Ֆորում
12 Յուլիս 2018-ին, Ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան Օշական, ուր այցելեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։ Եկեղեցիի քահանան դասախօսեց Հայերէն տառերու եւ այբուբենի մասին։
Օշականէն ետք, Ֆորումականները ճամբայ ելան դէպի Գիւմրի։ Հոն՝ անոնք շրջեցան քաղաքին մէջ, ապա այցելեցին Յովհաննէս Շիրազի տուն թանգարանը։ Անոնք ներկայ գտնուեցան նաեւ Գոհար համոյթի փորձին։
Գիւմրիի մէջ օրը անցընելէ ետք, երեկոյեան վերադարձան Երեւան։