Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Գառնիկ Բանեանի (1910-1989) «Յուշեր Մանկութեան և Որբութեան» գրքի անգլերէն թարգմանութեան` Goodbye Antoura գրքի շնորհահանդէսը։ Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի գրադարան-գրատարածի յանձնախումբը Պոսթոնէն հրաւիրած է տիկին Հուրի Բանեան Պոյամեան՝ հեղինակին դուստրը։ Ան իր քրոջ՝ Շաղիկին հետ պատասխանատուութիւնը ստանձնած է գիրքը թարգմանել տալու և միջոցներ գտնելու որ Stanford University Press-ի նման հեղինակաւոր հրատարակչատուն մը հրատարակէ զայն։
Օրուան հանդիսավարն է Հ.Օ.Մ.ի ամէնօրեայ վարժարանի փոխ-տնօրէն և Sara Corning Genocide Studies-ի ղեկավար Րաֆֆի Սարգիսեան։ Նախաբանին մէջ, ան կ՚անդրադառնայ որբացած սերունդի ծանր պարտականութեան, գոյատևելու, պահելու լեզուն, մշակոյթը և կայուն հիմքերու վրայ կազմաւորելու սփիւռքը։ Այս հսկայական աշխատանքին ներազդեցութեամբ՝ այսօր հայութեան ինքնութիւնը, դատը և պահանջատիրութեան եռանդը ոչ միայն կը գոյատևեն, այլև կը զարգանան։ Սարգիսեան կը նշէ կարևորութիւնը նման յուշերու, որովհետև անհատական փորձառութիւնները քով քովի գալով կը ներկայացնեն մեր հաւաքական պատմութիւնը և կ՚արտայայտեն ցեղասպանութեան իսկական տևական հետևանքները, ցաւերը և կորուստները։ Ապա ամփոփ կու տայ Գառնիկ Բանեանի կեանքը։ Ծնած է Սեբաստիոյ Կորիւն շրջանի Ձախ Ձոր գիւղը, հինգ տարեկանին ենթարկուած է տեղահանութեան և անապատի ճամբուն վրայ որբացած։ Ճեմալ Փաշայի կազմակերպած հարիւր հազարաւոր հայ որբերու հաւաքին ընթացքին փոխադրուած է Անթուրայի որբանոցը, ուր ենթարկուած է թրքացումի ահաւոր վտանգին։ Ապա, ազատելով այդ դժոխքէն փոխադրուած է Ժպէյլի որբանոցը։ Սորված է արհեստ, ապա իր ուժերուն վրայ հիմնուելով 1935-ին Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եղած է։ Ան եղած է դաստիարակ, հեղինակ գիրքերու, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխ տնօրէն։ Եղած է հիմնադիր անդամ շրջանաւարտից միութեան և Ակօս պաշտօնաթերթի խմբագիր։ Նաև եղած է գործօն Համազգայնական, Ազգային Իշխանութեան անդամ և ատենապետ։ Բանեան իր ներդրումը ունեցած է Ազգային Երեսփոխանական կեանքին մէջ։ Այլ խօսքով, իր ազգին արժանաւոր զաւակը եղած է։
Ապա իր աշակերտներէն Վազգէն Թերզեան կը պատմէ դրուագներ դպրոցական յիշատակներէն, նաեւ կ՚անդրառնայ Ճեմարանի դերին՝ ազգային գիտակցութեան կազմաւորման մէջ։
Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լեւոն Տանայեան, դաշնակի վրայ նուագելով երկու երգ։ Հ.Օ.Մ.ի ամէնօրեայ երկրորդականի 12-րդ կարգէն երկու աշակերտներ կ՚ընթերցեն երկու մասեր։ Մհեր Գրաճեան կը կարդայ Բանեանի ծննդավայրին մասին, ուր ան անցուցած է իր կեանքին առաջին հինգ տարիները ջերմ և բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ, զարմանալի կերպով կը յիշէ բուրմունքները, հոգատարութիւնը և բնութիւնը։ Յաջորդը Արազ Տէր Օհանի ընթերցանութիւնն է, որուն պարունակութիւնը հակապատկեր է առաջին ընթերցանութեան, ուր հայ որբերը, անօթութեան չդիմանալով կ՚ուտէին միջատներ, կը խմէին մելան, կ՚ենթարկուէին մահացու «ֆալախա»ներու և անմարդկային վերաբերումի։
Սարգիսեան կը հրաւիրէ Հուրի Բանեան Պոյամեան, որ 1988-էն ի վեր կը վարէ Ուոթըրթաունի Սբ. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ան պարգևատրուած է Մեսրոպ Մաշտոց մետալով Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ և Զապէլ Թագուհիի մետալով ԱՄՆ Արեւելեանշրջանի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Ուսումի ասպարէզէն ներս առաւելագոյնս տալու համար, վերադարձած է համալսարան եւ Մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է։ Իր ջանքերով, Ս. Ստեփանոս վարժարանը դարձած է առաջին որակաւորուած Հայ դպրոցը Նիու Ինկլընտի անկախ վարժարաններուն մէջ։ Այլ խօսքով իր հօր օրինակով՝ լաւագոյն ձևով և մեծ նուիրումով հայ աշակերտի դաստիրակութեան կը ծառայէ։
Հուրի Բանեան Պոյամեան կը բացատրէ երեք կարևոր պատճառները այս գիրքը Անգլերէնի թարգմանել տալուն։ Առաջին՝ հայ որբերը թրքացնելու ազգակործան գործը քիչերուն յայտնի է. անգլերէնով աւելի լայն հայ և օտար ընթերցողներու պատմաբաններու և մանաւանդ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մասնագէտներուն հասնիլ: Երկրորդ՝ այս գիրքով մեր պահանջատիրութեան ջանքերուն նպաստել, իսկ երրորդ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչել հայ որբերուն պայքարը, զոհողութիւնը ինքնութիւն պահելու և կառչելով իրենց արմատներուն՝ սփիւռք կազմելու հսկայ աշխատանքին։
Յայտագրի ընթացքին պատմական լուսանկարներ ցոյց կը տրուին պաստառին վրայ, ինչպէս՝ Քեմալ Փաշայի այցելութիւնը որբանոց, Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտները և ուսուցիչները, ազգային խորհուրդի ժողովը Երուսաղէմի մէջ երկու կաթողիկոսներո, Անթուրայի անշիրիմ որբերուն համար նորակառոյց խաչքարը, և այլ յիշատակելի պահեր։
Ձեռնարկի աւարտին, կազմակերպող յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Ակինեան, իբր յուշանուէր՝ From the red desert to Jerusalem գիրքէն օրինակ մը կը յանձնէ Հուրի Բանեան Պոյամեանին։Նախկին Ճեմարանականներ, վերապրողներու զաւակներ և թոռներ կը հաւաքուին հիւրին շուրջ։ Յանձնախումբը կը հիւրասիրէ 100 ներկաները սուրճով, հայկական խմորեղէններով և պտուղներով։
Գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը Սիմոն Պէօճէքեանի բծախնդիր աշխատանքն է։ Գիրքը տրամադրելի է անգլերէնով և հայերէնով, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն։
Արշօ Զաքարեան
Հոկտեմբեր 28, 2016
Թորոնթօ