Ֆորում
Շաբաթ, 30 Յուլիս 2016-ը այս տարուան Համազգայինի Ուսանողական հաւաքի վերջին օրն էր։
Առաւօտեան ֆորումականները հրաժեշտ տուին Արցախին եւ ուղղուեցան դէպի Երեւան։ Ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Տաթեւի ճոպանուղի եւ Տաթեւի վանք ու հոն ճաշեցին։
Երեկոյեան բոլորը հասան Երեւան եւ պատրաստուեցան մեկնելու իրենց համապատասխան երկիրները։ Բաժանումի պահը դժուար էր եւ յուզմունքով լեցուն, բայց մասնակիցները բաժնուեցան անգամ մը եւ տեսնուելու եւ միշտ կապի մէջ մնալու խոստումով։