Ֆորում
Համազզայինի Ուսանողական հաւաքի 6-րդ օրը, ֆորումականները հերթաբար այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, Էջմիածնի Մայր տաճար եւ թանգարան, Գայեանէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:
Ճաշի դադարէն ետք, տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական եւ շահեկան դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ «Ո՞վ է հայը» թեմայով: Փրոֆեսորներ Հրանդ Մարգարեան եւ Քլոտ Մութաֆեան ներկայացուցին բացատրողական մը ինքնութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցան այն դէպքերուն մասին, որոնք ձեւաւորած են հայ ազգի ինքնութիւնը:
ԿԷսօրէ ետք տեղի ունեցաւ խմբային աշխատանք, եւ ֆորումականները աշխատեցան բաժնուած հինգ խմբակներու՝ երաժշտութիւն, պար, թատրոն, լրատու եւ կայքէջ: