Յունիս 14-ին, Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, յատուկ ձեռնարկով մը, հիմը դրուեցաւ Ուսթըրի «Համազգային»ի մասնաճիւղին:
Այս առթիւ, խօսք առաւ «Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ յայտնեց թէ այս մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի սեմին, Ուսթըրի մասնաճիւղը գործի լծուելով, ցոյց պիտի տայ թէ որքա՜ն աշխատանք կայ տանելիք մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներէն ներս:
«Նոր մասնաճիւղ մը աւելցնելով, կը փաստենք թէ կը գործենք եւ շարունակ պիտի գործենք: Ի վերջոյ հայ մշակոյթի պահպանումը առաջնահերթութիւն մըն է, յատկապէս սփիւռքի մէջ», յայտնեց Գաբրիէլեան:
Շրջանի հովիւ Սահակ Եմիշեան, իր կարգին խօսք առնելով, յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց: Անդրանիկ ժողովին ներկայ էր նաեւ «Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Նանօր Պարսումեան:
«Ուսթըրի հայոց ներկայութիւնը երկար պատմութիւն ունի, եւ շրջանի Համազգայինը բնականաբար իր դերը պիտի ունենայ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով», յայտնեց շրջանի գործօն անդամներէն Ճորճ Աղճայեան:
Իսկ երիտասարդ բեմադրիչ Թալին Աւագեան, իր կարգին յայտնեց թէ.- «Այժմ ժամանակն է, որ Համազգայինի ճամբով զբաղուինք մշակոյթով, տոհմիկ պարերով եւ երաժշտութեամբ: Այսպէս կրնանք ապագայ սերունդներ պատրաստել եւ օտարին ալ ներկայացնել մեր մշակոյթը»:
Պոսթընի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Փրովիտենսի, Ուաշինկթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի եւ Ֆիլատելֆիոյ կողքին, Ուսթըր եղաւ «Համազգային»ի Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի իններորդ մասնաճիւղը: