Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 3-րդ օրը սկսաւ աշուղական մթնոլորտի մէջ։
Խումբը այցելեց Ջիվանիի աշուղական դպրոց, ուր Թովմաս Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ ունկնդրեցինք Ազգային նուագարաններու մասին բացատրութիւններ եւ ծանօթացանք հայ գուսաններուն եւ աշուղներուն կեանքին ու գործունէութեան։ Ապա Սայեաթ Նովա աշուղական անսամպլին փունջ մը աշուղական եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերէն ոգեշնչուած, ուսանողները աշխուժօրէն մասնակցեցան երգերուն։
Ապա այցելեցինք Չարենցի Կամար եւ տեսանք մեր հիասքանչ Սիսն ու Մասիսը ու միասնաբար երգեցինք Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգը։
Ուղղուեցանք դէպի Գառնիի հեթանոսական տաճար, ապա ճաշեցինք «Իմ Այգի» ճաշարանին մէջ, ուր ականատես եղանք հայկական գաթայի պատրաստութեան եւ ճաշէն ետք համտեսեցինք Գառնիի հայկական անուշահամ թոնիրի գաթան։
Գեղարդի վանական համալիր այցելելու ընթացքին միասնաբար երգեցինք Տէր Ողորմեան եւ Կիլիկիա երգերը, խորհրդաւոր ու ոգեպարար պահեր պարգեւելով մասնակիցներուն։
Ընթրիքը տեղի ունեցաւ մեր բնակած պանդոկին մէջ, ապա ընկ․Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ղեկավարութեամբ ունեցանք հետաքրքրական զրոյց մը «Ո՞վ է հայը» թեմայով։ Մասնակիցները ունեցան կարծիքներու փախանակում եւ փորձեցին եզրակացնել, թէ ո՛վ է հայը։
Երեկոյեան ժամերուն Երեւանի գիշերները վայելեցինք։