6 եւ 7 Մայիս 2017 շաբաթավերջին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած հայագիտական լսարանը նուիրուած «Ցեղի գաղափարը եւ ամերիկահայ գաղթականութիւնը» բնանիւթին։ Դասախօսն էր Նիւ Ճըրզիէն հրաւիրուած դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, գրող, բանասէր՝ տնօրէնը ԱՄՆ-ի արեւելեան շրջանի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդին։ Լսարանը կը բաղկանար 3 նիստերէ, ներկայութեամբ 20 ունկնդիրներու։
Շաբաթ օրուան առաջին նիստին դասախօսը ներկայացուց ցեղի գաղափարը, որ 17 դարու վերջաւորութենէն ի վեր կը մշակուէր Եւրոպայի մէջ, յատկապէս այսպէս կոչուած սպիտակ ցեղի գերադասութիւնը հաստատելու համար բոլոր այլապէս բնորոշուած միւս՝ «գունաւոր» ցեղերուն բաղդատմամբ։ Գաղափար, որ ի վերջոյ յանգեցաւ համաշխարհային աղէտի՝ Ի. դարուն, եւ որ զանազան ձեւերով տակաւին կը յամենայ ԻԱ. դարու այս առաջին տասնամեակներուն Ամերիկայի մէջ թէ այլուր։
Կէսօրուան ճաշին յաջորդող՝ երկրորդ նիստին ան ներկայացուց հայերու արտագաղթը դէպի ԱՄՆ ու ամերիկեան ցեղապաշտ վարուելակերպը, որ որդեգրուեցաւ հայերու եւ այլ «ստորադաս» գաղթականներու հանդէպ։ Վկայութիւններու, վիճակագրութիւններու եւ բազմաթիւ օրինական ու այլ վաւերաթուղթերու մէջբերումով, Մատթէոսեան մանրամասնօրէն նկարագրեց այն խտրական մթնոլորտը, որ կը տիրէր 1880-ական թուականներուն հայերուն ժամանումէն մինչեւ 1950-ական թուականները եւ աւելի ուշ։ Այս պարունակին մէջ, դասախօսը ներկայացուց Հալլաճեան (1909) եւ Գարթոզեան (1924) ընտանիքներու ԱՄՆ-ի քաղաքացիութիւն ստանալու կապակցութեամբ յարուցուած դատական հարցերը. ապա անցնելով Գարեգին Նժդեհի 1930-ական թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ ծաւալած գործունէութեան, ան սեւեռումի տակ բերաւ «Ցեղակրօն ուխտեր»ու հիմնադրութիւնն ու ցեղ ու ազգ յղացքներուն Նժդեհի ըմբռնումները։
Երրորդ նիստը, կիրակի առաւօտ, նուիրուեցաւ խտրականութեան այն գործնական արտայայտութեան, զոր հայերը գտան Գալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, ուր Ամերիկա հասած ամենէն մեծ թիւով զանգուածը կ՚ապրէր Ի. դարու առաջին 20-30 տարիներուն։ Նշուեցաւ յատկապէս այն նախանձը, որ բնիկ սպիտակամորթ հաւաքականութիւնը կը տածէր մերկ ու բոպիկ հասած այդ եկուորներուն հանդէպ, որոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ կը յաջողէին իրենք զիրենք գտնել ու բարեկեցիկ կեանք մը ստեղծել։
Դասախօսին եզրակացութիւնը այն եղաւ, որ չմոռնանք այդ անարդար իրավիճակը, որ առաջին գաղթականներն ու իրենց անմիջական յաջորդ սերունդը ապրեցան, ու մենք ալ մեր կարգին զգօն ըլլանք այսօր մեր շուրջ երեւցող խտրական վարուելակերպի յոռի երեւոյթներուն։
Վ-Ա.Ա.