1928 թուական. Հայ ժողովուրդը արմատախիլ եղած է իր պատմական հողէն: Կորսնցուցած է իր զաւակներուն մեծամասնութիւնը, եւ անոր հետ՝ ընտիր մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը: Մշակութային կեանքը անդամալուծուած է. գլխատուած կամ սպաննուած են հայ մշակոյթի կարկառուն դէմքերը՝ Վարուժան, Սիամանթօ, Զարդարեան, Ռուբէն Սեւակ, Զօհրապ, Երուխան եւ 265 այլ մտաւորականներ, խելագարուած է մեծն Կոմիտասը: Թուրքը գլխատած էր այն վերնախաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ:

1930ին Գահիրէի մէջ կը հանդիպին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Վահան Նաւասարդեան. Շանթ եւ Նաւասարդեան Աղբալեանին կը պարզեն դպրոցներ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը: Աղբալեան, թերահաւատութեամբ եւ իրապաշտօրէն կ՛ըսէ, «Լաւ միտք է, սակայն փո՞ղը: Դրամը գաղափար չունի, իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի: Մեր մէջ, նա ով գաղափար ունի դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի նա դրամ ունի: Էդ հազար ոսկին դուք ո՞րտեղից պիտի առնէք. ո՞վ ձեզ հազար ոսկին կը տայ…»:

Բայց արդէն սերմերը ցանուած էին: Եղեռնէն ետք պէտք էր պայքարը շարունակել մշակութային ճակատի վրայ: Շանթին, Աղբալեանին եւ Նաւասարդեանին կը միանան հասարակական կեանքի մէջ փայլուն դիրքեր նուաճած Ստեփան Եսայեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ բժիշկ Համօ Օհանջանեան, բեմադրիչ-դերասան Գասպար Իփէկեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ եւ Յակոբ Պալըքճեաններ, Սարգիս Մալխասեան եւ Նաւասարդեան, որ ձեւով մը կնքահայրն էր Համազգայինի ծննդոցին:

«Համազգայինին վերապահուած էր մէկ գլխաւոր դեր՝ ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ հայ դատի յաղթանակին», կը վկայէր հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան։

Անհրաժեշտ էր հիմնել ճեմարաններ, որոնք կարենային փոխարինել Պոլսոյ Կեդրոնականն ու Պէրպէրեանը, Կարինի Սանասարեանը կամ այլ վարժարաններ:

1930ին, երբ Լեւոն Շանթ Պէյրութի Ճեմարանը կը հիմնէր, իր բարեկամներէն ոմանք իրմէ կը խնդրէին կրթական գործէն հրաժարիլ եւ զբաղիլ միայն գրականութեամբ: Շանթ, գիտակից Սփիւռքի մէջ հայութեան  հաւանական ճգնաժամին՝ կ՛ըսէր, «Գրականութիւնը լիւքս է, լիւքս: Որո՞ւն համար պիտի գրեմ, երբ ասկէ քսանէն յիսուն տարի ետք, այդ գրուածքները կարդացող պիտի չունենան: Հայութիւնը այժմ պէտք ունի նոր եւ թարմ մտաւորականներու, որոնք ուսուցիչ դառնան, գրագէտ ըլլան. եթէ ընդունակ են, գաղափարական մտաւորականի պարտաւորութիւնը ստ-անձնեն եւ լեցնեն այն պարապը, որ Ապրիլեան Ե-ղեռնով բացուեցաւ:»

1928ի Մայիսէն մինչեւ 1929ի վերջը Համազգայինի համար կ՛ըլլայ նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի. նոյն ժամանակահատուածին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ապահովէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը:

Հիմնադիրները սխալած չէին: Համազգայինը, իր իննիսնամեայ գործունէութեամբ կենսական աւիշ ներարկած է աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքին՝ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ:

Երկրագունդի չորս մայր ցամաքամասերու մէջ (Ասիա, Աւստրալիա, Եւրոպա,  Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ) Համազգայինը ոչ միայն սերմի նման պարարտ հողին յանձնած, այլ ծլարձակուած է ու մեր գաղութներու ազգային կեանքը ուռճացած եւ ուղղութիւն ստացած է շնորհիւ իրեն: Ան ո՛չ միայն տէր կանգնած է  հայ մշակոյթին, այլ նաեւ հարստացուցած է զայն: Իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ, Համազգայինը հիմնած է հայեցի կրթութեան օճախներ, «Վահէ Սէթեան» տպարանը, հրատարակած է դասագիրքեր, գրական երկեր, մանկապատանեկան մատենաշարներ, հիմնած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, քաջալերած է հայ արուեստագէտները եւ ամէն ճիգ ի գործ դրած է, որպէսզի վառ պահէ ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը հայ հոգիներուն մէջ:

Այսօր պայմաններն ու արժեչափերը որոշ փոփոխութիւններ կրած են. մշակոյթը, այլ գործօններու կարգին, համաշխարհայնացման ենթարկուած է, բայց Համազգայինի նպատակն ու գործելաձեւը մնացած են անփոփոխ՝ գիտակից յանձնառութեամբ, շարունակելու իր երթը, հայ միտքի ու ոգիի ջահը վառ պահելու անսակարկելի նախանձախնդրութեամբ:

Ներկայիս Համազգայինը կը ղեկավարուի իր Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, որ իր գործունէութիւնը կը տարածէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մասնաճիւղերուն վրայ իր չորս գրասենեակներուն միջոցով՝ Պէյրութ, Երեւան, Արցախ եւ Ջաւախք: Ունի եօթը Շրջանային վարչութիւններ, որոնք կը ղեկավարեն տարբեր երկիրներու մասնաճիւղները՝ Լիբանան, Սուրիա, Գանատա, Յունաստան, Աւստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերը: Կը գործեն նաեւ տասներեք մեկուսի վարչութիւններ՝ Նիկոսիա, Սան Փաուլօ, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Փլովտիւ, Սթոքհոլմ, Լոնտոն, Պուէնոս Այրես, Մոնթէվիտէօ, Քուէյթ, Էմիրութիւններ եւ Վենքուվըր:

Շրջանիս մէջ Համազգայինի հիմնադիրներն են՝ Վարուժան Տէմիրճեան, Բաբգէն Սասունի (մահացած), Յակոբ Մանուկեան՝ Ալագեազ (մահացած), Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, Օննիկ Քէշիշեան, Յակոբ Մանճիկեան եւ Գուրգէն Գասապեան: 2013ին Շրջանային վարչութիւնը, յանձին ատենապետ Ռոժէ Խատարեանի, գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ Համազգայինի շքանշանով մեծարելու վերոյիշեալները, ի պատիւ իրենց բազմամեայ վաստակին:

1980ին, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կը հիմնուի Շրջանային վարչութիւն՝ ղեկավարելու համար մինչ այդ հիմնադրուած մասնաճիւղերը. Լոս Անճելըսի Մայր մասնաճիւղը՝ 1968ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան»  մասնաճիւղը՝ հիմնադրուած 1974ին, Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը՝ 1976ին, Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը՝ 1981ին, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը՝ 1982ին, Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը՝ 1985ին, Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը՝ 1993ին, Արեւելեան հովիտի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը՝ 2015ին:

Ասոնց կողքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան տակ կը գործէ «Անի» պարարուեստի միաւորը, որ թեւակոխած է իր 43րդ տարին՝ շնորհիւ պարուսոյցներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանին ու Եղիա եւ Ճէյն Հաշօլեաններուն:

Այլ միաւորներ են՝ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, երաժշտականը, Արդին, աւանդոյթներու  Թատերական եւ Գրական միաւորները, որոնք հսկայական աշխատանք կը տանին հայ երգի եւ երաժշտական կտորներու վերծանման, գեղօրներու, ձեռարուեստի եւ անոնց ընդմէջէն հայկական նախշերու եւ նրբաճաշակութեան իմացութիւնը փոխանցելով հայկական ձեռագործներու, երաժշտական գործիքներու եւ կենցաղային իրերու վրայ: Թատերական միաւորը կազմակերպած եւ հովանաւորած է բազմաթիւ թատերական ներկայացումներ, Գրական միաւորը արդէն իսկ ճամբայ կը հարթէ բանավէճերու երկար շարքով եւ գրական ձեռնարկներով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ունի իր առանձին կեդրոնը Կլենտէյլի մէջ: Վերջին շրջանին, կեդրոնի նորոգման աշխատանքները կը միտին աշխոյժ լսարանի կամ վերնատան համազօր մշակութային կեդրոնի վերածել այն սրահը, որ միայն իբրեւ ժողովատեղի կը ծառայէր ցարդ:

Շրջանային վարչութեան եօթը մասնաճիւղերուն եւ եօթը միաւորներուն գործունէութեան մասին պարբերաբար լոյս կ՛ընծայուին յօդուածներ «Ասպարէզ»ի էջերով եւ կը սփռուին հարցազրոյցներ «Հորիզոն» պատկերասփիւռէն: Տարեկան գործունէութեան մասին «Լրատու»ի տարեկան թիւ մը կը հրատարակուի, իսկ համացանցին վրայ միութիւնը ունի իր մնայուն կայքը, որուն հասցէն է՝

www.Hamazkain.net:

Իր պատկառելի մշակութային գործունէութեան մէջ Համազգայինի դէմ կը ծառանայ, որեւէ ժամանակէ աւելի, շարքերու երիտասարդացման հրամայականը: 1994էն ի վեր կազմակերպուած երիտասարդական համագումարները ի մի կը բերեն աշխարհի տարբեր երկիրներու  երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ, նպատակ ունենալով զիրենք ներգրաւելու Համազգայինի գործունէութեան մէջ եւ հաղորդ դարձնելու մեր ազգային ժառանգութեան: Ուսանողական ֆորումի ձեւով իրագործուած տարեկան հանդիպումները, որոնք վերջին տասնամեակին գումարուած են ամէն տարի հայրենիքի մէջ, կը խանդավառեն մասնակիցները եւ կը նպաստեն Կեդրոնական վարչութեան փայփայած երիտասարդացման ջանքերուն:

Հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին հոգեփոխութիւն կ՛ապ-

րին, երբ հայրենիք կ՛այցելեն: Այդ մէկը դարձակէտ է: Ի զուր չէ, որ կարգ մը երիտասարդներ Համազգայինի ֆորումին մասնակցելէ ետք, որոշած են իրենց կամաւոր ծառայութեամբ օգտակար դառնալու հայրենիքին, նոյնիսկ իրենց ապագայի կեանքի ընկերոջ հանդիպած ու միասնաբար ուխտած են հայրենիք հաստատուիլ:

Այս ծրագիրին առընթեր, Կեդրոնական վարչութեան ջանքերով սկիզբ առին երիտասարդական «ԱրթԼինք» (ArtLink) եռօրեայ համագումարները, յատուկ Գանատա եւ Ամերիկաներ  հաստատուած երիտասարդութեան համար: Չորս-հինգ տարիներէ ի վեր իրագործուող համագումարները մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են երիտասարդութեան մօտ, երբ մանաւանդ անոնց կը տրուի ազատ մտածողութեան եւ անկաշկանդ արտայայտուելու առիթը:

Կեդրոնական վարչութեան անդուլ ճիգերը կը նպատակադրեն նաեւ հայոց լեզուի մասնագէտներ պատրաստել, առիթ տալով արժանաւոր թեկնածուներու, որ իրենց հայոց լեզուի բարձրագոյն ուսումը կատարելագործեն եւ իրենց գիտութիւնը ի սպաս դնեն նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ: Այս նպատակով, 1976ին հիմնուած էր Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը՝ տնօրէնութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի:

Դասախօսական անձնակազմին մաս կը կազմէին Հրաչ Տասնապետեան, Շաւարշ Թորիկեան, Պօղոս Սնապեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Վազգէն Էթիեմէզեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Յակոբ Պարսումեան, Շուշիկ եւ Թամար Տասնապետեաններ, Մովսէս Ծիրանի եւ այլն: Շնորհիւ հիմնարկին, ուսում ստացան բազմաթիւ ուսուցիչներ եւ խմբագիրներ, որոնք պիտի կարենային լեցնել այն պարապը, որ պիտի ստեղծուէր երէց սերունդին մեկնումէն ետք:

Այսօր, մեր գաղութին մէջ, 50ամեայ Համազգայինը կը շարունակէ նոր մասնաճիւղեր հիմնել, խանդ ու աւիւն ներարկել այս գաղութին՝ իբրեւ արթուն ժառանգորդը Աղբալեանի, Շանթի, Իփէկեանի կամ Օհանջանեանի նման տեսլապաշտ մտաւորականներու, որոնք հաւատք ունէին իրենց սկզբունքներուն եւ գործին հանդէպ, ոգին եւ շունչն էին իրենց ժամանակին եւ բաբախուն սիրտն էին սփիւռքահայութեան:

Ներկայիս, Համազգայինի Արեւ-մտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը ջանայ  21րդ  դարու մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահել, իր մտասեւեռումը դարձնելով հայ երիտասարդութեան ներգրաւումը իր շարքերէն ներս: Այս ուղղութեամբ, ջանք չի խնայուիր, յարատեւօրէն զիրենք հրաւիրելով Թատերականի, Ար-դիի, Արուեստի, Պարախումբի կամ այլ միաւորներուն ճամբով, մաս կազմելու Համազգայինի մեծ ընտանիքին:

Արդիւնքը իսկապէս խրախուսիչ է: Հրաւէրը բոլորին ուղղուած է: Իննիսնամեայ Համազգայինը տակաւին կենսախայտ է:

Բի՜ւր յարգանք, հայ մշակոյթի բոլոր պահապաններուն:

Նոյեմբեր 3ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ, պիտի տօնախմբուի Համազգայինի փառապանծ 90ամեակը, այս գաղութին մէջ իր հիմնադրութեան 50ամեակին առընթեր:

Ձեր նիւթաբարոյական ներդրումի իւրաքանչիւր հիւլէ կը բազմապատկուի ու կը սատարէ Համազգայինի ազգապահպանման ու մշակութանուէր գործունէութեան:

Առիթով մը, հոգելոյս Գարեգին վեհափառը ըսած է «Մշակոյթը Ճանապարհն է Յաղթանակի»:

Յաղթանակի երթը մերն է: Տէր կանգնի՛նք Հայ Մշակոյթին:

ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