ տասնամեակներ ետք՝ իրեն միացաւ նաեւ իրեն մրցակից Գարեգին Նժդեհը: Քանի՞ տասնամեակ պէտք է սպասել յաջորդը դուրս բերելու համար: Աւելի կասկածամիտ ոգիով հարցուած՝ պիտի դուրս բերուի՞ յաջորդ մը անսպառ այդ գանձարանէն, որպէսզի ժողովուրդ ու մանաւանդ երիտասարդութիւն ատո՛վ ալ ուրախանայ, ատո՛վ ալ հպարտանայ, իր հայրենիքը անոր անձին ընդմէջէ՛ն ալ ճանչնայ: Ազգի մը համար առողջութեան ցուցանիշ չէ, երբ Լեռնահայաստանի անհերքելի փրկիչը վերջապէս իր վաստակին արժանի՝ թէկուզ շատ քննադատուած փառաշուք արձանը կ’ունենայ մայրաքաղաքի կեդրոնը, իսկ մայրաքաղաք Երեւանի իբրեւ փրկիչ եւ հանրապետութեան փաստացի հիմնադրի խորհրդանիշ ճանչցուած Արամ Մանուկեանը իր կիսանդրիով միայն ներկայացուի հանրութեան՝ իր ատենին ղեկավարած նախարարութեան առջեւ: Միայն ներքին գործոց նախարա՞ր էր Արամ Մանուկեան:

            Հարց կրնայ տրուիլ անշուշտ, կոպիտ ձեւով ըսուած, թէ ի՞նչ գործ ունին քաղաքական հարցերը գրական-մշակութային գիտաժողովի մը բեմին վրայ: Հապա ո՞ւր պէտք է ըլլայ քաղաքական մտածումի վայրը, անոր սկզբնակէտը գէթ, եթէ ոչ համալսարանը: Ուրկէ՞ պիտի գայ առաջնորդող միտքը, եթէ ոչ  մտածողէն՝ մտաւորականէն: Այդ միտքը պիտի արտայայտէ միայն դրամագլո՞ւխը, միայն գործնապա՞շտը, արդեօք օտա՞րը ընդհանրապէս: Ներկայ ժամանակներուն արդէն համաշխարհային մասշտապով այդպէ՛ս է, իսկ արդիւնքը բոլորիս աչքին առջեւն է. սարսափազդո՛ւ է: Սոկրատեսները իրենց վերապահուած յատուկ կարեւոր տեղը պէտք է ստանձնեն քաղաքը՝ «պոլիս»ը հետաքրքրող գործերուն մէջ:

            Ասիկա՛ է Աւետիս Ահարոնեանի եւ իր նմաններու խորքային պատգամը: Գրող եղած ըլլան անոնք, թէ իրենց ժամանակաշրջանի առօրեայ բազմաբնոյթ պայքարին մէջ նետուած, իրենց գեղարուեստական տաղանդը իրենց հասարակութեան բարձրացման համար յաճախ այլապէս իրականացուցած կազմակերպ անհատներ՝ անոնք կը մնան օրինակելի, շատերու պարագային նոյնիսկ մինչեւ այսօր ՝ ընդօրինակելի տիպարներ:  

            Կարեւոր է մեր իսկապէս արժէքաւոր մարդոց անուններու շեփորահարումը, որովհետեւ հասարակութիւնը պէ՛տք ունի անոնց: Այլապէս ուրի՛շ անուններ կ’իջնեն հրապարակ եւ մենք վկան կը դառնանք մեր որակի անհարկի անկումին:

            Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն՝ ձեր համբերութեան համար:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան,  15  Դեկտեմբեր  2016