Փառահեղ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Համազգայինի 80-ամեակը՝ Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր 2008-ին: Ներկայ էին Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, դեսպանատան Ա. քարտուղար Կարէն Գրիգորեան, հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ եպս. Արնաութեան, Մովսէս վրդ. Տօնանեան, աւետարանական համայնքի հովուապետ պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի ընտանիքի անդամներ եւ հոծ բազմութիւն:
Սուրիական եւ հայկական քայլերգներէն ետք հայերէն բացման խօսքը կատարեց «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի ատենապետ Միհրան Ղազարեան, որ ոգեւորիչ խօսքերով պանծացուց օրուան հանդիսութիւնը, իսկ արաբերէն բացման խօսքը կատարեց Մարիանա Ճիւլեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը ճոխ էր. Դամասկոսի «Աղթամար» եր•չախումբի ղեկավար դոկտ. Արմենուհի Սիմոնեան-Բարսեղեան լսելի դարձուց դաշնակի վրայ Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»ն եւ Առնօ Պապաճանեանի «Էլեկիա»ն:
Սարին Խաճարեան խոր ապրումով արտասանեց Ժ. Յակոբեանի «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն» բանաստեղծութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ զուգերգ մը՝ «Քարերի ամրոց երկիր», կատարողութեամբ Մարտիկ Գաթգլեանի եւ Մելինէ Շիրանեանի:
Համազգայինի պատմականը ներկայացուց Ալիս Մելքոնեանը՝ բացատրելով հայապահպանման վսեմ առաքելութեան համար հիմնուած բոլոր կրթական օճախներու մասին, հրատարակչական կեդրոններ, մամուլ, թատրոն, պարախումբ, երգչախումբ, եւ այլն:
Ապա Անդրանիկ Ասատուրեան, Նայիրի Կուսիկեան, Սառա Ղարղնեան եւ Վարուժան Պաղտասարեան ներկայացուցին «Իլիկներու պար»ը եւ «Շողոտ շաղոտ» հայկական պարերը՝ պատրաստութեամբ Նազելի Շիրանեանի:
Դամասկոսի Համազգայինի պատմականը ներկայացուց Ժոզեֆ Ղազարեան, որ եղած է Համազ•այինի Ա. ընտրեալ վարչութեան անդամ 1952-ին եւ տարիներ վարած է վարչականի պաշտօնը, ապա՝ ատենապետի: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ ի°նչպէս Համազգայինը Դամասկոսի մէջ ստացաւ պետական ճանաչում, նախ՝ Ֆրանսական հոգատար իշխանութենէն, ապա՝ սուրիական կառավարութենէն, ուր միշտ վառ պահած է սէրը հայ մշակոյթի, կազմակերպելով ազգային մշակութային, ընկերային կրթական, պատմական, առողջապահական ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ՝ գրական դէմքերու, ազգային տօներու, ոգեկոչման հանդիսութիւններ եւ այլն: Ան յիշատակեց նաեւ թատերական, երաժշտական ձեռնարկները, «Աղթամար» երգչախումբի կազմաւորումը՝ մատնանշելով մինչեւ օրս կատարուած ձեռնարկներու մասին:
Դրօ Սգայեան ջութակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Ատաճիօ»ն:
Յուսադրիչ խօսքերով եւ բարի մաղթանքներով հանդէս եկան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Վահէ Ժամագործեան եւ ապա՝ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան:
Հանդիսութիւնը վերջ •տաւ «Աղթամար» երգչախումբի «Երգ բարեկամութեան», «Կենաց երգ», «Ազգ փառապանծ», «Միասնութեան շուրջ պար» խմբերգներով՝ խմբավարութեամբ Արմենուհի Բարսեղեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռինա Դանիէլեանի, որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու: