Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» եւ ՀՕՄ-ի «Կարին» մասնաճիւղերուն, Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին տեղի ունեցաւ պոլսահայ մտաւորական դոկտ. Լեռնա Էքմէքճիօղլուի հեղինակած՝ «Recovering Armenia» գիրքի ներկայացումը, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, մշակութասէր կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան:
Երեկոյթին բացումը կատարեց ու հանգամանօրէն հեղինակին կենսագրութիւնը ներկայացուց «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուզանա Սարգիսեան:
Լեռնա Էքմէքճիօղլու ծնած ու իր նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ մէջ. ան նախ յաճախած է Տատեան վարժարանը, ապա՝ Կեդրոնական Հայկական վարժարանը, ստանալով իր վկայականները: Այժմ, դոկտ. Էքմէքճիօղլու Massachusetts Institute of Technology համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս է:
«Ինչպէ՞ս կարելի է ժողովուրդ մը գոյատեւէ՝ ցեղասպանութենէ ետք։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ, անոնք, որոնք վերապրեցան Ցեղասպանութենէն ետք, շարունակեցին ապրիլ յանցաւոր պետութեան մը մէջ (Նոր Թուրքիան)»… Այս խօսքերով սկսաւ դոկտ. Էքմէքճիօղլու իր պատմական ելոյթը, ապա ըսաւ. «Գիրքը ունի երկու մասեր ու անցումային շրջան մը, որ երկու մասերը իրարու կը կապէ… Առաջին ժամկէտը կը սկսի ստորագրութեամբը «Մուտրոս»ի զինադադարին, 1918-ի Հոկտեմբերին, երբ Օսմանեան կառավարութիւնը ընդունեց պարտութիւնը: Անիկա տեւեց մինչեւ 1922-ի Սեպտեմբեր, երբ Քեմալական ուժերը կնքեցին իրենց յաղթանակը ընդդէմ դաշնակիցներուն եւ հայկական տարածքային պահանջներուն։ Ապա կայ մէկ տարուան անցման շրջան մը՝ ուշ 1922-էն մինչեւ ուշ 1923 թուական, որ կը նախանշէ «Լօզան»ի ստորագրումը՝ Անգարայի կառավարութեան ու դաշնակիցներուն միջեւ. այս պայմանագիրը կը հանդիսանայ ծննդեան վկայագիրը այսօրուան Թուրքիոյ»:
Դոկտ. Էքմէքճիօղլու շարունակեց խօսքը՝ ըսելով. «Ապա կու գայ երկրորդ շրջանը՝ 1923-էն մինչեւ 1933 թուական, տասնամեակ մը Թուրքիոյ հաստատումէն ետք՝ իբրեւ հանրապետութիւն, որ նաեւ կը համընկնի «Հայ Կին» ամսագիրի հրատարակութեան փակման, եւ կը ծառայէ որպէս իմ նախնական ուղեցոյցը՝ այս դարաշրջանին»: