Այսօր, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նստավայրին մէջ, երկու ամիսներու յապաղումով, կ’եզրափակենք Համազգայինի հիմնադրութեան 90ամեակի հանդիսութիւնները:

Այս յապաղումը արտօնելի է: Արդարեւ, Համազգայինի հոյակապ հիմնադիրները Միութեան հիմնադրութեան օրը, վստահաբար դիտաւորեալ մտածումով, զետեղեցին 28 մայիս 1928ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 10ամեակի օրը: Հետեւաբար Համազգայինը տասը տարիներու տարբերութեամբ ընդմիշտ պիտի հետեւի Հայաստանի Հանրապետութեան: Միայն օրացուցային ժպիտով արտայայտուող հպարտութիւն մը՝ այլապէս հպարտութիւն առթող ուրիշ լուրջ պատճառներու կողքին: Մէկ խօսքով՝ հպարտ ենք, որ տասնամեակներու ընթացքին հաւատարիմ մնացած ենք 1918 մայիս 28ի ոգիին, որուն կը շարունակենք մնալ պարտական եւ անոր յարատեւման յանձնառուներէն: Հանրապետութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն պատճառով Համազգայինը իր յոբելինական ձեռնարկներուն սկսաւ միայն սեպտեմբերին՝ իրեն վերապահելով տասներկու ամիսներէն՝ հազիւ չորսը: Ուրեմն եզրափակիչ հանդիսութեան երկամսեայ ուշացումը աւելի քան պատճառաբանեալ է:

Փոքր փակագիծ մը բանալով յայտնենք, որ 90ամեակի ձեռնարկներու ընթացքին յոբելեան բառի ածականը մեր կողմէ գործածուեցաւ երեք տարբերակներով. յոբելենական, յոբելեանական եւ յոբելինական: Ո՞ր մէկն է ճիշդը: Մենք չենք գիտեր: Կը զգանք սակայն, որ այս երեքին մէջ ամենէն գեղեցիկը «յոբելինականն» է: Լեզուի մը մէջ ճիշդն ու սխալը ժամանակի ընթացքին իրենց տեղերը կը փոխանակեն. կը պատահի նաեւ, որ իրենց հաստատուն կարծուած տեղը զիջին երրորդի մը: Սակայն գեղեցկութիւնը եւ անոր համբաւը՝ յաւիտենական են:

Յաւիտենական՝ ինչպէս Համազգայինի առասպել դարձած տիտան հիմնադիրներու յիշատակն ու անոնց պատգամը: Ցարդ տեղի ունեցած յոբելինական հանդիսութիւններու ընթացքին մենք խօսեցանք առաւելաբար Համազգայինի ընթացիկ գործունէութեան եւ դեռ եւս անաւարտ ծրագիրներուն մասին՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ մեր կանոնաւոր գործակցութեան մասին, շուտով հրապարակ իջնելու պատրաստ համացանցային մեր մշակութային հարթակի մասին, առհասարակ՝ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքին մասին: Միայն ջնջին տեղ յատկացուցինք մեր հիմնադիրներուն, ընդհանրապէս անոնց սերունդին եւ անոր պատգամէն բխող ու անոր հետեւութեամբ հեռաւոր ապագայի մը հաւանական ծրագիրներուն ու գործունէութեան մասին:

Համազգայինի հիմնադիր խումբը կազմուած էր թիւով ինը անհատներէ. ան կը բաղկանար հռչակաւոր մտաւորականներէ, հեղինակութիւն դարձած համբաւ վայելող մարդոցմէ եւ գործարարներէ. անոնք էին՝ Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Գասպար Իփէկեան, Մինաս Խաչատուրեան, Յակոբ Պալըգճեան, Ստեփան Եսայեան, Սարգիս Մալխասեան եւ Սեդրակ Պալըգճեան: Համախմբուած էին միտքն ու գործնական միջոցը. գաղափարն ու նիւթը՝ կամ նիւթական գոյացնելու կարողութիւնը:

Համազգայինի հիմնադիրներուն մէջ կը զատորոշուին, անշուշտ, առաջին երեքը՝ Համօ Օհանջանեանը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Լեւոն Շանթը ո՛չ միայն ատենին իբրեւ հանրծանօթ մտաւորականներ կամ ազգային գործիչներ, այլ՝ իրենց այլազան դրական յատկանիշներով:

Այսպէս՝ Համօ Օհանջանեանը իր ժամանակին հայութեան ամենէն յարգուած հեղինակութիւններէն մէկն էր: Կանուխէն ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած Համօ Օհանջանեան՝ նախորդ դարասկիսբին ՀՅԴ Արեւելեան բիւրոյի անդամ է: Ցարական իշխանութիւններու կողմէ հալածուելով՝ իր առողջութիւնը քայքայող բանտարկութենէ ետք կ’աքսորուի Սիբերիա, ուրկէ կը վերադառնայ 1915ին: Անմիջապէս, իբրեւ բժիշկ, կամաւորական գունդերուն հետ ռազմաճակատի վրայ է: 1918ի Մայիսին ան Ղարաքիլիսէ է՝ մեր օրերու Վանաձորը. այդտեղ կռիւներու ընթացքին կը նահատակուի իր զաւակը: Եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք կ’անցնի արտասահման եւ կը հաստատուի Եգիպտոս՝ Գահիրէ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահն է՝ ընկերութեան հիմնադրութենէն մինչեւ իր մահը՝ 1947ին: Համօ Օհանջանեան միաժամանակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական դէմքն է՝ անոր Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Հետեւաբար հիմնադիր խմբակի մէջ իր մասնակցութեամբ ապահով կը դառնար Համազգայինի հիմնադրութեան, հաստատման, ամրապնդման ու տարածման աշխատանքին մէջ կուսակցութեան ամբողջական յանձնառութիւնն ու մասնակցութիւնը: Միւս կողմէ՝ Լեւոն Շանթ Համազգայինի հիմնադրութեան կամքի պողպատեայ արտայայտիչն էր: Սիմոն Վրացեան կը հաստատէ, թէ Շանթը ճանչնալը դիւրին չէր, բայց ան ակնբախօրէն իր տեսակէտներուն վրայ յամառող եւ զանոնք պաշտպանողն էր: Մուշեղ Իշխան զինք կը բնորոշէ իբրեւ ծայրահեղօրէն սկզբունքային մարդ՝ աշխատանքի հերոս, ուղղամիտ ու վեհանձն անձնաւորութիւն, դրապաշտ ու անհաւատ, գիտութեա՛ն պաշտամունքը դաւանող: Անկախ մարդ մը՝ առանձինը բնութեան դէմ կանգնած: Գրական եւ ընդհանրապէս մտաւորական աշխատանքի կողքին՝ Լեւոն Շանթ, արժանանալով նոյնիսկ իր անմիջական շրջանակի զարմանքին, երբ հարկը ներկայացաւ ունեցաւ նաեւ հասարակական գործունէութիւն. եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, եղաւ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցելու մեկնած հայկական պատուիրակութեան պետ, մասնակցեցաւ իր կուսակցութեան ուղեգիծը ճշդող կարեւոր ժողովներու:

Սիմոն Վրացեան իր մասին կըսէ.

«Յիշում եմ եւ Ճեմարանի գաղափարի յղացման պարագաները: Բուն հեղինակը Շանթն էր: Աղբալեանը միացաւ նրա գաղափարին: Այն ժամանակ էլ ոմանք առաջարկեցին հարուստ անհատների դիմել Ճեմարանի հիմնադրութեան դրամ ապահովելու: Եւ այդ ուղղութեամբ քայլեր էլ եղան, նոյնպէս ապարդիւն: Շանթը հենց սկզբից այն մտքի էր, թէ պէտք է ապաւինել միայն ժողովրդի աջակցութեան. գործի սկսինք, ժողովուրդը դրամ կը տայ: Եւ իր հաւատը արդարացաւ. գործի սկսեցին եւ ժողովուրդը դրամ տուեց: Եւ եթէ այսօր կանգուն է Բէյրութի մեր լուսոյ տաճարը, անկասկած, նրա հիմերը հաստատուած են Շանթի լաւատեսութեան, ամուր հաւատի եւ յամառ կամքի վրայ:»1

Լեւոն Շանթ իր խոր ծերութեան կատարեց երկար ճամբորդութիւն մը դէպի Միացեալ Նահանգներ Ճեմարանի համար դրամահաւաք կազմակերպելու համար: Կ’ակնկալուէր հաւաքել 50-60 հազար տոլարի հասնող գումար մը: Հաւաքուեցաւ 130 հազար տոլար: Լեւոն Շանթ իրաւունք ունեցաւ. ժողովուրդը համոզուած էր անոր ձեռնարկած գործի կարեւորութեան եւ իր նիւթական մասնակցութեամբ վաւերացուց Լեւոն Շանթի եւ իր ընկերներու ծրագիրը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ան յղացաւ նոր գաղափար մը, որ իր մահով մոռցուեցաւ: Ս.Վրացեան կը վկայէ նաեւ՝

”Յիշում եմ՝ իր մեկնումի նախորդ օրն էր կարծեմ, նստած էինք ընդունարանում՝ ճաշի պատրաստութեան սպասելով: Շանթը խաղում էր փոքրիկ Արայի հետ. նրան զանազան հարցումներ էր տալիս եւ սրամիտ պատասխաններ ստանում: Մէկ էլ դարձաւ ինձ, թէ՝

«Մենք կու գանք Ամերիկայէն օգնութիւն խնդրելու, մինչդեռ Ամերիկան ինքը մեր օգնութեան պէտք ունի: Ասոնք, ցոյց տալով փոքրիկ Արային, ամենքը պիտի կորսուին, եթէ այսպէս ձգենք: Ճեմարան մըն ալ հոս պէտք է, քանի մը Ճեմարաններ …»: ….. Նա կարծես ափսոսում էր աւելի առաջ չէր այցելել Ամերիկան: Եւ խոստանում էր մի քանի տարի վերջը վերադառնալ Ամերիկա, այս անգամ կրթական-մշակութային ձեռնարկի համար:” 2

Լեւոն Շանթ ժամանակ չունեցաւ իրականացնելու այդ յանդուգն ծրագիրը: Իր այցելութենէն նուազ քան երկու տասնամեակ ետք այլ լուսաւորեալ մը, արեւմտեան ափերուն վրայ, հիմը պիտի դնէր հայկական առաջին երկրորդական վարժարանին: Իսկ Շանթի երազը տակաւին կը մնայ իրագործելի:

Բոլորովին այլ տեսակի տիպար էր Նիկոլ Աղբալեան: Իր երիտասարդութեան արդէն նշանաւոր գրաքննադատ, ան իր ժամանակի մթնոլորտէն ազդուելով քաղաքական-հասարակական կեանքի աստղերէն կը հանդիսանայ: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կամաւորական շարժումի Կարգադրիչ յանձնախումբի մէջ է. Վանի մէջ, երբ առաջ շարժելու հրահանգ կու գայ, կը նշմարեն, թէ Աղբալեան բացակայ է. Սիմոն Վրացեան կը փնտռէ եւ զինք կը գտնէ Նարեկայ վանքը, Նարեկի գերեզմանաքարի առջեւ մոմը վառած ու ծնկաչոք՝ վերացած Նարեկի աղօթքները արտասանելու ընթացքին:

Իբրեւ Ազգային Խորհուրդի անդամ՝ ի՛նքն է Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի հեղինակը: Ինքն է նաեւ հայկական վերածնած պետութեան կրթական նախարարը: Հիմնադիրն է Հայաստանի առաջին համալսարանի, որ մեր օրերուն կը կրէ «Երեւանի Պետական Համալսարան» անունը:

1930ին Ճեմարանի բացումէն ետք գրականութեան ուսուցիչն է եւ Պէյրութի բեմերու անզուգական դասախօսն ու բանախօսը: Իբրեւ ֆիզիքական ներկայութիւն՝ Նիկոլ Աղբալեան Լեւոն Շանթի հակապատկերն է: Տերվիշ նկարագրի արդիւնք իր ժուժկալութեամբ՝ իր ուսուցչական եկամուտով կրցած է տիրանալ տպագրական փոքր մեքենայի մը, նոյնիսկ տուն մը գնել, երբ իր պաշտօնակիցներու նոյն եկամուտը հազիւ կը բաւէր իրենց առօրեայ ծախսերը հոգալու:

Ճեմարանի երկու հիմնական մարդկային սիւներու հակոտնեայ նկարագիրները երբեք հակադրութիւններու պատճառ չդարձան: Ընդհակառակը՝ անոնք իրար լրացնելու կոչուած ըլլալով ստեղծեցին այն, ինչ որ Ճեմարանի յատուկ մթնոլորտ կը կոչուի եւ զարմանալիօրէն կը դիմանայ մինչեւ այսօր: Երկար ատեն Համազգայինը հոմանիշ էր Ճեմարանի եւ փոխադարձաբար:
Ճեմարանին յաջորդեցին հրատարակչականը, տպարանը, թատերախումբը, թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը, տեղական վարչութիւնները, առաջին պատգամաւորական ժողովը. մէկ խօսքով՝ Համազգայինը իբրեւ համահայկական կրթական ու մշակութային միութիւն, մանաւանդ՝ Հայաստանի անկախ պետականութեան վերահաստատումէն ետք:
Համազգայինը անկախութեան հռչակումէն առաջ ալ սկսած էր իր մուտքը Հայաստանէն ներս, վստահ ըլլալով, որ անպայման ընելիք պիտի ունենայ այդտեղ: Սկզբնական շրջանին ան գոհացաւ առաւելաբար Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներու միջեւ կամուրջի դեր կատարելով: Գեղարուեստի գրեթէ բոլոր ոլորտներէն խումբեր եւ անհատ արուեստագէտներ տողանցեցին գաղութներէն ներս, խանդավառելով հայրենի բոյրին ծարաւ սփիւռքահայութիւնը եւ նպաստելով համահայկական հասարակութեան մը կազմութեան առաջին սերմերու սփռումին: Երգչախումբեր, թատերախումբեր, երգիչներ ու նկարիչներ գեղարուեստական այլատեսակ ներկայացումներով ծանօթացուցին աւանդական ու արդիական արուեստը եւ միաժամանակ իրե՛նք ծանօթացան Սփիւռքին: Բազմացան փոխադարձ այցելութիւնները: Վերացական յարաբերութիւնները փոխարինուեցան առարկայական կապերով, որոնց ընթացքին յայտնաբերուեցաւ համահայկական իրական կարողականութիւնը, ցայտուն կերպով երեւան եկան բազմաթիւ ու տեսակաւոր տարբերութիւններ. իւրաքանչիւրին առաւելութիւնները, բայց նաեւ՝ թերութիւններն ու տկարութիւնները:
Փոխադարձ ճանաչողութիւնը տեղի ունեցաւ զանազան մակարդակներու վրայ: Այս ծիրէն ներս կարեւոր դեր խաղաց Համազգայինի գործակցութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ: Այս գործակցութիւնը սկսաւ համալսարանի եւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի միջեւ տասնամեակէ մը աւելի տեւած սերտ յարաբերութեամբ, որուն ընթացքին ԵՊՀի եւ Հայաստանի Գիտիւթիւններու Ակատեմիայի դասախօսներ ու մասնագէտներ՝ իւրաքանչիւրը իբրեւ այցելու ժամանակաւորապէս մաս կազմելով Համազգայինի Հայագիտականի դասախօսական կազմին:

Յատուկ կարեւորութիւն ստացան նաեւ ԵՊՀի եւ Համազգայինի միացեալ ճիգերով Երեւանի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովները՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան մասնագէտներու մասնակցութեամբ: Այսպէս՝ աւելի քան տասնեակ մը տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ներկայացուեցան ուսումնասիրութիւններ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Յակոբ Օշականի, Համաստեղի, Աւետիս Ահարոնեանի գործերու մասին. քննութեան առարկայ դարձան հայոց լեզուի արդի հիմնախնդիրները, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ընթացքին կրթական եւ մշակութային ոլորտները: Այս գիտաժողովներու ընթացքին նշմարելի էր ուսանողութեան հոծ ներկայութիւնը: Ատենին՝ Համազգայինը քննադատուեցաւ նիւթերու ընտրութեան պատճառով: Տրուած բացատրութիւնը գոհացուցիչ կ’երեւէր ըլլալ. Հայաստանի հասարակութիւնը, կարելի է ըսել նոյնիսկ գիտական աշխարհը, խորհրդային իրերու վիճակի բերումով, կարեւոր չափով անհաղորդ պահուած էր Սփիւռքի մէջ ստեղծագործած մշակութայի ու ազգային գործիչներու աշխատանքին. աւելին՝ բոլորովին բացակայ կամ մեծ չափերով աղաւաղուած էր հայութեան ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը. այստեղ պէտք չէ՞ փնտռել մերթ ընդ մերթ Հայաստանի պետական քայլերգը փոխելու անհեթեթ մտադրութեան դրսեւորումներու մեկնակէտը: Հետեւաբար, հարկ էր լրացնել փոխադարձ ծանօթացման նպաստող այդ ոլորտներուն մէջ թողուած բացը:
Համազգայինը Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կարելիութեան սահմաններուն մէջ պահպանելու կոչուած կառոյց էր, այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր հայրենիքը աշխարհացրիւ հայկական զանգուածներուն հետ անաչառ զբաղելու կամք չէր դրսեւորեր: Սկզբնական շրջանին մանաւանդ՝ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժէին համահայկական իրենց պարտաւորութիւնները:

Համազգայինը անկախ Հայաստան մուտք գործեց համեստ ծրագիրներով, ունեցաւ իր գրասենեակը, սակայն չունեցաւ կազմակերպական կառոյց: Պատճառը յստակ էր. Հայաստանը հայրենիք էր, ուր գոյութիւն ունէր կրթական նախարարութիւն, մշակութային նախարարութիւն. աւելի ուշ նաեւ՝ Սփիւռքի նախարարութիւն: Այս ձեւով հայրենի հողի վրայ Համազգայինի ներկայութիւնը, որպէս հասարակական կազմակերպութիւն, բոլորովին աւելորդ պէտք էր նկատել: Ի՞նչ աւելի կրնար ընել Համազգայինը, քան՝ պետական կառոյցները:
Այսօր սակայն Սփիւռքի նախարարութիւն գոյութիւն չունի, մշակոյթի նախարարութիւնը որպէս անջատ միաւոր՝ նոյնպէս: Վերջինս մէկ մարմին կը կազմէ կրթական նախարարութեան հետ. Սփիւռքի հարցերով պիտի զբաղի, կ’երեւի, վարչապետարանին կապուած գրասենեակ մը: Այս փոփոխութիւնները Սփիւռքի եւ մշակոյթի կարեւորութեան անցեալէն տարբեր արժեւորումով մը կը մեկնաբանուին՝ անխուսափելիօրէն: Մանաւանդ՝ որ Հայաստանի նմանող երկիրներ յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայեն այս նախարարութիւններուն:

Ֆրանսայի մէջ մշակոյթի նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատուեցաւ Շարլ Տը Կոլի կողմէ, իսկ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը երկրի ամենէն ուժեղ գերատեսչութիւններէն մէկն է. անկէ կը սարսափին մեծաթիւ յունական քաղաքներու քաղաքապետարաններու շինարարական աշխատանքներուն կապուած գրասենեակները: Աթէնքի ողիմպիական խաղերու առիթով կառուցուած մեթրոյի փապուղիները քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ բացուած են, կ’ըսեն, մուրճով եւ վրցինով. կայարաններու մէջ կը ցուցադրուին չծրագրուած ու ակամայ պեղումներու ընթացքին երեւան եկած հնադարեան իրերու նմանակները:

Իսկ Հայաստանը նո՛յնպէս բացօթեայ թանգարանի համբաւ ունի: Աւելին՝ անոր մշակոյթը ենթակայ է հզօր, յաճախ անորակ օտար մշակութային ազդեցութիւններու: Հայկական մշակոյթը այսօր պաշտպանի պէտք ունի այդ ճնշումներուն դիմադրել ու զարգանալ կարենալու համար: Մշակութային պետական կառոյց մը ամենէն ուժեղ միջոցն է այդպիսի գործ մը գլուխ հանել կարենալու համար:

Մեր օրերուն, միջազգային բեմի վրայ, մշակոյթի ոլորտը ուրիշներու կարգին նոյնպէս կը պատկանի տնտեսական ոլորտին: Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին Ֆրանսայի ներկայացուցիչները երկար պայքարեցան մշակոյթը տնտեսական քանդիչ պայմանագրութիւններէ զերծ կացուցանելու համար: Անոնք յաջողեցա՛ն, սակայն՝ միայն … ժամանակաւոր կերպով:

Կարելի է վստահ ըսել, որ ազատ շուկայի վրայ հայկական մշակոյթը դատապարտուած է լուրջ կերպով աղաւաղուելու: Սխալ չհասկցուելու համար անմիջապէս ըսենք, որ ջատագովը չենք մշակութային պահպանողական քաղաքականութեան մը: Գիտենք, որ մշակոյթը վերապրիլ կարենալու համար պէտք ունի արդիական շունչի, պէտք ունի տեւաբար նորոգուելու՝ ապրելո՛ւ. սակայն երբեք՝ հիմնովին այլասերելու: Ան իսկապէս պէտք ունի պաշտպանուելու աւելորդ ու անտեղի նորարարութիւններէ:

Ներկայի պայմաններու մէջ կրնայ ըլլալ, որ հայրենիքը նոյնպէս պէտք ունենայ Համազգայինի նման ոչ պետական մշակութային կառոյցներու: Մօտաւոր ապագան ատիկա ցոյց կու տայ:
Բազմասպարէզ Կրթութեան, գիտութեան և մշակոյթի նախարարութեան հիմնական ոլորտը կրթութիւնն է: Ներկայ նախարարը նախորդ ժամանակաւոր կառավարութեան կրթական նախարարի պաշտօնակատարն էր: Ատենին յայտարարած էր, թէ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն համար նախատեսուած ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը կրթական ծրագիրէն պէտք է վերցուի: Ի՞նչ է ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը, որ այնքան աճապարանօք պէտք է վերցնել կրթական ծրագրէն մոռնալով, որ Հայաստան իր շուրջ իր տարրական իրաւունքները ոտնակոխ ընելու պատրաստ դրացիներ ունի: Ի՞նչ պէտք է զեղջուի կրթական ծրագիրէն. Հայոց ազգային պատմութի՞ւնը, հայոց դիցաբանութեան պատո՞ւմը, դիւցազնավէպի ծանօթացումն ու վերլուծո՞ւմը, հայրենասիրական երգե՞րը, հայ ազատագրական պայքարի հերոսական դրուագներու, անոր յաջողութիւններու, ձախողութիւններու, անոր պատճառած խանդավառութեան եւ ընկրկումներու, հայ ժողովուրդի մահուան եւ հրաշափառ յարութեան պատմութի՞ւնը: Այսպիսի կրթական ծրագիր ոչինչ ունի ազգայնական ու ազգայնամոլական, այլ՝ մեր օրերուն մանաւանդ պատմական անհրաժեշտութիւն է: Ինչպէս ակնկալելի էր, ներկայ կառավարութեան հրապարակած հնգամեայ ծրագրին մէջ ազգային դաստիարակութիւն եզրը գոյութիւն չունի: Իսկ երկիրը շրջապատուած է ինքզինքնին ատենին փաստած եւ ամէն նոր օր կրկին նոյն ուղղութիւնը բացայայտող յայտարարեալ թշնամիներով, որոնք ամէն առիթ կ’օգտագործեն բարձրաձայն յայտարարելու հայութեան դէմ իրենց ճիվաղային տրամադրութիւնները: Առիթ չեն փախցներ ըսելու, թէ հայոց մայրաքաղաքը հայերուն չի պատկանիր, թէ Արցախը հայերուն կողմէ բռնագրաւուած հողատարածք է: Իսկ միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ մէջ, Աթաթուրքէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր, սերունդները ազգայնամոլ գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած, յատկապէս՝ հայատեաց դաստիարակութեամբ տոգորուած են: Այսպիսի պայմաններու առկայութեան Հայաստանի մէջ բարի ու խաղաղութեան նշանաբաններու երկրպագու սերունդներ հասցնելը հաւաքական անձնասպանութեան համազօր է:

