Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կարմիր Գլխարկիկ»-ը թատրերգութեան եռօրեայ ներկայացումին:
Արդարեւ, յատուկ այս նպատակով` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանեցին հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտներ` դերուսոյց բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան եւ երաժշտական յօրինող Մարթին Վարդազարեան: Բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան յաջողեցաւ կարճ ժամակամիջոցի մը ընթացքին «մարզել» Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի պատանիները` «Կարմիր Գլխարկիկ»-ի համաշխարհային պատգամը վերյիշեցնելու բոլորին, մանուկներուն ե՛ւ մեծերուն: