Ֆորումի չորրորդ օրը սկիզբ առաւ Երեքշաբթի, 19 Յուլիս 2016-ին։ Մանկական գիրքերու հեղինակ Ալին Պզտիկեան ֆորումականներուն զեկուցեց իր գիրքերուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուով մանկական գիրքեր ունենալու անհրաժեշտութեան։ Իսկ Ռուբէն Միրաքեան զեկուցեց իր նախաձեռնած «armenianebooks.com» կայքէջին մասին։
Ապա խումբը մեկնեցաւ դէպի Էջմիածին եւ այցելեց Սուրբ Գայեանէ եկեղեցին եւ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարը, ուր անոնք այցելեցին տեղւոյն թանգարանը։
Կէսօրուան ճաշը կայացաւ «Հայ Միասնութեան Խաչ» բարեգործական-մշակութային հասարակական կազմակերպութեան մօտ, որմէ ետք ֆորումականները ծանօթացան կաւագործութեան, եւ իւրաքանչիւրը առիթը ունեցաւ կաւով ձեռային աշխատանք մը պատրաստելու։
Ընթրիքէն ետք, ֆորումականները շրջեցան Երեւանի մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի Գասգատ եւ միասնաբար ընկերային հաճելի մթնոլորտ մը անցուցին։