«Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբի հիմնադրութեան 20-ամեակի համերգը կայացաւ Շաբաթ, 6 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի: Համերգը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ: Բազմաթիւ հիւրերու եւ մշակութասէր հանդիսականներու կողքին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Կարկաչ» երգչախումբի իրերայաջորդ նախկին վարչութիւններէն անդամներ եւ նախկին կարկաչականներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սթեֆանի Պալթայեան: Ան ըսաւ, որ անցնող 20 տարիներուն երգչախումբը կարեւոր ներդրում ունեցած է նոր սերունդի երաժշտական դաստիարակութեան մարզին մէջ` պատրաստելով եւ ներկայացնելով 30 համերգներ: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ»-ի տարազով առնուազն մէկ անգամ բեմ բարձրացած են 800 պատանիներ, յատկապէս «Կարկաչ»-ի եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին համար ծնած են շուրջ 100 նոր երգեր: Տարեկան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներու ժամանակ երգչախումբը կատարած է մօտաւորապէս 600-ի հասնող երգեր եւ ելոյթներ տուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ: Միշտ հրաւիրուած է մասնակցելու «Պէյրութ Չենց» փառատօնին եւ Լիբանանի միջազգային երգչախմբային փառատօնին` դառնալով Լիբանանի օտար երաժշտական շրջանակներուն մէջ ալ հայութիւնը ներկայացնող երգչախումբ: Իր խօսքի աւարտին Պալթայեան նշեց, որ 20-ամեայ աշխատանքը իրականացած է շնորհիւ մշակութային գործին ու առաքելութեան հաւատացող համազգայնականներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն, ծնողներուն, դաշնակահարներուն եւ հիմնադիր գեղարուեստական խմբավար, ղեկավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին: 20 տարի անընդմէջ «Կարկաչ»-ը մնացած է եւ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ: