Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 6 Դեկտեմբեր 2008ին Համազգայինի 80ամեակին առիթով կազմակերպուած դրամահաւաք - ճաշկերոյթին եւ մինչեւ օրս ի նպաստ Ճեմարանի սաներու Ֆոնտին հաւաքուած է 146,000 ամ. տոլար: Յայտնենք, որ նուիրահաւաքը տակաւին կը շարունակուի:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք, բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրութեան եւ կրթութեան անհրաժեշտութեան սիրայօժար կերպով սատար կը հանդիսանան մեր աշխատանքներուն:
Համազգայինի
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի
Տնօրէնութիւն