Ֆորում
Ֆորումի 9-րդ օրը սկսաւ Սարդարապատ այցելութեամբ։ Խումբը յաղթական ոգիով Սարդարապատի երգը երգելով յառաջացաւ դէպի թանգարան, ուր բացատրութիւններ ստացանք առաջնորդի կողմէ Սարդարապատի հերոսական մարտերուն, անոր հերոսներուն եւ յատկապէս Արամ Մանուկեանի մասին։
Թիւֆէքճեան պանդոկի Խարբերդ ճաշարանին մէջ ճաշելէ ետք անհրաժեշտ էր քիչ մը հանգստանալ, որպէսզի մարզական առոյգ ոգիով ուղղուէինք դէպի Կրանտ Սփորթ ակումբ եւ մրցէինք մարզական խումբի դէմ։ Մրցումը տեղի ունեցաւ ընկերային ջերմ մթնոլորտին մէջ, ապա Կրանտ Սփորթի տնօրէնութեան կողմէ ընթրիքի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ ի պատիւ Համազգայինին։
Գիշերային զուարճալի պահերէ ետք աւարտեցաւ օրը։