Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորում) 10-րդ օրուան առաւօտուն, հանրակառքը ողղուեցաւ դէպի Արագածոտնի մարզին մէջ գտնուող «երգիչների հայրենիք» Աշտարակ. Նեղլիկ, ծառապատ փողոցներէ անցնելէ ետք կանգ առաւ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ առջեւ։
Խումբը դիմաւորեց տեղւոյն Հայր Սուրբն ու Արման Սարկաւագը. վերջինը առաջնորդեց բոլորը դէպի Այբուբենի փոքրիկ պուրակը ու լիամփոփ ներկայացում մը կատարեց շրջանին, Եկեղեցւոյ մասին, ցոյց տալով Մաշտոցի թաղուած վայրը եւ շեշտելով Իշխան Վահան Ամատունիի ազգօգուտ դերը։ Հետաքրքրական տեղեկութիւններ բաժնեց թզուկներու աշխարհէն, շրջանին մէջ իրենց ապրած տնակներուն մասին, եւայլն։ Ապա Եկեղեցւոյ մէջ շարունակեց իր բացատրականները հայ գիրերուն մասին ու առաջնորդեց խումբը դէպի փոքրիկ խուց մը, ուր կը գտնուի Ս. Մեսրոպի տապանաքարը. Սարկաւագը շեշտեց կարեւորութիւնը հայ լեզուի պահպանման եւ աղօթեց հայ լեզուի անսասանութեան համար։ Դուրսը, ծառերու ստուերին տակ, Սուրբ Մեսրոպի արձանին շուրջ հաւաքուած լուսանկարուելէ ետք, խումբը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց հայ գիրերու գիւտին մասին Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի շահեկան բանախօսութիւնը, որ ծայր առաւ Արտաշէսեան հարստութեան ժամանակաշրջանին կազմուած հայ լեզուին մասին հակիրճ ակնարկէ մը. ապա Դոկտ. Մարգարեան պատմականը ներկայացուց այդ շրջանին եւ անկէ առաջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ Ս. Մեսրոպ ստեղծեց հայ գիրերը. շարունակեց թէ ինչպէս հետագային Օ եւ Ֆ գիրերը կու գան միանալու մեր այբուբենին եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ բաժնեց հայկական գիրերու հայեացքին մասին, խմբաւորելով գիրերը աջահայեաց, ձախահայեաց եւ միջին խումբերու։
Կարմրաւոր Ս. Աստուածածին Եկեղեցին խումբին յաջորդ հանգրուանն էր. գողտրիկ այս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը ննջէ հայրենի բանաստեղծ՝ Գէորգ Էմին. շուրջը գտնուող քարին վրայ փորագրուած է իր բանաստեղծութիւններէն տող մը.- «Ես հայ եմ, հին ինչպէս լեառն այս բիբլիական»։ Ու հեռուն, Արարատն է, որ իր ձիւնէ գագաթը պարզած է բոլորին առջեւ։
Ճաշի սպասարկութիւնը ճիշդ դիմացը գտնուող այնքան հաճելի ու օդասուն փոքրիկ ճաշարանին մէջ է, Pascal & diodato cafe, ուր երկար սեղաններու շուրջ ճաշելէ ետք, խումբը վերադարձաւ Եւրոպա պանդոկ. ճամբու վրայ մերթ ընդ մերթ իր բոյնին վրայ հսկող արագիլ մը կ՚երեւէր։ Երեք աշխատանոցներուն՝ պարի, լուսանկարչութեան եւ լրատուի խմբագրութեան երրորդ նիստը ամբողջացնելէ ետք, խումբը այցելեց «Birthright Armenia» գրասենեակ, ուր Սեւան Քապաքեան ներկայացուց ծրագիրը՝ օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցելով «Birthright Armenia» ծրագրի նախաձեռնութեան եւ հնարաւորութիւններուն մասին:
Ընթրիքն ու մշակութային ճոխ երեկոն շարունակուեցան երկար, Safran ճաշարանին ու քովը գտնուող Bourbon-ի մէջ. դաշնակն ու կիթառը, սրինգը, շուին եւ ջութակը միատեղ հոյակապ մթնոլորտ մը ստեղծեցին եւ կարծէք նուագախումբ ու երգչախումբ միատեղ՝ համերգ մը եղած ըլլար։