Ֆորում
Համազգայինի ուսանողական հաւաքի հինգերորդ օրը երկար էր. ուսանողները այցելեցին բաւական վայրեր:
Առաջին հերթին, անոնք այցելեցին Մատենադարան, ուր Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին մասին կարճ բացատրողական մը լսելէ ետք, շրջեցան թանգարանին մէջ: Յետոյ ֆորումականները այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, շրջեցան անոր տարբեր բաժանմունքներուն մէջ եւ ստացան տեղեկութիւններ համալսարանին մէջ ուսանելու կարելիութիններուն մասին:
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը այցելեց Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանը եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:
Ֆորումականները թէեւ յոգնած էին, բայց երեկոն շարունակեցին Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէջ եւ հայկական շուրջպարով ճոխացուցին մթնոլորտը: