Շատերու ծանօթ է ջութակահար Նունէ Մելիքի անունը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, իր ներկայութիւնը վայելեցինք Թորոնթոյի Ford Centre-ին մէջ կայացած նուագահանդէսին, Նուրհան Արմանի ղեկավարութեամբ։
Նունէ բազմաթիւ միջազգային բեմերէ հանդէս եկած է, միշտ հմայելով հանդիսատեսը։ Բազմաթիւ յիշարժան մրցանակներու արժանացած՝ Սիպերիոյ մէջ ծնած Նունէ Մելիքը վկայուած է Մոսկուայիպետական երաժշտանոցէն, ապա Մոնթրէալի համալսարանին մէջ երաժշտութեան մարզին հետեւելէ ետք, գերազանցութեամբ տիրացած է մագիստրոս կոչումին:
Ուսման յաջորդ հանգրուանը տոքթորայի կոչումն է, որուն դասընթացքին ան կը հետեւի այժմ, իբր աշխատութեան նիւթ ունենալով հանրաճանաչ Առնօ Բաբաջանեանիստեղծագործութիւնները։ Նունէ կը ձգտի հայ դասական երաժշտութիւնը օտարին ծանօթացնել. այդ նպատակով էր, որ վերջերս ան հրապարակեց Hidden Treasure խտասալիկը, որուն թողարկման առիթով, Համազգայինի հրաւէրով ան այցելեց Թորոնթօ:
Ելոյթ մը կազմակերպելու միակ յարմար թուականը շաբթուան մէջ Չորեքշաբթի Դեկտեմբեր 6- ի երեկոն էր, գաղութիս, ինչպէս նաեւ Նունէի բազմազբաղութեան պատճառով: Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ հաւաքուած էին հայ դասական երաժշտութիւնը գնահատող անհատներ, որոնք հաճոյքը ունեցան այս տաղանդաւոր հայուհիին գրաւիչ ներկայութիւնը վայելելու։ Նունէի կը միանար դաշնակահար դոկտ. Միշել Ալեքսանդր Պրոքարը. երկուքին ներդաշնակ, նուրբ ու բարձրորակ մեկնաբանութիւնները մեծապէս տպաւորեցին նոյնիսկ ամենէն բծախնդիր ներկաները։
Ներկայացուած յայտագիրը խնամքով պատրաստուած էր. Բաբաջանեան, Խաչատուրեան, Կոմիտաս, Սբենդեարեան եւայլն: Հայ դասական երաժշտութիւնը օտարին ծանօթացնելու միտումով է որ Նունէ իւրաքանչիւր կտորէ առաջ հակիրճ բացատրութիւններ փոխանցեց. բացատրութիւնները՝ նոյնիսկ հայ ունկնդիրներուն համար, չափազանց դաստիարակիչ եւ հետաքրքրական էին: Նշենք որ Նունէ կը նուագէ 1750 թուականի Carlo Ferdinando Landolfi կնիքը կրող ջութակի վրայ, որուն արժանացած է Canada Council for the Artsի կողմէ։
Նունէի տաղանդին համապարփակօրէն ծանօթանալ կարելի է միայն ներկայ ըլլալով իր համերգներուն, ըմբոշխնելով իր ջութակահարի հմտութիւնը եւ այս արուեստին իր բացարձակ տիրապետութիւնը:
Ներկաները ձեռնարկի աւարտին առիթը ունեցան անձնապէս ծանօթանալու Նունէին . Նունէ եւ Միշէլ-Ալեքսանդր սիրով մակագրեցին խտասալիկէն օրինակներ։
Կ՚արժէ նաեւ յիշել որ Նունէ ոչ միայն տաղանդաւոր ջութակահար է այլ նաեւ արդէն հրատարակած է բանաստեղծութեան հատոր մը ռուսերէնով որ նաեւ թարգմանուած է հայերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի։
Նունէի յաջողութիւններունկարելի է հետեւիլ առցանց, այցելելով իր կայքէջը կամ YouTubeի միջոցով։
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի վարչութիւն