Ֆորում
Ֆորումի 8-րդ օրը յատկացուած էր նախ գնումի։ Առաւօտուն Վերնիսաժի մէջ կատարեցինք գնումներ, ապա Տէրեան ճաշարանին մէջ ճաշելէն ետք ուղղուեցանք դէպի Մատենադարան։
Նախ հայկական գեղարուեստի մասին ունկնդրեցինք դասախօութիւն մը Դոկտ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ, ապա շրջեցանք Մատենադարանի առաջին յարկը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացանք ձեռագրերու, հայկական ներկերու, գրիչներու եւ հայկական արուեստի այլ յատկանիշներու մասին։
Երեկոյեան ժամերուն Քասքատի շրջափակին մէջ Գագիկ Գինոսեանի գլխաւորութեամբ ունեցանք ազգագրական պարի դասընթացք։ Ժողովուրդի խուռն բազմութիւն հաւաքուած էր դիտելու եւ ըմբոշխնելու այս գեղեցիկ պահը։
Ընթրիքը տեղի ունեցաւ Black Angus ճաշարանին մէջ։