Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 7-րդ օրը կոմիտասեան երաժշտութեամբ սկսաւ. այցելեցինք Կոմիտաս վարդապետի թանգարան եւ ծանօթացանք անոր կեանքին ու գործունէութեան։ Այցելեցինք նաեւ նոյն պարտէզին մէջ գտնուող մեր մեծերու պանթէոնը եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք անոնց՝ Վահան Տէրեանի, Սօս Սարգիսեանի, Պարոյր Սեւակի, Ս. Կապուտիկեանի եւ ուրիշներու։
Ապա ուղղուեցանք Ծաղկաձոր, Տիրամօր մանուկներու ճամբարը, ուր մանուկները մեզ դիմաւորեցին աղով ու հացով եւ բարի գալուստ պոռալով։ Այնքան յուզիչ էր պահը, որ արցունքը եղաւ մեր բարեւի պատասխանը։ Միասնաբար ճաշելէ ետք, սկսանք զանազան խաղերու եւ ուրախ ժամանցի։ Երգերով ու պարով ընթացաւ օրը, եւ մենք հրաժեշտ տուինք այն աննման փոքրիկներուն՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Ծաղկաձորի ճոպանուղին կը սպասէր մեզի կիսա-անձրեւային մթնոլորտով։ Նստանք ճոպանուղի եւ վայելեցինք մեր հայրենիքի գեղատեսիլ բնութիւնը։
Վերադառնալով Երեւան, ընթրեցինք Այնթապ ճաշարանին մէջ եւ այսպիսով աւարտեցինք մեր յիշարժան օրը։