Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 6-րդ օրը յատկացուած էր կրթական հաստատութիւններ այցելութեան։ Երեւանի պետական համալսարանը մեր առաջին կանգառը հանդիսացաւ։ 1919-ին հիմնուած հինաւուրց համալսարանը երիտասարդ ոգիով գրաւեց մեր մասնակիցներու ուշադրութիւնը։ Համալսարանի տնօրէն փրոֆ․Արամ Սիմոնեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ համալսարանի պատմականի, ներկայի, ուսման զանազան կարելիութիւններու եւ ուսանողութեան մասին։ Այսօր համալսարանը ունի 20.000 ուսանող։ Համալսարանը ունի նաեւ զանազան երկիրներու հետ ուսանողութեան փոխանակման ծրագիրներ, որոնց մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ ան։ Ապա փրոֆեսորը անդրադարձաւ ԵՊՀ-ի եւ Համազգայինի համատեղ կազմակերպութեամբ նախաձեռնութիւններուն։
Երկրորդ կանգառը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանն էր։ Մասնակիցները դարձեալ հակիրճ բացատրութիւններ ստացան համալսարանի պատմութեան եւ կարելիութեանց մասին։ Ուսանողները ճաշեցին համալսարանին մէջ։
Պանդոկ վերադառնալէ եւ քիչ մը հանգստանալէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի Թումօ արհեստագիտական կեդրոն եւ հիացմունքով ականատես եղաւ Թումոյի մէջ ծայր առած արդիական աշխատանքին։ Այնտեղ արտասահմանէն Հայաստան հաստատուած Թումոյի աշխատակիցներ իրենց կենդանի օրինակով եւ անցած ճանապարհով բացատրութիւններ տուին Թումոյի ճամբով Հայաստանի մէջ արհեստագիտական մարզէն ներս ներդրումներ կատարելու կապակցութեամբ։
Թումոյէն վերադարձին մեղմ անձրեւը կը մաղէր Երեւանի փողոցներուն մէջ։
Պանդոկին մէջ ընթրելէ ետք, պատրաստուեցանք զրոյցին՝ «գաղութներու ներկայացում», առաջնորդութեամբ ընկ․ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին։ Իւրաքանչիւր երկրի հայկական գաղութը ներկայացուեցաւ այդ երկրին մասնակիցներուն կողմէ։
Այսպիսով վերջ գտաւ Ֆորումի 6-րդ օրը։