Նիկոլ Աղբալեան 1875-1947
Ծնած է Թիֆլիս 1875 -ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է ԹիՖլիսի «Մուրճ» ամսագրին գրական-քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: 1909-1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իբրեւ կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմնի անդամ: Աւելի ուշ` Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ եւ Հանրային կրթութեան նախարար: Իր ջանքերով 31 Յունուար 1920-ին կը բացուի Հայաստանի համալսարանը՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ Գիւմրի: 1923-ին կը հրաւիրուի Աղեքսանդրիա, ուր ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 1928: Այդ թուականին, հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ, հիմնադիրը՝ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին: Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իր մահը, կ՚ըլլայ անմիջական գործակիցը Լեւոն Շանթի, դասաւանդելով հայ գրականութեան պատմութիւն եւ գրաբար, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հայ Մամուլին, բանասիրական եւ գրական – քննադատական յօդուածներով:
Կը մահանայ 15 Օգոստոս 1947-ին։