Համազգայինի Ուսանողական 22-րդ հաւաքը` «Ֆորում»ը, ծայր առաւ Երեւանի մէջ Շաբաթ, 16 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան, համախմբելով թիւով 24 երիտասարդներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն եւ Ռուսաստանէն։
Բացումը կատարուեցաւ Եւրոպա պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ Ֆորումի ընթացիկ տարուան վարիչը՝ Արա Բարսեղեան։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթը ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերու մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ շատ մը պատմական արժէք ներկայացնող իրեր։ Շարունակելով, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը, ապա՝ Մայր Հայաստանի Յուշահամալիրը, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան քանդակը։
Գիշերը ընկերային ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բարի գալուստի ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. կենացներուն յաջորդեցին երգն ու պարը, որոնց մասնակցեցան բոլորը, եւ առաջին օրէն իսկ տաղանդները յայտնաբերուեցան։