Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ներկայութեամբ՝ Ուրբաթ 19 Դեկտեմբեր 2014-ի գիշերուան ժամը 9-ին, Նէա Զմիռնիի «Լէոնտիօ» վարժարանի ամփիթատրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի երգի պետական թատրոնի «Կոմիտաս. եկել եմ» երաժշտական ներկայացումը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու համագործակցութեամբ: