21 Յուլիսին, հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սիմոնեան խօսեցաւ համալսարանի բաժանմունքներուն, այլ համալսարաններու հետ համաձայնագիրներու, ինչպէս նաեւ հայագիտական ճիւղերու մասին: Ֆորումականները ուղղեցին շարք մը հարցումներ եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ապագային Հայաստանի մէջ ուսանելու գծով: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցները այցելեցին համալսարանի թանգարանը:
Ապա, խումբը այցելեց Երեւանի Ճատրակի տուն եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան:
Ճաշի դադարէն ետք, ֆորումականները լսեցին շահեկան դասախօսութիւն մը լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կողմէ` «Հայկական ժառանգութիւնը Ջաւախքի եւ արդի Վրաստանի մէջ» խորագիրով: Դասախօսը զեկուցեց համշէնահայութեան, Աբխազիոյ, Ջաւախքի եւ ընդհանուր առմամբ Վրաստանի հայկական համայնքին մասին` անդրադառնալով շրջանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական պատկերին:
Իսկ երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան քարաօքէի երեկոյի մը եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամանակ անցուցին: