Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի գրական-դաստիարակչական յանձնախումբը կրկին ժամադրուած էր քուէյթահայ գրասէր հասարակութեան հետ, գրական ջերմիկ երեկոյի մը ընթացքին, որուն նիւթը այս անգամ 20-րդ դարու հայ մեծերէն` Եղիշէ Չարենցն էր, որուն ծննդեան 120 եւ եղերական մահուան 80-ամեակը կը լրանայ այս տարի:
Գեղարուեստական Երեկոյին նշանակալից մասնիկն էր գիրքերով կազմուած գեղեցիկ տօնածառը: Անժելա Սարգիսեան կատարեց յայտագրի բացումը, որմէ ետք ներկաները յաջորդաբար ունկնդրեցին` Նարինէ Արապաթլեանի կատարած գեղեցիկ համադրումը Չարենցի «Տաղարան»էն եւ Ատոմ Քէհեայեանի ու Վաչէ Թաշճեանի կատարողութեամբ` հեղինակի գլուխ-գործոց` «Ես իմ Անուշ Հայաստանի» երգը:
Ապա տեղի ունեցաւ 15 վայրկեաննոց «Մեծ Հանճարը` Եղիշէ Չարենց» տեսերիզի ցուցադրումը, որուն պատրաստութեան բծախնդիր աշխատանքը տարած էին յանձնախումբի Հայաստան գտնուող անդամները՝ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի օժանդակութեամբ, այցելելով Չարենցի Տուն-Թանգարանը եւ հարցազրոյցներ վարելով յայտնի չարենցագէտ մտաւորականներու հետ:
Այնուհետեւ, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Յակոբ Թադոյեանի «Մինչեւ Էգուց» երգով, Մարիա Սարգիսեանի «Սոմա» ասմունքով, Կարօ Պօղոսեանի դուդուկով կատարած «Պէպոյի Երգ»ով եւ հեղինակի սարսռեցուցիչ «Մահուան Տեսիլ»էն Մայտա Մովսէսեանի ասմունքով:
Երեկոն եզրափակեց Ճորճ Արապաթլեան, որ հակիրճ, բայց համապարփակ կերպով վերլուծեց Չարենցի անցած գրական ուղին մինչեւ իր ողբերգական մահը վեր առնելով բանաստեղծին հայրենասիրութիւնն ու յանդուգն ճշմարտախօսութիւնը, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ստալինեան կացինը անխնայ կը հնձէր Հայութեան մտաւորականութիւնը եւ կը սպառնար ի՛ր ալ կեանքին:
Գեղարուեստական Երեկոյի աւարտին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ գեր. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, իր խօսքին մէջ ընդգծելով Չարենցի հայրենասիրութիւնը իբրեւ հարազատ արտայայտութիւն իր ժողովուրդի զգացումներուն, բարձր գնահատեց գրական երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ յոյս յայտնեց, որ նմանատիպ երեկոներ կայուն եւ յաճախակի դառնան մեր գաղութի կեանքին մէջ: