Ֆորում
Ուրբաթ, 29 Յուլիս 2016-ին, սկիզբ առաւ այս տարուան Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 14-րդ եւ նախավերջին օրը՝ Արցախի մէջ։
Նախաճաշէն ետք ֆորումականները այցելեցին Արցախի Ազգային Ժողովի շէնք եւ հանդիպում ունեցան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանի հետ, որ ամբողջական ձեւով ներկայացուց Արցախի պատմութիւնն ու քաղաքական իրավիճակը։ Յետոյ, ֆորումականները առիթը ունեցան այցելելու Ասկերանի զօրամասը եւ ծանօթանալու զինուորներու կեանքին եւ առօրեային։
Ապա խումբը այցելեց զոհուած ազատամարտիկներու եւ անյայտ կորածներու թանգարանները Ստեփանակերտի մէջ։
Ճաշէն ետք, խումբը այցելեց «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթող, Վագրի Լեռ եւ Գանձասար, որմէ ետք հրաժեշտի ընթրիքը տեղի ունեցաւ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանէն ներս։