Վերջին տարիներու ընթացքին Համազգայինը այս մարզէն ներս համբերութեամբ քաջալերած է հայոց ազատագրական պայքարի ճանաչողութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը փոխանցելու աշխատանքները: Ճիգ թափուած է մանաւանդ մութին մէջէն արեւու լոյսին բերելու այդ պայքարի հերոսական անունները, որպէսզի անոնք օրինակ դառնան նոր սերունդներուն: Ճիգ թափուած է հանրութեան ծանօթացնելու Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական ընդօրինակելի տիպարները, որոնց յիշատակումը նոյնիսկ պոկուած է մարդոց ուղեղներէն խորհրդային շրջանին: Մէկէ աւելի անգամներ դիմումներ կատարուած են պաշտօնատար մարդոց մօտ տասնամեակներ շարունակ անտեսուած ու անիծուած, սեւ ցանկերու վրայ մոռցուած փառաւոր անուններու վերարժեւորումը. այսօր Արամ Մանուկեանի, Դրոյի, Ալեքսանտր Խատիսեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ ուրիշ շատ-շատերու տիպարները ընդօրինակելի բնորդներ են երիտասարդութեան համար:

Մէկ խօսքով՝ ազգային գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած կրթութիւնը Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կացութենէն թելադրուած անհրաժեշտութիւն է, ազգային անվտանգութեան հիմնական հարց է: Ներկայ պայմաններու մէջ գերազատական տնտեսականութեան վրայ հիմնուած բոլոր նախաձեռնութիւնները, կամայ թէ ակամայ, կը ծառայեն այլոց շահերուն՝ անկախ այն իրողութենէն, որ տնտեսական ազատականութեամբ համաշխարհայնացումը ահա տասնամեակէ մը ի վեր իր ձախողութիւններուններուն մէջ կը տապլտկի. ան դարձած է յատկապէս փոքր ժողովուրդներու դժբախտութեան պատճառ՝ աշխարհը նետելով վտանգներով լի անորոշութեան գիրկը: Մեզի համար կրթակա՛ն մարզէն ներս ալ կը դրուի հարցականը. արդեօ՞ք հասած է ժամանակը Համազգայինի հիմնադիրներու տեսլականը հայրենիքէն նե՛րս ալ գործօն ձեւով տարածելու:

Այսպէս՝ 90ամեայ Համազգայինը ունի իր յիշարժան հերոսական անցեալը, ներկայի արդիականացման գործընթացը, եւ տեւաբար կը մտածէ ապագայի իր հաւանական ընելիքներուն մասին: Գաղափարականութիւնը կը մնայ իր հիմնական յատկանիշներէն մէկը: Այդ ձեւով բացատրելի է նաեւ իր անդամներու եւ գործիչներու անշահախնդիր կամաւորականութիւնը: Կասկածէ վեր է նաեւ, որ այնտեղ ուր անհրաժեշտ եղած է, երկար ատենէ ի վեր մուտք գործած է արհեստավարժութիւնը: Համազգայինի մէջ կամաւոր աշխատանքի արդիւնքը յաճախ կը մրցի արհեստավարժ միտքի ու ձեռքի արդիւնքներուն հետ: Աշխարհասփիւռ Համազգայինը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս աշխատելով դեռ կը պահէ իր հիմնադիրներէն ժառանգ մնացած պատգամը. ամէն ճիգ թափել օտար ափերու վրայ պահելու համար հայոց լեզուն, հայկական մշակոյթը՝ անոր ճամբով իր լուման բերելով նաեւ Հայ Դատի ուղղութեամբ համահայկական ճիգին: Մշակոյթը պահպանել՝ զայն զարգացնելու եւ արդիակացնելու պայմանով, որպէսզի ան ընկալուի նաեւ իր ժամանակին մէջ ապրող նոր սերունդին կողմէ:
Ասիկա՛ է յաւիտենականութիւնը ապահովելու հիմնական երաշխիքներէն մէկը:

____________________

1.- «Անձինք նուիրեալք», Սիմոն Վրացեան, Համազգային, Պէյրութ,1969, էջ՝ 163
2.- 
Նոյնը, էջ՝ 166-167

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Պէյրութ, 24 փետրուար 2019