Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2017-ի երերկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «OPEN WOUNDS : Armenians, Turks and a Century of Genocide» գիրքի շնորհահանդէսը ներկայութեամբ մեծ թիւով գրասէր ու ազգասէր հայորդիներու, կազմակերպութեամբ Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին եւ Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի անունով, ձեռնարկի բացումը կատարեց Անահիտ Պալեան: Ան յայտնեց, թէ մինչեւ այ՛ն ատեն, որ հայ ժողովուրդը ունի անձնազոհ հերոսներ, Վիգէն Չըթըրեանի նման գիտակից լրագրողներ եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան յաճախող՝ հայրենասէր ուսուցիչներու եւ ազգանուէր ծնողներու հոգածութեամբ սնած պահանջատէր աշակերտ-աշակերտուհիներ, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռս աշխարհի հայը կայ ու պիտի մնայ:
Անահիտ Պալեան նշեց թէ Վիգէն Չըթըրեան իր այս գիրքով ջարդը չէ որ կը նկարագրէ, այլ շեշտը կը դնէ ցեղասպանութենէն ետք կատարուած իրադարձութիւններուն վրայ, անդրադառնալով ճնշուած ու տառապած հայ վերապրողի կեանքին, հայկական հարցը արծարծող Թուրք կարգ մը մտաւորականներու զարթօնքին, Հրանդ Տինքի յանուն Թուրքիոյ ժողովրդավարացման իմացեալ մահուան ու հերոսութեան, քրտական հարցին ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ տիրող պատմա-քաղաքական այլ հարցերուն մասին:
Ձեռնարկի հաղորդավարը, նախքան հեղինակը բեմ հրաւիրելը, ներկաներուն փոխանցեց անոր ամփոփ կենսագրականը, նշելով թէ Վիգէն Չըթըրեան ոչ միայն լրագրող է, այլ պատմաբան է եւ դասախօս՝ Զուիցերիոյ Webster համալսարանէն ներս: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ է անգլիական գրականութեան ճիւղին մէջ եւ տիրացած է մագիստրոսի ու դոկտորայի վկայականներուն՝ քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մարզերէն ներս Ժընեւի «Graduate Institute of International Relations» Համալսարանէն: Դոկտ Չըթըրեան հիմնադիրն է Երեւանի Կովկասի Տեղեկատուական Հիմնարկի՝ «Caucasus Media Institute»-ի, ուր՝ 3 տարի պաշտօնավարած է իբրեւ տնօրէն: Աշխատակցած է եւրոպական թերթերու, ինչպէս՝ «Le Monde Diplomatique» եւ ներկայիս կ'աշխատակցի «Al-Hayat» օրաթերթին եւ կը թղթակցի «Ակօս» շաբաթաթերթին: Զուիցերիոյ պետութեան նիւթական յատկացումներով ան
կ'աշխատի նաեւ լրագրողներ պատրաստել՝ Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ պատերազմական գօտիներուն մէջ:
Դոկտ Չըթըրեան առաջին հերթին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի շրջանայինի եւ «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ապահովելու համար այս ձեռնարկի յաջողութիւնը:
Ապա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով, Լոնտոնի «Hurst» հրատարակչատունը, որ իր նախորդ երկու գիրքերը հրատարակած է, խթան հանդիսացած է այս գիրքի յառաջացման: Աւելի՛ն, ան միջոց հանդիսացած է, որ սոյն գիրքը 2015--ն վերահրատարկուի New York-ի Oxford University Press-ին կողմէ: Հեղինակը նշեց թէ գիրքին մէջ, իր շեշտը դրած է
մասնաւորաբար Թուրքիոյ ուրացման եւ ժխտումի քաղաքականութեան ու անոր թողած ցաւալի հետեւանքներուն վրայ, նշելով թէ ցեղասպանութեան ժխտումը ինքնին ցեղասպանութիւն է: Ան անդրադարձաւ թուրք-ազերի մերձեցման եւ հայ-ազերի տիրող լարուած քաղաքականութեան: Իսկ ինչ կը վերաբերի քրտական հարցին, Դոկտ Չըթըրեան փոխանցեց, թէ Թուրքիա տակաւին չէ փոխուած, ան այսօր նոյն նենգ ու բիրտ միջոցներով կը փորձէ խեղդել մտքի եւ խօսքի ազատութիւնները, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ան տակաւին այդ հասունութիւնը չունի քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով կառավարելու երկիրը: Միւս կողմէ, Վ. Չըթըրեան նշեց թէ քիւրտերը գիտակից են թէ իրենք այսօր կը գտնուին հայերու նախկին իրավիճակին մէջ եւ իբրեւ փոքրամասնութիւն կը դասուին 2-րդ կարգի քաղաքացիներ:
Շատ հետաքրքրական այս ներկայացման ընթացքին, Դոկտ Չըթըրեան նշեց թէ պատմութեան մէջ՝ հայեր, յոյներ եւ ասորիներ կարեւոր դեր խաղացած են Միջին Արեւլքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, սակայն դժբախտաբար այսօր ոչ ոք կը յիշէ այդ իրողութիւնը: Ան շեշտեց, թէ հայերս մեծ աշխատանք ունինք տանելիք, առաջին հերթին վերականգնելու ցեղասպանութենէն առաջ մեր պատմութիւնը, իսկ երկրորդ՝ ծանօթացնելու զայն արաբական աշխարհին, կապեր հաստատելով արաբ մտաւորականներու եւ պետական գործիչներու հետ:
Պաստառի վրայ ցուցադրուած զանազան նկարներով, Վ. Չըթըրեան ներկաներուն փոխանցեց վերապրողներու դժուար իրավիճակը ներկայիս: Ապա ան անդրադարձաւ Հրանդ Տինքին եւ իր խօսքը փակեց ըսելով. «Հրանդը ինծի համար մեծ խորհրդանիշ է. ան իր մահով յաջողեցաւ իր պատգամը հասցնել Թուրքիոյ հանրային կարծիքին»:
Ներկաները ծափողջոյններով գնահատեցին Վ. Չըթըրեանի ներկայացումը, որմէ ետք տեղի ունեցան հարցում-պատասխաններ:
Ձեռնարկի աւարտին Անահիտ Պալեան քաջալերեց, որ այս գիրքը տարածուի ամենուրէք՝ մասնաւորաբար օտար շրջանակներու մօտ, նկատի ունենալով որ ան կը հանդիսանայ հիանալի քարոզչութիւն մը՝ ներկայացնելու համար անոնց Հայկական Հարցի իրավիճակը՝ պատմութեան հին օրերէն մինչեւ այսօր: Ապա ան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով յարգանքի ու շնորհակալական խօսքը ուղղեց Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանին, որ հիանալի ձեւով ներկայացուց «OPEN WOUNDS : Armenians, Turks and a Century of Genocide» գիրքը, եւ իր այժմէական նիւթով գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը: Ան իր շնորհակալութիւնները յաջորդաբար փոխանցեց Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերներուն, որոնք իրենց անսակարկ մասնակցութիւնը բերին Դոկտ Չըթըրեանի ձեռնարկներու շարքին յաջողութեան՝ Université de Montréal –էն ներս, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոններէն ներս եւ University of Toronto–ի մէջ: Շնորհակալութիւններ ուղղուեցան նաեւ Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բաստրմաճեան Երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներուն՝ Միրիամ Թովմասեանին, Թալին Տօնոյեանին, Թամարա Պետրոսին եւ Սեւան
Տօնապետեանին այս գրական ձեռնարկի յաջողութեան համար իրենց մասնակցութիւնը բերած ըլլալնուն, եւ գրասէր հանրութեան, որ իր ներկայութեամբ եւ հայ մշակոյթի ու Հայ Դատի նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւններով, կու գայ ու կը քաջալերէ հայ արժէքները:
Հաղորդավարի փակման խօսքէն ետք, տեղի ունեցան շնորհաւորութիւններ,
հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրումը հեղինակին կողմէ:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն