Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մեծն Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ "Sacred Justice" գիրքի ներկայացումը: Հեղինակը՝ Մարիան Մեսրոպեան ՄաքՔըրտի հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներու Ամհըրստ քաղաքէն, ներկայացնելու իր այս իւրայատուկ գործը, որ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր համայնքի գրասէր անդամներէն շատերու մօտ: Ներկայացման օրը նշմարելի էին նաեւ երիտասարդ նոր դէմքեր:
ՄաքՔըրտի ներկայացուց, թէ ինչպէս ինք յայտնաբերած է իր մեծ հօր՝ Ահարոն Սաչակլեանի ստացած նամակները ղրկուած «Նեմեսիս» գործողութեան բանալի գործիչներու կողմէ: Ան պատմեց, թէ իր մայրը, Սաչակլեանի դուստրը, այդ նամակները խնամքով թուագրած եւ արխիւներու վերածած էր։ Իսկ ինք, այդ աշխատանքը շարունակելը համարելով իր ճիտին պարտքը, ձեռնարկած էր այս գիրքին հրատարակութեան։
Նամակները գիրքին պարունակութեան մէկ բաժինն են միայն անշուշտ: Նախքան նամակները, հեղինակը անհրաժեշտ համարած է յուշագրութեան ձեւով ներկայացնելու իր մօրենական եւ ապա հօրենական պարագաները պատմելով, թէ անոնք ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս թրքական լուծին դէմ պայքարելու համար որդեգրած են իրարմէ շատ տարբեր միջոցներ: Մէկը՝ պարզապէս վերապրելով, իսկ միւսը դաժան պայմաններով հանդերձ՝ դիմադրելով:
ՄաքՔըրտիի կ՛ընկերակցէր իր զարմիկը՝ Արսինէ Օշականը, որ յուզումով պատմեց, թէ ինչպէս գործակցած է ՄաքՔըրտիի, այդ նամակները հայերէնէ անգլերէնի թարգմանելով։ Ան յայտնեց, թէ իր թարգմանական աշխատանքները մեծապէս նպաստած էին իր հոգեմտային առողջութեան, որովհետեւ զուգադիպած էին իր ընտանիքին քանի մը անդամներուն, ներառեալ իր ամուսնոյն Վահէ Օշականին կորուստին:
Ձեռնարկի աւարտին, ՄաքՔըրտի պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, ապա մակագրեց գրքերը։
Ներկայացման յաջորդ օրը հեղինակը այցելեց Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն: Անդրադառնալով իր Մոնթրէալի այցելութիւններուն, ան յայտնեց թէ Մոնթրէալի հայ գաղութը նախանձելի է եւ ամենէն աշխոյժ եւ մտաւորական ատաղձ ունեցող գաղութներէն է:
Նանոր «Աշնա» Սնապեան