Խաղ ու պար, երգ ու ծիծաղ, ջերմութիւն ու կանաչութիւն, աղ ու հաց ու մանաւանդ՝ լայն սիրտեր դիմաւորեցին Համազգայինի «Ֆորում»ականները, ծրագրին հինգերորդ օրուան սկիզբը, Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան»ի ճամբարի շէնքին մուտքին։ Անբացատրելի է զգացումը. տարազներ հաքած պատանի աղջիկներ աղ ու հացով դիմաւորեցին բոլորը եւ երկվայրկեանի մէջ, ֆորումի երիտասարդները ձեռք ձեռքի բռնած ճամբարի փոքրիկներուն ու պատանիներուն հետ, շուրջպարի սկսած էին Ծաղկաձորի հրաշալի գեղեցկութեան գիրկը։ Պարերը շարունակուեցան երկար. ու վայ որ երիտասարդներէն մէկը վայրկեանի մը համար մէկ կողմ քաշուէր ու կենար. անմիջապէս կանաչաչեայ կարմիր այտերով փոքրիկն Գայեանէն ու ընկերները՝ Րաֆֆոն, Թաթուլը եւ Սոնան ու ….. մէկն ու մէկը կը վազէր ու կը քաշէր զիրենք պարի։
Քոյր Արուսեակն է ընդհանուր տնօրէնը Ճամբարին. հոն կային նաեւ Հայր Նարեկը, Քոյր Նարինէն, Եղբայր Իլիասը, ուսուցիչներ ու կամաւորներ, որոնք կը հսկէին: Քիչ անց, դասապահերը սկսան, ու այնքան կանոնաւորութեամբ փոքրիկներու ջոկատները առաջնորդուեցան շէնքին ներսը, իսկ Եղբայր Իլիասը ֆորումականները առաջնորդեց շէնքին ներսը, մէկ առ մէկ առիթ տալով, որ դասարանները պտըտին եւ շփուին ճամբարին մասնակցողներուն հետ, որոնք կու գան Հայաստանի բոլոր մարզերէն ու Վրաստանէն, շատերը մանկատուներէն, ոմանք ծնողազուրկ, ոմանք վատ պայմաններու մէջ ու ոմանք ցաւ ի սիրտ՝ լքուած իրենց ծնողքէն ու հարազատներէն։ Քոյր Արուսեանին փոխանցած տեղեկութիւններէն ու Եկեղեցւոյ մէջ Եղբայր Իլիասին հակիրճ ներկայացումէն ետք, Ճաշասրահին մէջ աղօթեցին բոլորը, ու ճաշերը սպասարկուեցան. ֆորումականները ճամբարի մասնակցողներուն հետ խառն նստած ճաշակեցին պատրաստուածը ու զրուցեցին փոքրիկներուն հետ։ Յետոյ դահլիճին մէջ յատուկ յայտագիր մը պատրաստուած էր ֆորումականներուն համար. երգերն ու ազգագրական պարերը ջերմացուցին բոլորին սրտերը։ Շարունակելով յայտագիրը, խաղերու բաժին մը ծայր առաւ ուր դարձեալ ճամբարի մասնակցողներն ու ֆորումականները, բոլորը միասին երկու խումբի բաժնուեցան, Անի ու Դուին, ու խաղերը սկսան. Անին խլեց բաժակը, իսկ դատական կազմը գլխաւորեց ֆորումի վարիչներէն՝ Արա Բարսեղեան, որ յանձնեց բաժակները, թէ՛ Անիին եւ թէ Դուինին։
Դժուար էր բաժանումը. գրկախառն ու թաց աչքերով. ձեռք ձեռքի բռնած ցտեսութեան երգէն ետք, խօսք առաւ Քոյր Արուսեակ, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Ֆորումի անձնակազմին, որ տարիներէ ի վեր այս նախաձեռնութիւնը կը կատարէ այցելելով ու իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերելով Ճամբարին։ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան, իր կարգին, Համազգայինի կողմէ իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց Քոյր Արուսեակին, լրիւ անձկակազմին, բայց մանաւանդ՝ Ճամբարին մասնակցող բոլոր փոքրերուն ու պատանիներուն, իրենց ջերմութեան, հարազատութեան ու գեղեցիկ յայտագիրին համար։ Համազգայինի կողմէ նիւթական ներդրումէ մը անդին, ֆորումականներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները սրտաբուխ նուէր մը ըրին Ճամբարին. իրենց սիրտերը հոն ձգած մեկնեցան դէպի Ծաղկաձորի ճոպանուղի ու հոն իրենց առջեւ դարձեալ պարզուեցաւ մեր հայրենիքին գեղեցկութիւնը… քնքոյշ հայրենիք, սիրուն հայրենիք...։