Ֆորումի եօթներորդ օրը բաւական յատկանշական եւ անմոռանալի էր։ Առաւօտեան, ֆորումականները այցելեցին Ծաղկաձորի ճոպանուղին, որմէ ետք մեկնեցան դէպի «Տիրամայր Հայաստան»ի ճամբար։
Ճամբարի ընդհանուր տնօրէն Քոյր Արուսեակը, ճամբարի անձնակազմը՝ ուսուցիչներ եւ կամաւորներ, ինչպէս նաեւ մօտ երկու հարիւր ժպտադէմ երեխաներ դիմաւորեցին խումբը։
Հայկական աւանդական տարազներ հագած պատանի աղջիկներ աղ ու հացով դիմաւորեցին բոլորը եւ երկվայրկեանի մէջ, ֆորումի երիտասարդները ձեռք ձեռքի բռնած ճամբարի փոքրիկներուն ու պատանիներուն հետ, շուրջպարի սկսած էին Ծաղկաձորի հրաշալի գեղեցկութեան գիրկը։ ֆորումականները շրջեցան շէնքէն ներս, դասարանները պտըտեցան եւ ծանօթացան ճամբարի առօրեային։
Ճամբարի մասնակիցները կու գան Հայաստանի բոլոր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, շատերը որբանոցներէ, ոմանք ծնողազուրկ, ոմանք վատ պայմաններու մէջ ու ոմանք լքուած իրենց ծնողքէն ու հարազատներէն։ Քոյր Արուսեակին փոխանցած տեղեկութիւններէն ետք, Ճաշասրահին մէջ աղօթեցին բոլորը, ու ճաշերը սպասարկուեցան. ֆորումականները ճամբարի մասնակցողներուն հետ ճաշակեցին պատրաստուածը ու զրուցեցին փոքրիկներուն հետ։ Յետոյ, դահլիճին մէջ յատուկ յայտագիր մը պատրաստուած էր ֆորումականներուն համար, որմէ ետք խաղերու բաժին մը ծայր առաւ։
Համազգայինի կողմէ նիւթական ներդրումէ մը անդին, ֆորումականներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները սրտաբուխ նուէր մը ըրին Ճամբարին եւ ցտեսութիւն ըսելով վերադարձան Երեւան։
Ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ դասախօսական զրոյց մը՝ «Ո՞վ է հայը» նիւթով: Զրոյցը վարեց Վիգէն Թիւֆէնքճեան: Զրուցավարը հակիրճ ձեւով ներկայացուց որոշ կարծիքներ նիւթին մասին, ապա խօսքը փոխանցեց մասնակիցներուն, որոնք երկու ժամ տեւողութեամբ հերթաբար արտայայտուեցան ու փոխանցեցին տարբեր կարծիքներ, մերթ վիճեցան եւ մերթ համաձայնեցան:
Ապա, բոլորը միասին մեկնեցան դէպի մօտակայ այգին եւ կիթառի ընկերակցութեամբ երգեցին ու զուարճալի երեկոյ մը անցուցին։