Ֆորում
Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 13-րդ օրը եղաւ բաւական երկար ու յոգնեցուցիչ, բայց նաեւ իւրայատուկ եւ զգացումներով լեցուն։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ֆորումականները մեկնեցան դէպի Արցախ։ Ճամբուն վրայ, անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան։Սեւակի բանաստեղծութիւններէն մի քանի կտոր ասմունքելէ եւ երգելէ ետք, խումբը ճաշեց «Որսկան» ճաշարանէն ներս։
Երկար ճանապարհ կտրելէ ետք, երեկոյեան ֆորումականները հասան Արցախ շատ բարձր տրամադրութեամբ։ Ընթրիքը տեղի ունեցաւ «Park Hotel»-ի մէջ, որմէ ետք խումբը քալելով շրջեցաւ Ստեփանակերտի մէջ եւ վայելեց մայրաքաղաքի աշխուժ կեանքը։