Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան) (1885-1915)
Բանաստեղծ, արձակագիր, բժիշկ Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան) ծնած է 1885-ին, Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը: 1901-ին ընդունուած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905-ին եւ ղրկուած Լօզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Ռուբէն Սեւակ 1911-ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուած է բժիշկ եւ աշխատանքի անցած Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին (1911-1914) ամուսնացած է գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ եւ ունեցած երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։
Սեւակ Լօզանի հանգստաւէտ պայմանները ձգելով վերադարձած է Պոլիս ու ամբողջապէս նուիրուած գրական-հասարակական գործունէութեան:
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին ընթացքին զինուորագրուած է օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկ եւ ծառայութեան կոչուած զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Թէեւ փրկուած է 24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուած ու տարագրուած է Չանղըր, ուր կը նահատակուի 26 Օգոստոսին՝ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի հետ։
1910-ին լոյս տեսած է Սեւակի «Կարմիր Գիրքը», որ կ’ընդգրկէ երեք ոտանաւորներ՝ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն»։ Իսկ երեք ժողովածուներ՝ «Սիրոյ Գիրքը», «Քաոս» եւ «Վերջին հայերը», մնացած են անկատար իր ողբերգական մահուան պատճառով:
1911-էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, ան ձեռնարկած է արձակի եւ «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերնագրին տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայած իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ։