Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 11-րդ օրը այցելեցինք Եռաբլուր եւ տեսանք շիրիմները այն հերոսներուն, որոնք Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհելով եւ նուիրաբերելով պաշտպանեցին մեր հողերը։
Ապա Ծիծեռնակաբերդ այցելեցինք եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք եղեռնեան անմահ զոհերու յիշատակին։ Թանգարանին մէջ բացատրութիւններ ստացանք այդ օրերու իրադարձութիւններուն մասին։
Ֆորումէն պատուիրակութիւն մը այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխ նախարար Արտակ Դաւթեանին հետ եւ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին լուսաբանութիւններ ստացանք ներկայ կացութեան մասին։ Նաեւ փոխ նախարարէն խնդրեցինք Ֆորումի անունով ջերմ բարեւներ փոխանցէ այսօրուան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին, որ եղած է նախկին Ֆորումական, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ՝ Ֆորումի դասախօս։
Խարբերդ ճաշարանին մէջ ճաշելէ ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի շէնքին մէջ Կիրօ Մանոյեան դասախօսեց «Հայ Դատը այսօր» թեմայով դասախօսութիւնը։
Արցախի ճամբորդութեան պատրաստութեան համար հասանք պանդոկ եւ սկսանք ճամպրուկները հաւաքելու աշխատանքին։
Ընթրեցինք Իտալական «The Italian» ճաշարանին մէջ։
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում՝ բաժնուած 6 խումբերու։ Մասնակիցները սուր մրցակցութեամբ շատ լաւ պատասխանեցին հարցումներուն։
Այսպիսով Ֆորումի Երեւանեան բաժինը իր աւարտին հասաւ։